ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մոնրէալ
Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջաւորութեան, 1918-ի սկիզբը YMCA-ի (Young men՛s christian association) անդամներէն Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Արոլ ամերիկեան իշխանութեան կողմէ կը նշանակուին Հայաստանէն ներս ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութիւններու պատասխանատու ղեկա-վարներ: Ճոն Էլտըր տարիներ առաջ, 1914-ին լսած է Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի բանախօսութիւնը Փենսիլվենիոյ Փիցպըրկ քաղաքին YMCA կազմակերպութեան մէկ հանդիսութեան ընթացքին: Ան խանդավառուած նախագահին արտասանած ճառէն` սկսած է գործուն մասնակցութիւն բերել YMCA-ի կամաւոր աշխատանքներուն
Ճոն Էլտըր (1915) Ճէյմս Արոլ
Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Արոլ երկուքը Հայաստան կը հասնին 1918-ի յունուարին: Իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու համար կ՛որոշեն Երեւանի մէջ հիմնել YMCA-ի կեդրոն մը: 11 փետրուար 1918-ին կը կատարեն Երեւանի YMCA-ի գրասենեակի բացումը: Անոնք կը լծուին կազմակերպչական աշխատանքի, կ՛ուսումնասիրեն հայ ժողովուրդի ընկերային իրավիճակը եւ կը պատրաստեն համապատասխան իրագործելի օժանդակութեան աշխատանքի ծրագիրներ:
Էլտըր եւ Արոլ աշխարհէն կտրուած կ՛ըլլան, որովհետեւ ոչ մէկ հաղորդակցութեան միջոց կը մնայ այդ օրերուն արտաքին աշխարհի հետ:
Մինչ այդ անոնք ականատես կ՛ըլլան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զինուորական, քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւններուն: Ճոն Էլտըր իր յուշերով եւ նկարներով կը նկարագրէ այդ բոլոր իրադարձութիւնները իր անձնական թերթին մէջ:
Անոնք երկուքը կ՛ըլլան միակ ամերիկացի քաղաքացիները, որոնք ականատես կը դառնան Հայաստանի մէջ տիրող մարդկային ահաւոր կացութեան եւ մարդասիրական պէտքերուն մասին:
1918-ի ապրիլին թրքական բանակը կը ներխուժէ Գիւմրի: Թուրքերը կը ռմբակոծեն Գիւմրին, որ ծանրօրէն կը վնասուի: Հերոսական կռիւներէ ետք Գիւմրին կը յանձնուի թուրքերուն 21 մայիս 1918-ին: Հազարաւոր գիւմրեցի հայեր կը կորսնցնեն իրենց բնակարանները եւ կը դառնան գաղթականներ: Գիւմրիի փողոցները կ՛ողողուին անտուն, անօթի եւ սոված գաղթականներով:
Տեղի կ՛ունենայ Սարդարապատի հերոսական կռիւները:
Էլտըր եւ Արոլ կը հետեւին Սարդարապատի զինուորական զարգացումներուն եւ հայկական բանակի յառաջխաղացքին:
26 մայիս 1918-ին Էլտըր կը գրէ. «Մէկը չի կրնար ըսել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ». իսկ մի քանի օր ետք ան կը գրէ. «Երկու օրերու ճակատումէ ետք Սարդարապատի ճակատամարտին, թուրքերը նահանջեցին ամբողջովին, հայերը յաղթական դուրս եկան, եւ մայիս 28-ին Հայաստան հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն»:
Պարտուած թուրք զօրքերը իրենց նահանջի ճամբուն վրայ կ՛իրագործեն անմարդկային եւ հրէշաւոր բարբարոսութիւններ` հանդէպ հայ ժողովուրդին: Հազարաւոր անմեղ հայեր կը սպաննուին, շատերուն քիթը, աչքերը եւ ականջները կը հատուին: Հազարաւոր հայերու տուները հրոյ ճարակ կը դառնան: Հարիւր հազարաւոր հայեր գաղթական կը դառնան, եւ բոլորը կը խուժեն դէպի Երեւան: Թուրքերը գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կը քանդեն հայերու բնակարանները, արմատախիլ կ՛ընեն` տուներուն պատուհանները, դուռերը, բաղնիքները, կահկարասիները, տնային իրերը եւ կը տանին իրենց հետ: Բնակարանները կ՛ըլլան անճանաչելի:
Ուրեմն Սարդարապատի յաղթանակէն ետք, մայիս 28-ին Հայաստան կը հռչակուի ազատ եւ անկախ:
Հայաստանի անկախացումին արդէն երկիրը մխրճուած կ՛ըլլայ զանազան տեսակի տեղական եւ արտաքին հարցերու մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներ Արեւմտեան Հայաստանէն կը հասնին Արեւելեան Հայաստան եւ ապաստան կը գտնեն հայրենիքի զանազան շրջաններուն մէջ: Հայ գաղթականները կը պատսպարուին գաղթակայաններու մէջ եւ կը մատնուին` ընկերային ծանր տագնապի, սովի, անօթութեան, անգործութեան եւ տեսակաւոր հիւանդութիւններու:
Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Արոլ կ՛ապրին` հայութեան տառապանքը, Հայաստանի սովը եւ բծաւոր տիֆն ու քոլերա համաճարակներու քանդիչ վնասները: Անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ իրենց մարդասիրական բոլոր միջոցները ի սպաս կը դնեն Հայաստանի ժողովուրդին:
Անոնց աշխատանքները կը կեդրոնանան Երեւանի, Գիւմրիի, Սեւանի եւ Էջմիածինի մէջ:
Երեւանի մէջ գաղթականներուն համար կը հիմնեն` գործարաններ, արհեստանոցներ, ջուլհականոցներ: Կը հաստատեն սննդեղէն, կերակուր եւ կաթ բաժնելու կեդրոններ:
Կը կազմակերպեն բժշկական խնամքի եւ դեղ բաժնելու յատուկ կեդրոններ:
Կը նորոգեն նախապէս գոյութիւն ունեցող բժշկական հաստատութիւնները:
Կը դարմանեն եւ կը բուժեն հայ գաղթական հիւանդները:
Կը բանան որբանոցներ, ուր կը խնամուին մօտաւորապէս 13.000 մերկ, անօթի եւ ծարաւ որբեր: Տէր կը դառնան լքուած գաղթականներուն եւ տեղացի անօթի ու սովի մատնուած հայերուն:
11 օգոստոս 1918-ին Էլտըր ներկայ կ՛ըլլայ Հայաստանի խորհրդարանի ժողովին եւ հոն թարգմանիչի մը միջոցով իր շնորհաւորական խօսքը կ՛ուղղէ:
Էլտըր իր յուշերուն մէջ գրած է.
– «Սովի եւ անօթութեան տարողութիւնը աննկարագրելի է. մահացած հայու մը բերանին մէջ տեսանք իր կաշիէ սանտալէն մաս մը, ան փորձած էր ուտել իր սանտալը» (5 յունուար 1919):
– «Գացի տեսնելու պետական որբանոցին տնօրէնը` բժիշկ Սահակեանը, ան չափազանց տխուր էր, անտրամադիր, յուզուած եւ ընկճուած: Ան յուսահատ էր, որովհետեւ իր 2000 որբերուն կերակուրի պահեստը գրեթէ վերջացած էր. ունէր միայն մէկ օրուան բաւարար գետնախնձոր եւ երեք օրուան բրինձ: Այդ օր որբերը կերակրած էր միայն հացով: Տոքթ. Սահակեանը պիտի խելագարէր տեսնելով իր որբերուն մահը` սովի եւ անօթութեան պատճառով» (11 փետրուար):
– «Տեսայ գերեզմաններ, որոնք բացուած էին եւ դիակները` դուրս բերուած. դիակները կմախքացած էին, միայն ոսկոր մնացած էր» (24 ապրիլ 2019):
– «Երեւանի մէջ կան 45.000 հայեր` առանց կերակուրի: Էջմիածնի գաղթականներուն եւ որբերուն առողջական վիճակը յուսահատիչ եւ ցաւալի է»:
– «Տեսանք հաւաքական թաղումներ. գերեզմանի մը մէջ կը թաղուին 10-12 մեռեալներ. քահանայ մը օրական կը կատարէ 30 թաղում. փողոցներէն կը հաւաքուին մահացած հարիւրաւոր հայերու դիակները եւ կը փոխադրուին կառապաններու միջոցով եւ կը դիզուին հոս ու հոն, փողոցներու անկիւնները»:
– «Որոշ տեղեր ժողովուրդին թիւը կը նուազի մահերու պատճառով. իսկ Երեւանի մէջ բնակչութեան թիւը կը բազմապատկուի շրջաններէն եկող գաղթականներու պատճառով»:
Այս միջոցին Ճոն Էլտըրի եւ Ճէյմս Արոլի Միացեալ Նահանգներէն օգնութեան կը հասնին`
1.- Վոլթըր Ճորճ Սմիթ` Միացեալ Նահանգների իրաւաբաններու կազմակերպութեան նախագահը:
2.- Հաւըրտ Հէյնս` ամերիկացի հանրածանօթ բարեսիրտ գործարար մը:
3.- Կրէյս Քնափ` յարգուած քրիստոնեայ միսիոնար գործիչ մը:
4.- Ճոն Վէյն` Այովայի Կրենել քոլեճին տնօրէնը, որ կու գայ որպէս նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ: Ան ականատեսը եւ վկայողը կ՛ըլլայ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող սարսափազդու կացութեան:
5.- Էրնեսթ Եարօ, Ճերթրուտ Փիրսըն, Ֆ. Թրետուել Սմիթ եւ Մէյպըլ Ֆարինկթոն:
6.- Ամերիկացի կամաւոր երիտասարդներ:
Հաւըրտ Հէյնս Էլտըրի հետ կը պտտի հայերու տուները, որբանոցները եւ գաղթակայանները: Ան իրազեկ կ՛ըլլայ` Հայաստանի սովին եւ բծաւոր տիֆի եւ քոլերայի համաճարակին, հայ ժողովուրդի թշուառութեան, աղէտալի վիճակին եւ անմիջական պէտքերուն: Հէյնս, որ մասնագէտ էր ուտեստեղէնի պատրաստութեան, շուտով կը ձեռնարկէ յաւելեալ եւ անմիջական օժանդակութիւններու:
Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Արոլ Երեւանի մէջ բարեկամութիւն կը մշակեն կարգ մը հայ ղեկավարներու հետ: Անոնցմէ կ՛ըլլան Արամ Մանուկեանը եւ զօրավար Անդրանիկը: Անոնք կ՛ունենան նաեւ հայ օգնական գործակիցներ Երեւանի մէջ, ինչպէս` Յովհաննէս Պուզնունի, Արսէն Խաչիկեան եւ պրն. Մարտիրոս (մականունը` անյայտ):
1919-ի մայիսին Էլտըր կը ներկայացնէ իր հրաժարականը Միացեալ Նահանգների պատկան մարմիններուն` չափազանց յոգնութեան եւ ուժասպառութեան պատճառով, սակայն կը մերժուի: Կրկին կը ներկայացնէ եւ` քանի մը անգամներ. ի վերջոյ հրաժարականը կ՛ընդունուի:
Էլտըրի մեկնումէն առաջ YMCA-ի կեդրոնին մէջ կեդրոնին պաշտօնէութիւնը հրաժեշտի պաշտօնական հիւրասիրութիւն-ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ: Հոն ներկայ կ՛ըլլան 70-է աւելի հիւրեր` պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ ու զինուորական ներկայացուցիչներ, ամերիկացի եւ անգլիացի պատասխանատու անձնաւորութիւններ, մամուլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Խորէն արք. Մուրադբէկեան` ապագայ կաթողիկոսը: Բարի խօսքերէ եւ ուղերձներէ ետք, իրենց յուշանուէր կը յանձնուի` ափսէներով միասին արծաթեայ գաւաթներ: Գաւաթներուն վրայ փորագրուած կ՛ըլլայ նախագահ Ուիլսընի, ամերիկեան եւ հայկական դրօշակներն ու շնորհակալական գրութիւն մը. իսկ ափսէներուն վրայ գծագրուած կ՛ըլլայ հայկական եկեղեցի` էջմիածնի, Վարագի եւ Աղթամարի եկեղեցիները:
27 յուլիս 1919-ին հարիւրաւոր հայ որբեր կոկիկ եւ մաքուր հագուստներով կը յարգեն Ճոն Էլտըրն ու Ճէյմս Արոլը. որբերը կը դիմաւորեն զանոնք պարտէզի մը մէջ եւ կ՛երգեն ցայգերք մը:
1919-ի օգոստոսին անոնք կը լքեն Հայաստանը:
Էլտըրի հրաժարականէն ետք Միացեալ Նահանգների պետութիւնը անոր տեղ կը նշանակէ պրն. Սփոյերը. Որպէս եզրակացութիւն` կարելի է ընել հետեւեալ մատնանշումները:
Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Արոլ մէկ տարուան ընթացքին կատարած են գերմարդկային աշխատանք եւ մարդասիրական իրականացումներ Հայաստանի մէջ:
Անոնք Հայաստան եկած են խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ` օգնութեան ձեռք երկարելու հայ ժողովուրդին եւ մարդասիրական աշխատանք իրագործելու այնպիսի մէկ ժամանակ, երբ Հայաստանի ժողովուրդը շտապ եւ լայնատարած օժանդակութեան պէտքը ունէր: Անոնք փրկած են 15.000 հայ որբերու կեանքը: Անոնք ծառայած են հաւատքով եւ ականատեսի վկայութեամբ: Անոնք հասկցած էին թուրքին անմարդկայնութիւնը` տեսնելէ ետք թուրքին կատարած ոճիրները, զանգուածային սպանութիւնները, հազարաւոր հայերու բնակարաններուն քանդումը եւ ինչքերուն կողոպուտը:
Հայաստանի իշխանութիւնը մեծ վստահութիւն ունեցած է Էլտըրի եւ Արոլի հանդէպ` տեսնելով անոնց անշահախնդիր աշխատանքը, ճշգրտութիւնը, ծառայելու բարձր ոգին եւ իրաւ մարդկայնութիւնը:
Անոնց ծառայութիւնները Հայաստանի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ կը մնան առ յաւէտ:
Էլտըրի եւ Արոլի տարած մարդասիրական գերմարդկային ծառայութեան ընթացքին եւ անոնց մեկնումէն ետք սովը եւ քոլերայի ու բծաւոր տիֆի համաճարակները կը շարունակեն մահացու հարուածներ հասցնել անկախացած Հայաստանի բնիկ ժողովուրդին եւ Հայաստան ապաստան գտած Արեւմտահայաստանի 350.000-է աւելի գաղթական ժողովուրդին:
Հայաստան կ՛անցընէ անօթութեան ճգնաժամային օրեր: Ամէն կողմ ժողովուրդը կը բացագանչէ` «հա՛ց, հա՛ց, անօթի՛ ենք, հա՛ց հասցուցէք, սովէն կը մահանանք»: Գաղթականներուն 150-180 հազարը կը մահանայ: Սարդարապատի ժողովուրդին 65 տոկոսը, էջմիածնի 8 գիւղերու ժողովուրդին 40 տոկոսը եւ Աշտարակի ժողովուրդին 25 տոկոսը կը մահանան: Տեղացի եւ գաղթական ժողովուրդը կիսամերկ, բոպիկ, անպաշտպան գիւղերէն կը հեռանան եւ կը սուրան դէպի Երեւան` ուտելիք գտնելու մարմաջով:
Այս սրտաճմլիկ կացութեան դիմաց Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարանի վաւերացումով կը դիմէ Միացեալ Նահանգներու անմիջական պարենաւորման օժանդակութեան: Պատասխանը կ՛ըլլայ դրական: Միացեալ Նահանգների պարենաւորման ընդհանուր տնօրէն Հերպըրթ Հուվըր կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին իսկական փրկիչը:
20 մայիս 1919-ին Պաթում կը հասնի ամերիկեան առաջին օժանդակութիւնը` 125.000 փութ (2500 թոն) ալիւր (1 փութը հաւասար է 16,4 քիլոկրամի), շաբաթ մը ետք կը հասնի երկրորդ նաւը` 600.000 փութ (9840 թոն): Այս մթերքը Պաթումէն կը փոխադրուի Երեւան շոգեկառքերու վակոններով: Ամերիկեան ալիւրի ժամանումով Հայաստանի սովը կամաց կամաց կը մեղմանայ:
Այս անմիջական շտապ պարենաւորման օժանդակութենէն ետք Միացեալ Նահանգների պետութիւնը կը նախաձեռնէ Հայաստանի ամբողջական օժանդակութեան ծրագիր մը: Ամերիկեան օժանդակութիւնը կը կազմակերպուի ղեկավարութեամբ Հերպըրթ Հուվըրի: Հայաստան կը հասնին զինուորական հետախուզական երկու արշաւախումբեր: Առաջին խումբը կը հասնի 1919-ի օգոստոսին` ղեկավարութեամբ գնդապետ Ուիլիըմ Հասքըլի:
Հասքըլի արշաւախումբը կազմուած կ՛ըլլայ ամերիկացի զինուորականներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ: Հազարապետ Ուիլիըմ Տաւընփորթ կ՛ըլլայ բժշկական խմբակին պատասխանատու ղեկավարը:
Երկրորդ արշաւախումբը Հայաստան կը հասնի 1919-ի սեպտեմբերին` ղեկավարութեամբ զօրավար Ճէյմս Կ. Հարպորտի: Այս արշաւախումբը Հայաստան կու գայ սերտելու եւ արժեւորելու Հայաստանի ընդհանուր կացութիւնը:
Հասքըլի եւ Հարպորտի խումբերը կը ճամբորդեն ամերիկեան զինուորական խումբեր փոխադրող «Մարթա Ուաշինկթըն» ռազմանաւով:
Այդ օրերուն այս ռազմանաւուն վրայ կը գործէ ծովային ենթասպայ Յարութիւն Յովհաննէս Խաչատուրեանը: Իր ծառայութիւններուն համար ան գնահատանքի կ՛արժանանայ զօրավար Հարպորտի կողմէ:
Հասքըլ եւ Հարպորտ Հայաստան հասնելէ ետք տեղական պատասխանատուներուն հետ կ՛ունենան աշխատանքային հանդիպումներ: Անոնք կը կատարեն հետախուզական աշխատանք եւ կ՛ուսումնասիրեն ժողովուրդին առողջապահական, ընկերային եւ սննդական պէտքերը:
6 հոկտեմբեր 1919-ին Հարպորտ տեղեկագիր մը կը ներկայացնէ Ամերիկայի նախագահ Վուտրոօ Ուիլսընին: Ան տեղեկագրին մէջ մանրամասնօրէն եւ հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակին եւ ժողովուրդին ընկերային, առողջապահական եւ սննդական պէտքերուն: Ան կը ներկայացնէ մարդասիրական
օժանդակութեան տարողութիւնը, այժմէականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Ան իր տեղեկագրին մէջ գրած է.
– Ժողովուրդին 80 տոկոսը վարակուած է մալարիայով, 10 տոկոսը` վեներական հիւանդութիւններով:
– Սովը համատարած երեւոյթ է: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը սովի հետեւանքով ունեցած է զանազան հիւանդութիւններ:
– Ժողովուրդը կ՛ապրի աղտոտութեան եւ ոչ առողջապահական պայմաններու մէջ:
– Մորթային եւ աչքի հիւանդութիւնները ընդհանրացած են, մանաւանդ` երեխաներու մօտ:
– Ֆիզիքապէս ոչ գոհացուցիչ հիւանդանոցները խճողուած են հիւանդներով:
– Բոլոր երեխաները կը գտնուին յոռի սննդառական պայմաններու մէջ, բոլորը հակամէտ են համաճարակներու:
– Մալարիան, բծաւոր տիֆը, կրկնովի տենդը, փորհարութիւնը, թանչը եւ թոքախտը ընթացիկ հիւանդութիւններ են:
– Երեխաներուն մեծամասնութիւնը 3-8 քկ նիհարցած են: Անոնք ունեցած են եւ ունին արեան տկարութիւն, թոքախտ, աւշագեղձերու ծաւալում-բորբոքում, ոսկրային հիւանդութիւններ:
– Ժողովուրդին 60 տոկոսը եղած է հողագործ, մանր վաճառական եւ պետական պաշտօնեայ (800.000), որոնք որոշապէս վնասուած են սովէն եւ համաճարակներէն:
Զօրավար Հարպորտի խումբին մաս կազմած է ենթասպայ Հայկ Շեքերճեանը: Ան առաջին ամերիկացի հայն է, որ շրջանաւարտ եղած է Ուեսթ Փոյնթի զինուորական դպրոցէն:
Ան 1911-ին ծառայած է որպէս երկրորդ ենթասպայ` հետեւակներու խումբին մէջ: Ան նաեւ ծառայած է զօրավար Փըրշինկի` Մեքսիքայի արշաւախումբին մէջ, 1916-1917: Հանգստեան կոչուած է 1946-ին, աստիճանի բարձրացումով:
Ամերիկեան այս խիզախ մարդասիրական ծառայութիւնը կը կատարուի ամերիկեան բանակի անձնակազմին կողմէ` իրենց հետ ունենալով 75 ամերիկացի քաղաքացիներէ կազմուած խմբակ մը` տղամարդ եւ իգական սեռէն ծառայողներ, հիւանդապահուհիներ, որբեր խնամողներ եւ մեքենավարներ: Այս ամերիկեան օժանդակութեան մարմինը կը գործէ Միջին Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցին հետ գործակցաբար:
Գնդապետ Հասքըլ Նպաստամատոյցի պատասխանատուներէն կը խնդրէ անօթի, սոված եւ համաճարակներէ վարակուած հազար-հազարաւոր հայերուն համար սննդեղէն, կերակուր եւ բժշկական խնամքի պիտոյքներ:
Իւրաքանչիւր ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական կը գործէ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ:
Տիկին Հասքըլ իր ամուսնոյն կողքին կը գործէ անդադար եւ ծառայութիւն կը մատուցէ Երեւանի Ամերիկեան կարմիր խաչի որբանոցին մէջ: Երեւանցիները զինք կը կոչեն` «Ամերիկայի թագուհին»:
Հասքըլի եւ Հարպորտի խմբակները գործակցաբար Նպաստամատոյցին Հայաստանի մէջ կը կատարեն հետեւեալ գերմարդկային ծառայութիւնները մէկ տարուան ընթացքին`
– Նպաստամատոյցը կերակուր կը հայթայթէ 561.870 հայերու, մեծերուն` հաց եւ ալիւր, իսկ երեխաներուն` կաթ եւ սննդեղէն: Այս աշխատանքը կը կատարուի որբանոցներու, մանկական հիւանդանոցներու եւ կաթ բաժնելու կեդրոններուն մէջ:
– Ալեքսանդրապոլի Գոսաչի համալիրին մէջ գտնուող 5.000 որբերը, Գիւմրիի ռուսական հին զօրանոցներուն մէջ գտնուող 25.000 որբերը ամէն օր կը կերակրուին համադամ եւ սննդարար կերակուրներով: Անոնց համար կը ստեղծուի լոգնալու ամէն կարելիութիւն: Կը դարմանուի անոնց ոջլոտութիւնը:
– Հայաստանի 450.000 գաղթականները ամէն օր կը ստանան սննդարար կերակուր եւ բժշկական խնամք:
– Գաղթականները նոր հաստատուած արհեստանոցներու մէջ կը սորվին զանազան արհեստներ: Անոնք ամէն օր կը կերակրուին սննդարար կերակուրներով, եւ անոնց կը տրամադրուի հագուստ:
– 40 հիւանդանոցներ եւ 17 որբանոցներ կը բացուին եւ կամ կը նորոգուին:
– Հիւանդանոցային ծառայութիւնները կը կատարուին Միացեալ Նահանգների օժանդակութեան բժշկական անձնակազմին եւ տեղական հայկական ուժերու միջոցով:
– Բժշկական ծառայութիւնները կը մատուցուին բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական չափանիշներով:
– Գոյութիւն ունեցող ոչ գոհացուցիչ ֆիզիքական կառոյցներով հիւանդանոցները կը նորոգուին եւ հոն կը բուժուին ու կը դարմանուին հազարաւոր հայորդիներ:
– Օրական 75.000 երեխաներու կերակուր եւ բժշկական խնամք կը տրուի:
– Ամէն ամիս 4000 հայերու հիւանդանոցային խնամք կը տրուի. զգալիօրէն կը բարելաւուին Հայաստանի առողջապահական հոգատարութեան միջոցները:
– Ամերիկացի բժիշկները կը պատուաստեն ժողովուրդը թիֆոյիտի եւ ծաղկախտի դէմ եւ այս պատուաստումով կը նուազի մահացողներու թիւը: Անոնք կը բարելաւեն ժողովուրդին ընդհանուր առողջապահական վիճակը:
– Հողագործները կը ստանան ամէն տեսակի օժանդակութիւն, եւ հողագործութիւնը կը բարելաւուի:
Տաւընփորթ յաճախ կ՛այցելէ հիւանդանոցները եւ իր թելադրանքներով օգտակար կը հանդիսանայ հիւանդանոցներու մէջ գործող հայ բժիշկներուն:
Զօրավար Հարպորտ կ՛այցելէ Էջմիածնի Մայր Աթոռ` ընկերակցութեամբ ենթասպայ Յարութիւն Խաչատուրեանի եւ զօրավար Ժորժ Մոսլելիի: էջմիածնի մուտքին հայ որբերը կը դիմաւորեն զայն:
1920-ի ամրան համայնավարներու յարձակումը Հայաստանի վրայ կը նախատեսուի: Անոնք կը ներխուժեն Հայաստան: Շուտով ռուսական ուժերը կ՛անցնին իշխանութեան գլուխ: Վերջ կը տրուի ազատ եւ անկախ Հայաստանին: Նոր վարչակարգին հաստատումով Հասքըլի եւ Հարպորտի առաքելութիւնը կը կանգնի, եւ անոնք կը հեռանան Հայաստանէն:
1920-ի օգոստոսէն սկսեալ կը դադրի Միացեալ Նահանգների ալիւրի առաքումը, որուն պատճառով Հայաստանի մէջ հացի ապահովման հերթեր կը ստեղծուին, եւ այդ օրերուն Հայաստան երեք ճակատներու վրայ պատերազմի մէջ կը գտնուէր:
Կարելի է հաստատել, որ Հայաստանի երկու տարուան անկախութեան ժամանակամիջոցին Միացեալ Նահանգների կողմէ Հայաստանի սովահար ժողովուրդին օգնութիւնը եղած է անգնահատելի, երբ նորանկախ հանրապետութիւնը կ՛ապրէր դժոխային պայմաններու մէջ: Միայն 1919 տարուան ընթացքին Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն ստացած է պարենաւորման-ուտեստեղէնի հետեւեալ օժանդակութիւնները.
1.- 295.243 փութ (2.132.000 թոն) ալիւր,
2.- 256.758 փութ ցորեն, 125.000 փութ թոբի, 68.563 փութ բրինձ, 20.000 փութ կորեկ,
3.- 8.010 փութ եգիպտացորեն, 10.738 փութ վարսակ, 5.950.000 տուփ խտացուած կաթ,
4.- 512.000 փութ քաքաօ, 44.000 փութ շաքար, 5.000 փութ ճարպ, 1.500 փութ թէյ:
Հոս տեղին է յիշել հետեւեալ իրադարձութիւնները:
Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ 8 օգոստոս 2018-ին տեղի ունեցած է բացառիկ ցուցահանդէս մը` նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Արեւելեան Հայաստան գաղթած եւ այնտեղ հաստատուած, հայոց որբերուն օգնութեան հասած YMCA-ի կամաւորներ Ճոն Էլտըրի եւ Ճէյմս Էրոլի մասին:
Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64-ը Ճոն Էլտըրի լուսանկարներու հաւաքածոյէն եղած են, 8-ը ժամանակակից արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր, իսկ 4-ը` քարտէսներ: Հոն տեղ գտած են Էլտըրի օրագրին 32 մէջբերումները, որոնք վաւերագրական վկայութիւններ եղած են` ներկայացուած լուսանկարներուն պարունակութեան: Ցուցադրութեան մէջ ներառուած է նաեւ լուսանկարներու ամբողջ շարք մը, որ ներկայացուցած է Էլտըրի` Հայաստան ապրած տարիներուն պատմութիւնը: Այդ մէջբերումներէն մէկը եղած է հետեւեալը, «Մէկ տարի Երեւանի մէջ, այն ալ` ինչպիսի՜ տարի: Եթէ մէկ տարի առաջ ինծի ոեւէ մէկը ըսած ըլլար, թէ բացի YMCA-ն գլխաւորելէ` պիտի ղեկավարեմ նաեւ 7.500 աշխատակից ունեցող գործարաններ, 350 որբանոցներ ու 120 մահճակալ ունեցող հիւանդանոց, կը մտածէի, որ ան խենթ է»:
Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Ամերիկայի հայկական համագումարի, Ուաշինկթընի Հայկական ազգային հիմնարկի (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան կազմակերպութեամբ :
2018-2021 վերոյիշեալ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ:
***
Աղբիւրներ`
1.- Massis post, ANI releases new exhibit revealing critical humanitarian assistance of the US military to Armenia in 1919-20, April 5 2019:
2.- Carmen Ramos, Chandler, CSUN Exhibit Relief YMCA, Americans played in Armenian relief efforts following world war I, CSUN, October 17, 2019:
3.- ANI, Digital exhibits on topics relating to the Armenian genocide:.
4.- Armenian Assembly.org, The critical role of the YMCA and American relief in Armenia, April 8, 2018:
5.- Massis Post, Yerevan, ANI Releases New Exhibit Revealing Critical Humanitarian Assistance of the U.S. Military to Armenia in 1919-1920, 5 April, 2019:
6.- Armen Press, Yerevan, Exhibition titled «US aid in 1918-1920 First Republic of Armenia», August 8, 2018:
7.- Duzdabanyan, Ani, One Century Later YMCA Volunteers Are Honored for Saving Lives in Armenia during World War I, The Armenian Mirror Expectatot, June 26, 2021:.
8.- Վրացեան, Սիմոն, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», երկրորդ հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1958:
9.- Հայերն այսօր, Երեւան, Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն օգնութեան հասած ամերիկացի երկու կամաւորի նուիրուած ցուցահանդէս` Հայաստանի մէջ, 7 օգոստոս 2018:
10.- Ամերիկեան օգնութիւնը` 1918-1920 թթ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնում, ցուցահանդէս`. Ամ, Ավանդ.ամ, օգոստոս 2018:
11.- ՆԱՄ Մամուլ, Armenian National Institute exhibit featuring YMCA achievements to save victims of the Armenian Genocide shared across Southern California, December 7, 2019: