Մայիս 28, Պատմարժէք եւ Նշանակալից Տօն

0 0
Read Time:4 Minute, 1 Second

 Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Մայիս 28-ը հայոց արդի պատմութեան ամենէն նշանակալից եւ պատմարժէք տօներէն մէկն է: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան թուականն է, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան, ինքնորոշումի եւ սեփական ճակատագրի տնօրինումին տօնն է:

Իր պետականութիւնը կորսնցնելէ շուրջ վեց դարեր ետք, 1918-ի Մայիս 28-ին ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը անցաւ պետութիւն ունեցող ազգերու շարքին: Ասիկա հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն նուաճումներէն մէկն էր, որովհետեւ 20րդ դարու մեր Առաջին Հանրապետութիւնը հիմնաքարը դարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ պետականութեան:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը իրականացումն էր երազի մը՝ երազելու իրաւունքէն զրկուած ժողովուրդի մը համար, որ մահուան մութ ձորի մէջէն կ’անցնէր: Արդարեւ, Արեւմտահայութիւնը իր բնաշխարհէն արմատախիլ ընելէ եւ Ցեղասպանութեան քրէական ոճիրը գործելէն ետք, 1918-ին Թուրք պետութիւնը կը նկրտէր Արեւելահայութիւնն ալ բնաջնջել եւ քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստանն ու հայ անունը:

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութեան կը ստորագրուէր Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան դաշնագիրը Թուրքիոյ եւ Դաշնակից պետութիւններու միջեւ, որով Ռուսաստան, պարտաւորուած էր իր գրաւած Արեւելեան Անատօլուի Նահանգները պարպել, ինչպէս նաեւ Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները եւ յանձնել զանոնք պատերազմի մէջ պարտեալ Թուրքիոյ:

Ռուսիոյ մէջ սկսած էր Բոլշեւիկեան Յեղափոխութիւնը եւ ռուս համայնավարներ թուրքերուն հետ կը ծրագրէին հաշտութիւն կնքել: Օգտուելով իրերու այս կացութենէն, թուրքեր շարժման մէջ դրին իրենց վերակազմեալ բանակը՝ հայութեան մնացորդացը ջարդելու եւ Հայաստանը գրաւելով իրագործելու համաթուրանական իրենց երազը:

Մինչ Ռուսիա զբաղած էր իր ներքին քաղաքացիական կռիւներով, Կովկասեան ազգերը—հայեր, վրացիներ եւ թաթարներ (ազերիներ)—Փետրուար 1918-ին կազմեցին Կովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութիւնը (Սէյմը), որ դժբախտաբար քանի մը ամսուան մէջ պառակտուեցաւ եւ կազմալուծուեցաւ, որովհետեւ զայն կազմող երեք ազգերը իրենց շահերով եւ զգացումներով իրարու ներհակ, սկսած էին ծածուկ դաւեր նիւթել իրարու դէմ: Թաթարները կրօնքով մահմետական ըլլալով, կը ջանային դիւրացնել թուրք բանակներու ներխուժումը դէպի Ատրպէյճան՝ իրականացնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Վրացիները թէեւ կրօնակից հայերու, կը տենչային հողային գրաւումներ կատարել ի վնաս հայերուն: Անոնք կ’աշխատէին ապահովել Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիայի հովանաւորութիւնն ու ճանաչումը իրենց հիմնելիք նոր պետութեան: Ի տես այս կացութեան թրքական բանակը կը յառաջանար եւ կը գրաւէր Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը (Կիւմրին): Մինչ այդ, վրացիք անկախութիւն կը հռչակէին Մայիս 26, 1918-ին: Օր մը ետք, Մայիս 27-ին, Ատրպէյճան եւս կը յայտարարեր իր անկախութիւնը: Հայերը ստիպուած էին առանձին կռուելու թուրքերուն դէմ:

Թուրքերը ուրախ էին յայտարարուող այս ազգային անկախութիւններով, որովհետեւ, այս ձեւով Կովկաս իր կապերը կը խզէր ռուսերու հետ եւ Թուրքիա կրնար իր ուզածը ընել: Թուրք կառավարութիւնը կրնար նոյնիսկ կործանել Արեւմտահայաստանը:

 

Թուրքերը գինովցած իրենց ռազմական յաջողութիւններէն՝ յառաջացան դէպի Երեւան: Անոնց թնդանօթները միայն եօթը քիլոմեթր հեռու էին մայրաքաղաքէն: Մեր թշնամին կոտորելէ ետք Արեւմտահայութիւնը, իր գազանային բնազդի շղթայազերծումով՝ որոշած էր կոտորակել նաեւ Արեւելահայութիւնը: Օրհասական այս ճգնաժամի մէջ հայութիւնը բոլորովին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուած էր «լինել-չլինելու», կենաց եւ մահու գոյամարտը: Ան կը կռուէր թուրքերու դէմ Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէյի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ:

Հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, մեծով ու պզտիկով, արհեստաւորով ու արհեստավարժով, բանուորով ու եկեղեցականով թիկունք կեցաւ հայոց տասը հազարնոց բանակին՝ դուրս շպրտելով իր դարաւոր թշնամին եւ իր պապերու հողերուն մէկ մասին վրայ հիմնեց հայկական պետութիւն մը: Մեր հերոսական ժողովուրդը իր մոխիրներէն յառնած ու իր մոխիրներուն վրայ աշխատեցաւ կերտել իր հայրենիքը: Ասիկա ոչ միայն հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը վկայող, այլ նաեւ հայութիւնը իր մեծ տեսլականով ներշնչող մղոնաքար մը հանդիսացաւ:

Արդարեւ, Մայիս 28, 1918-ին Թիֆլիսի մէջ հայոց Ազգային Խորհուրդը, որ աչալուրջ կը հետեւէր դէպքերուն, հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը հանրապետական վարչաձեւով: Այսպէսով, պարտուած թշնամին կը ճանչնար Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը, նոյնպէս դրացի եւ հեռաւոր ազգեր կը ճանչնային հայոց նոր պետութիւնը: Այնուհետեւ,, Հայաստան կը դառնար ազգերու ընտանիքին մէկ անդամը:

Չափազանց դժուար երկունքով ծնած նորածին Հայաստանը նոյնչափ դաժան մանկութիւն մը ունեցաւ՝ դիմագրաւելով ներքին եւ արտաքին թշնամիներ, սով, հիւանդութիւն, տնտեսական եւ ռազմական մարտահրաւէրներ: Բայց, ի հեճուկս այդ ամէնուն, հիւանդ ծնած երեխայի վիճակ ունեցող այս նորածին պետութիւնը շուրջ երկու տարուան մէջ երկիրը բարեշրջման ճամբու մէջ դրաւ: Մայիս 28, 1918-ի ազատ եւ անկախ Հայաստանը 12,000 քառակուսի քիլոմէթր տարածութիւն ունէր: Տարի մը ետք, Մայիս 28, 1919-ը թուականին ան ունեցաւ 70,000 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն: Իսկ համաձայն 10, Օգոստոս 1920-ին ստորագրած Սեւրի Դաշնագրին, Հայաստանը պիտի դառնար շուրջ 160,000 քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր մը:

Աւելին, այդ դառն ու դժնդակ օրերուն, հայ ժողովուրդը եւ իր ղեկավարութիւնը կեանքի կոչեցին կրթական հաստատութիւններ մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան. հիմնեցին մասնագիտական դպրոցներ մանկավարժական, արուեստագիտական, երաժշտական եւ զինուորական ճիւղերու մէջ. ստեղծեցին շուրջ 12,000-նոց հայկական բանակ մը ղեկավարութեամբ փորձառու եւ համալսարանաւարտ զինուորականներով:

Այո, այս նորափթիթ պետութիւնը որոշ չափով իրականացուց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը, որն էր ունենալ իր կորսնցուցած հայրենիքը, համախմբուիլ այնտեղ եւ սկսիլ ստեղծագործ աշխատանքի՝ իր բաժինը  բերելով մարդկային քաղաքակրթութեան եւ յառաջդիմութեան:

Ամէն տարի, Մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձը, իր ազատ եւ անկախ ըլլալու տեսլականը, որ կ’ուգայ մեր անցեալէն եւ որ արմատացած է հայ հոգիներուն մէջ: Ան վկայութիւնն է հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին:

Մայիս 28-ը նաեւ խորհրդանիշն է մեր բռնագրաւուած պատմական հողերու վերատիրացումին: Ան ներշնչարանն է հայրենի հողի կանչին: Ան իմաստութեան կանչն է, որ ազատ ու անկախ հայրենիք կը կերտուի միայն ու միայն ժողովուրդի վճռական որոշումով, անսահման զոհողութիւններով եւ քաղաքական հասունութեամբ:

Այո’, Մայիս 28-ը խորհրդանիշն է հայուն ազատատենչ հոգիին եւ ներշնչման աղբիւրը գալիք սերունդներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles