Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի Վերաորակաւորման Ծրագրի Աւարտ

0 0
Read Time:57 Second

Շաբաթ, Մայիս 18-ին, վերջ գտաւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման միամեայ ծրագիրը, ամբողջացնելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայկական բաժանմունքի եռամեայ դասընթացքը։ Աւելի քան 25 ուսուցիչներ մասնակցեցան սոյն դասընթացքին եւ զայն նկատեցին շատ ուսումնասիրուած եւ օգտաշատ։ Անոր նպատակն էր ուսուցիչներու հայագիտական գիտելիքներու պաշարը ճոխացնել՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու եւ հայ ոգի փոխանցելու ընդունակութիւնը բարելաւելով։

Դասընթացքի աւարտին տեղի ունեցաւ առցանց պաշտօնական հանդիպում մը, որուն միացան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝  Հուրի Պոյամեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ուսումնական Խորհուրդի այս շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնը, մասնաւորաբար իր քաջալերանքն ու գնահատական խօսքը ուղղելով բոլոր մասնակից ուսուցչուհիներուն, որոնք սիրայօժար իրենց Շաբաթ օրերը տրամադրած էին այս դասընթացքին մասնակցելու։ Սրբազան Հայրը շատ կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներ եւ յայտնեց, թէ Ուսումնական Խորհուրդը միշտ պիտի շարունակէ նման դասընթացքներ կազմակերպել։

Դասընթացքը բաղկացած էր 18 դասապահերէ եւ իբրեւ դասախօս ունէր իւրաքանչիւր թեմային յատուկ մասնագէտներ. Դոկտ. հայոց լեզու եւ գրականութիւն (դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան), հայոց պատմութիւն (դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան եւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան), Հայ Եկեղեցի եւ կրօնք (Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան), հայ մշակոյթ (դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան) եւ արհեստագիտութիւն (Նայիրի Մկրտիչեան)։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles