Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողան քանի մը օր առաջ գլորեց քար մը, զոր հազար խելօք պիտի չկարենան վերցնել: Կարս այցելութեան առիթով, ան սուր քննադատութեան ենթարկած էր կիսաւարտ յուշարձան մը, որ իբրեւ թէ պիտի խորհրդանշէր հայ-թրքական բարեկամութիւնը: Էրտողան վարկաբեկիչ արտայայտութիւն մը ունեցած էր յուշարձանին մասին, պահանջած էր քանդել զայն, ու իր այս արտայայտութիւններով՝ փոթորիկ ստեղծելով մէկէ աւելի շրջանակներու մէջ, այնքան մը, որ անոր մշակոյթի »խելօք, նախարարը՝ Էրթուղրուլ Կիւնայ, փորձեց դարմանել վիրաւորանքը եւ հազար աղբիւրէ ջուր բերաւ, հաւաստելու, թէ »վարչապետը այս ըսել չէր ուզած, այլ այն ըսել կ’ուզէր…, (Ի~նչ ընենք, մարդուկին բերնէն բան մը փախեր է…)
Ձգենք, որ թուրք պաշտօնատարներ փորձեն խելօքի դեր խաղալ, մենք պահ մը կանգ առնենք Էրտողանի ու նմաններու հոգեբանութեա°ն վրայ:
Աշխարհին քաղաքակիրթի ու արդիականութեան պատմուճանով ներկայացող Էրտողանները ըստ էութեան կը մնան »թիւրք օղլու թուրք», բառին ամէնէն ստորնացնող իմաստով: Թուրքը չի կրնար հանդուրժել արուեստ կամ մշակութային իրագործում, այլ հակամէտ է քանդելու, փճացնելու ինչ որ կ’արձանագրուի մշակոյթ խորագիրին ներքեւ: Արաբական աշխարհը թրքական տիրապետութեան ժամանակները կ’որակէ »Անկումի Դարաշրջան»: Եւրոպացի բանաստեղծի մը հռչակաւոր խօսքը՝ »Այս տեղէն թուրքը անցած է…,, կը մնայ անժամանցելի ու բարացուցական: Մենք՝ հայերս, մեր մորթին վրայ կրած ենք թուրքին »մշակութասիրութեան, բազմաթիւ կիրարկումները, մեր մտաւորականներուն ու ստեղծագործ ժողովուրդին նահատակութեամբ, մինչեւ օրս շարունակուող մշակութային կոթողներու, ժառանգութեանց փճացումով: Դեռ երէկ էր որ տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի խաչքարերուն քանդումն ու փճացումը՝ Էրտողաններու հօրեղբօրորդիներուն՝ ազերիներուն ձեռքով: Ու պատահական չէ, որ Կարսի շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած ազերիներ եղած են Էրտողանի ներշնչման աղբիւրը (եթէ անշուշտ »թուրք օղլու թիւրք»երը արտաքին ներշնչումի կարիք ունին ու քանդելու ու փճացնելու մոլուցքը ի ծնէ չէ):
Այս բոլորէն ետք, կայ նաեւ անխուսափելի հարցում մը. հայ-թուրք ինչպիսի՞ բարեկամութեան մը մասին է խօսքը…
Ականջ եւ աչք ունենալը չի բաւեր, զանոնք պէտք է կապել ուղեղին ու ըստ այնմ ճամբայ ելլել:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ