ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 43 Second

Այնպէս ինչպէս Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը կը բացուի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, նոյնպէս ալ կը փակուի Թարգմանչաց վարդապետներէն՝ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի տօնին։ Առ այդ, վերջինիս զուգադիպող Կիրակիին՝ 23 Յունիս 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին։ Ս. Պատարագի մատուցումէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը։

Իր յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ, պատարագիչ հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածնի տփոյ գտման տօնին առիթով Աւետարանը կը յիշեցնէ մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի պատմած առակներէն որոմի առակը, որ ո՛չ միայն Տիրոջ՝ Իր բոլոր զաւակներուն հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ համբերութեան մասին կը խօսի, այլ նաեւ հրաւէր մըն է բոլորիս՝ ջանալու նմանիլ Անոր օրինակին՝ ընդգծելով, որ ի տարբերութիւն արտի որոմին, որ բնաւ սերմ չի կրնար դառնալ, Աստուած համբերութեամբ առիթ կու տայ իր «որոմ» զաւակներուն, որպէսզի հասկ դառնան։ Հայր սուրբը նշեց, որ Դպրեվանքը եւս, հետեւելով աւետարանական օրինակին, արտը կը մշակէ ու սերմը կը ցանէ՝ պատրաստելու համար ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայասէր ղեկավարներ, որոնց պէտք ունինք այսօր աւելի քան երբեք։ Քարոզի աւարտին, ան կոչ ուղղեց ընտանիքներուն՝ իրենց զաւակները վստահելու Դպրեվանքին։

Պատարագի աւարտին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ՝ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով Դպրեվանքի 2023-2024 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի սարկաւագներէն Բարշ. Երուանդ Սրկ. Եղիայեան, որ յարգանք ու երախտագիտութիւն յայտնեց Դպրեվանք-կրթօճախին տարած առաքելութեան։ Ընդգծելով անոր յատկութիւնները՝ Երուանդ սարկաւագ շնորհակալական խօսք արտասանեց անցեալի եւ ներկայի տեսուչներուն, տեսչական անդամներուն, ուսուցիչներուն, տիկնանց խորհուրդին եւ ծնողներուն՝ վեր առնելով իւրաքանչիւրին ներդրումը Դպրեվանքի գործունէութեան։ Իր խօսքի աւարտին, որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որուն հայրական անսպառ հոգատարութիւնը, յորդորներն ու մշտական ներկայութիւնը դպրեվանեցիին կեանքին մէջ առաւել եւս կ՚իմաստաւորեն Դպրեվանքին առաքելութիւնը։

Դպրեվանքի սաներէն Գարլօ Մարտիրոսեան երգեց «Ծիրանի ծառ»-ը, Յովիկ Խաչերեան ասմունքեց Պետրոս Արք. Դուրեանի «Կը սիրե՞ս զիս» քերթուածը, իսկ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը հրամցուց «Մի գեղեցիկ» եւ «Մենք սաներն ենք» երգերը։

Ապա տեսչական իր խօսքը ուղղեց Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ան իր արտասանած տեսչական խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Դպրեվանքը դադար չունեցող առաքելութեան լուսատու կայան մըն է, որ կը պատրաստէ ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրուած սպասաւորներ։ Ան շարունակեց՝ անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան յոյժ կարեւորութեան, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն մէջ. «երբ այսօրուան աշխարհը պատերազմ կը մղէ հոգեւոր, ազգային եւ բարոյական արժէքներուն դէմ, Դպրեվանքը լծուած է իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ գիտակցական տաճար մը կերտելու գործին, որուն ընդմէջէն դպրեվանեցին կը սորվի մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները անբիծ պահել եւ պատասխանատու նուիրումով զանոնք տարածել մեր ազգի հաւաքական կեանքին մէջ»։ Հայր սուրբը աւելցուց, որ հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու կողքին, Դպրեվանքի սաները բացակայ չեն գաղութային եւ տեղական կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրներէ։ Վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալին, եւ խոստացաւ հաւատարիմ մնալ Դպրեվանքի առաքելութեան սրբազան աշխատանքին։

Հանդիսութեան աւարտին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Սրբազնագոյն Հայրապետը։ Ան յայտնեց, որ օրուան պատգամը վկայութիւն մըն է Դպրեվանքին մասին, ուստի պատգամախօսը Դպրեվանքը ի՛նքն է՝ իր գործով եւ առաքելութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ այս առաքելութեան բարձրագոյն նուիրումով իրագործուելուն մղիչ ոյժը հաւատքն ու մարդակերտումի յանձնառութիւնն են եւ շարունակեց՝ կեդրոնանալով մարդակերտումին վրայ։ Նկատի ունենալով, որ Հայրապետը 2024-ը հռչակած է մարդուժի պատրաստութեան տարի, ան ընդգծեց մարդուժի պատրաստութեան յոյժ եւ անմիջական կարեւորութիւնը՝ մարդ բառին բուն իմաստով։ Արարելէ ետք երկրագունդը, Աստուած երկրագունդի ստեղծագործութեան որպէս շարունակող ոյժ ստեղծեց մարդը՝ զայն դարձնելով իր գործակիցն ու Քրիստոսի դեսպանը, որպէսզի Աստուծոյ հաւատարմութեամբ ու համարատուութեամբ շարունակէ ծաղկեցնել կեանքը. «այսօր Մա՛րդ կը փնտռենք՝ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հալէպ, Աթէնքէն մինչեւ Ապու Տապի, Նիւ Եորք, Լոս Անճելոս, Փարիզ, Լոնտոն, Մոնթրէալ, Արժանթին, Թեհրան եւ մինչեւ Երեւան… Մա՛րդ կը փնտռենք… ո՛չ սովորական մարդ, այլ՝ գիտակից, նուիրեալ ու հաւատարիմ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն. Մարդ, որ մեր կեանքին մէջ որոմ չէ, այլ հասկ է, որ կ՚աճի եւ պտուղ կու տայ» ընդգծեց Հայրապետը։ Նորին Ս. Օծութիւնը իր խօսքը շարունակեց՝ խօսելով ազգային բոլոր բնագաւառներուն մէջ գլխագիր մարդու պահանջքին մասին՝ հրաւիրելով բոլորը ըլլալու իրատես, իրականութեան հետ ճիշդ կերպով առերեսուելու եւ պատրաստ համապատասխան մօտեցում ճշդելու։

Խօսքը ուղղելով Դպրեվանքի սաներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ անոնք սովորական կրթական օճախի աշակերտները չեն եւ հրաւիրեց անոնց վերանորոգելու իրենց գիտակցութիւնը, թէ անոնք կը ծառայեն իրենցմէ վեհ ու վսեմ իտէալներու ու արժէքներու։ Վերջապէս, Հայրապետը գնահատեց տեսուչ հայր սուրբը, տեսչական եւ ուսուցչաց կազմերը, Դպրեվանքի բարերարներն ու բարեկամները։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ բոլոր տեսակ դժուարութիւններուն, այս տարեշրջանին եւս կարողացանք յաջողութեամբ բոլորել Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։

Աւարտին, հնչեց Դպրեվանքի քայլերգ «Սիրտ ի սիրտ»ը, որմէ ետք Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Դպրեվանքն ու ներկաները։ Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ բարձանց» Հայրապետական մաղթերգի միաբերան երգեցողութեամբ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles