Ափրիկէի ամէնէն տարածուն երկիրը՝ Սուտան, որ վերջին տասնամեակներուն յաճախ գրաւած է աշխարհի կարեւոր իրադարձութեանց ցանկին գագաթը, կը գտնուի բաժանումի սեմին: 1956ին անկախութեան տիրացած հանրապետութիւնը, իր նորագոյն կեանքին աւելի քան 50 տարիներուն մեծ մասը մսխած է ներքին պատերազմներու կամ ցեղասպանական արարքներու հասնող զարգացումներու »քազինօ,ին մէջ, հիմա, կը փորձէ խաղաղութեան ափ հասնիլ՝ ինքզինք երկուքի բաժնելով: Յունուարի երկրորդ շաբաթասկիզբին, երկրին հարաւային շրջանին մէջ բացուեցաւ հանրաքուէ մը, որուն տեւողութիւնը մէկ շաբաթ է (երբ այս տողերը ընթերցողին հասնի, հանրաքուէին արդիւնքը արդէն յստակ պիտի ըլլայ):
Հանրաքուէին բացումէն առաջ իսկ, յստակ էր, որ հարաւցիք մեծամասնութեամբ պիտի որոշեն անջատուիլ Սուտանէն, դառնալ անկախ երկիր, Ճուպան ունենալով մայրաքաղաք: Գործնական բաժանումը տեղի պիտի ունենայ 6 ամիս ետք, որովհետեւ բնականաբար դասաւորուելիք ահագին գործ կայ հանրաքուէի վճիրէն ետք:
Բաժանման հանգրուանը պիտի նշէ միայն նորագոյն զարգացումները տագնապներով ծանրաբեռնուած պատմութեան մը, սակայն առանց ստոյգ երաշխիքներու, որ անիկա ի վերջոյ խաղաղութիւն պիտի բերէ Սեւ Ցամաքամասի տագնապահար այս երկրին: Ճիշդ է. այս քայլը արդիւնք է տարիներու խմորումի ու հացթխութեան, նաեւ կը թուի անխուսափելի, եթէ ոչ՝ միակ ճամբան խաղաղութիւն հաստատելու, սակայն երեւոյթներուն մէջ շատ բան կը մնայ խաբուսիկ, իսկ հորիզոնը ծանրաբեռնուած՝ մթագնող ամպերով:
ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԽՈՐՔՆ ՈՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ԾԱԼՔ
Վերջին տասնամեակին, Սուտանի անունը միջազգային բեմին վրայ ու մամուլին մէջ սերտօրէն կապուած է անոր արեւմտեան գօտիին՝ Տարֆուր շրջանին հետ, ուր ըստ էութեան՝ միջ-ցեղային հակամարտութիւնները մարդկութեան պատմութեան մէջ արձանագրեցին ցեղասպանական նորագոյն դրուագը: Աւելի քան 400,000 զոհ, աւելի քան 2 միլիոն գաղթական եւ նիւթական հսկայական վնասներ… Ասոնք են Տարֆուրի տագնապին գլխաւոր – բայց ոչ միակ – խորագիրները: Սակայն բաժանման առաջնորդող հիմնական գործօնը Տարֆուրը չէր, այլ 2011 անկիւնադարձային տարին թրծուած է անկախութենէն առաջ իսկ ստեղծուած կացութիւններու եւ հետագայ զարգացումներու ճամբով:
Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, արձանագրենք, որ Սուտանը բազմացեղ ու բազմակրօն երկիր է. աւելի քան 40 միլիոնի հասնող բնակչութիւնը կը բաղկանայ արաբ, քրիստոնեայ եւ բնիկ այլ ժողովուրդներէ ու ցեղախումբերէ, որոնց գործածած բարբառներուն թիւը կը հասնի… 400ի: Վերջին դարերուն, անկախութենէն շատ առաջ, Սուտանը եւ Եգիպտոսը երկար շրջաններ ապրած են իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, սակայն անգլիական գաղթատիրութեան շրջանին, յատկապէս անկախութեան հռչակումը կանխող տասնամեակներուն, Սուտան իր դիմագիծը ճշդած է իբրեւ առանձին միաւոր (անշուշտ առանց մոռնալու, թէ գաղթատէրերը ներշնչողի ինչպիսի դեր ունեցած են այդ իմաստաւորումին մէջ): Եւ ճիշդ այդ տարիներուն է որ, գաղթատէր պետութեան մեքենայութիւններուն հետեւանքով, ցանուած են յաջորդ տասնամեակներու քաղաքացիական բազմահանգրուան պատերազմներու հունտերը, որոնց ծլարձակումն ու արիւնոտ ծաղկումը պատճառած են աւելի քան 2 միլիոն զոհ, երկիրը – յատկապէս անոր հարաւային շրջանը – վերածելով աշխարհի ամէնէն աղքատ գօտիներէն մէկուն: (Սուտան կրնայ մխիթարուիլ, որ նոյն ճակատագիրը վիճակուած է բազմաթիւ այլ նախկին գաղութներու): Հարաւի քրիստոնեաները եւ այլ ցեղախումբեր, անկախութեան նախընթաց տարիներէն սկսեալ, քայլ առ քայլ ընթացած են առաւելաբար իսլամ հիւսիսին թշնամանալու ճամբէն, իսկ հիւսիսցիները իրենց անխուսափելի »ներդրումները, ունեցած են թշնամանքին խորացման ու կամուրջներուն քանդումին մէջ, իշխանութիւնը իրենց մենաշնորհը նկատելով ու խրախուսելով միջ-համայնքային հակամարտութիւնները, արշաւանքներ կազմակերպելով հարաւցիներուն դէմ:
Անկախութեան լուսաբացէն առաջ իսկ, Սուտան ինկած է քաղաքացիական պատերազմի առաջին փուլին մէջ, ապա, խաղաղութեան որոշ շրջանէ մը ետք, 80ականներուն, ծայր տուած է երկրորդ փուլը, մի°շտ հարաւը հակադրելով հիւսիսին ու անոր ուսին ձգելով պատերազմին մեծագոյն տուրքը: Աւելի քան 5 տարի առաջ, 2005ին, եւ իբրեւ արդիւնք արտաքին, նա°եւ ամերիկեան խաղաղարար միջամտութիւններու, Սուտանի հարաւային ու հիւսիսային գօտիները հասան որոշ համաձայնութեան (Ատիս Ապեպայի համաձայնութիւնը), այս գիծին վրայ պատերազմը դադրեցաւ ու հարթուեցաւ այսօրուան հանրաքուէին ճամբան: Այդ հանգրուանին էր որ որոշուեցաւ, թէ հարաւը պիտի ունենայ ինքնավարութեան հնգամեայ շրջան մը, 2011ի Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, անոր արդիւնքը արդէն յստակ էր վաղուց. այդ օրէն սկսեալ, թէ° հիւսիսի ու թէ հարաւի իշխանաւորները բացայայտ կամ լուռ համախոհութեամբ, քալեցին դէպի հոս:
2.5 միլիոն տարածութեամբ Սուտանի քարտէսին վրայ արագ ակնարկ մը ցոյց կու տայ քանի մը իրականութիւն. ինչպէս Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Ալճերիոյ ու այլ նախկին գաղութներու, նոյնպէս ալ Սուտանի սահմանները գծուած են գծաքաշով, շիտակ գիծերով. օտար տիրողներու քմայքոտ սահմանագծումներն իսկ անթեղած են հետագայ բազում տագնապները: Այսօր, երբ երկրի տարածութեան մօտաւորապէս քառորդը կազմող հարաւը կանգնած է անջատումի հանգրուանին, յստակ է, որ լուծումներէ աւելի՝ նորանոր տագնապներու դուռներ կը բացուին անոր դիմաց:
Թէեւ հարաւային գօտին բուսականութեամբ աւելի հարուստ է, մինչդեռ հիւսիսը, բացի Նեղոսի հովիտէն, անծայրածիր անապատ է, ու թէեւ երկրի ամէնէն թանկարժէք բնական հարստութեան՝ քարիւղին շուրջ 80 առ հարիւրը կը գտնուի հարաւային գօտիին մէջ (Սուտանի արտադրութիւնը օրական աւելի քան 500,00 տակառ է, կրնայ աւելնալ, եւ այս կէտը երբեք մտահան պէտք չէ ընել, որովհետեւ այս ալ երկարաշունչ պատերազմներուն մէկ ուրիշ պատճառն էր, եթէ ոչ՝ գլխաւորը), այսուհանդերձ, շրջանի տնտեսական-ընկերային վիճակը այնքան ծանր է, որ տարիներէ ի վեր հիւսիսային գօտի ապաստանած հարաւցիք, բաժանումէն ետք հաւանական հետապնդումներու եւ սպառնալիքներու դիմաց ըլլալով հանդերձ, երկմտանքով կը նային հարաւ վերադառնալու ընտրանքին, թէեւ կեանքի ապահովութեան համար կը փութան հոն: Եթէ միայն նշենք, որ հարաւային գօտիին մէջ միջին ամսականը շուրջ 30 տոլար է, ճաշակ մը տուած կþըլլանք թէ »բանը ինչումն է,…
Տակաւին, անորոշութեան ու մտավախութիւններու պատճառներ են այն իրականութիւնը, որ թէ° հիւսիսը եւ թէ հարաւը ունին տարաբոյթ բնակչութիւն, ուրեմն, տարբեր հատուածներ վաղը կրնան իրենք զիրենք գտնել նոր հակադրութիւններու եւ հակամարտութիւններու դիմաց, մանաւանդ, որ ներքին հակադրութիւնները (ինչպէս այլ տագնապալի գօտիներու մէջ) միշտ ալ կը գտնեն արտաքին քաջալերողներ, քարիւղի փոխարէն զէնք մատակարարելու պատրաստ »բարեմիտ, հովանաւորներ:
ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆԱԵՒ ԱՓՐԻԿԷԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ
Ուշագրաւ է, որ 2005ի համաձայնութիւնը ցարդ ընդհանուր առմամբ կը յարգուի երկու գօտիներու վարիչներուն կողմէ, հակառակ նախընթաց տասնամեակներու արիւնալի փորձառութեանց: Տակաւին, Սուտանի (հիւսիսի) նախագահը՝ նշանաւոր Օմար Պաշիրը շատ բարեացակամ արտայայտութիւններ կþունենայ այս հանգրուանին: Ան խոստացած է յարգել հարաւցիներու կամքը, այսինքն՝ հանրաքուէին արդիւնքը: Ան նաեւ խոստացած է հիւսիսի ուսերուն առնել երկրին ամբողջ պարտքը՝ աւելի քան 36.5 միլիառ տոլար, որովհետեւ գիտէ, որ հարաւցիները գրեթէ սնանկ սնտուկով պիտի բանան անջատումի էջը: Այս բարի տրամադրութիւնները հազիւ թէ կրնան քողարկել արտաքին ճնշումներու եւ »ներշնչումներու, գործօնը:
Երկու գօտիներուն միջեւ համախոհութեան գլխաւոր գիծերէն մէկն ալ այն է, որ հարաւի մէջ արտադրուող քարիւղը, ծով ու ովկիանոս հասնելու համար, պէտք է անցնի հիւսիսը կտող քարիւղատարներէ: Հոս, արդէն կայ համաձայնուած բաժնեկցութեան մը անկիւնաքարը: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ քարիւղի հասոյթէն Սուտանի մեծ բաժին չի մնար: Երկրին քարիւղի արտահանումն ու օգտագործումը ունի »մեծ պատառները ուտող, բաժնեկիցներ, որոնց շարքին են Չինաստանը, Մալեզիան, Հնդկաստանը եւ Ֆրանսան (առանց արհամարհելու այս երկիրներուն գործակիցներն ու տասնամեակներէ ի վեր ախորժակներ սնուցող »բարեմիտ խաղաղարարներ,ը): Քարիւղի եկամուտներուն շնորհիւ, Սուտան վերջին երկու տասնամեակներուն, ու հակառակ զինք մաշեցնող ծանօթ տագնապներուն, կը գտնուի արագ զարգացում ապրող երկիրներու շարքին:
Լուծումէ ու խաղաղութեան ճամբու մէջ մտնելու հաւանականութիւններէ աւելի, ներքին խճանկարը, ուրեմն, նախատեսել կու տայ բացասական նոր իրադարձութիւններու նոր գիծեր: Այս իրականութիւնը սուտանեան իրադարձութիւնները դիտողներուն մտահոգութեան միակ պատճառը չէ, որովհետեւ մօտիկ թէ հեռակայ դրացիներ բաժանման քայլին կը մօտենան իրենց փորի ցաւերուն դիտանկիւնէն ալ: Արդարեւ, Մարոքէն մինչեւ Անկոլա, Մալի, Նիժեր եւ Քոնկօ, ունին ներքին նմանօրինակ խլրտումներ ու մասնատումի ծիլեր պարունակով ընդդիմադիր գօտիներ: Բնական է, որ անոնք հաշտ աչքով չդիտեն Սուտանի բաժանմումը, զայն նկատելով նոր նախընթաց մը: Ափրիկէի մէջ, վերջին նախընթացն էր Եթովպիայէն մօտաւորապէս նոյն զարգացումներու ճամբով Էրիթրէայի բաժանումը՝ 1993ին: Այսօր, հարց կը դրուի, թէ Սուտանի բաժանումը արդեօք պիտի ըլլա՞յ տոմինոյի այլ քարեր փուլ բերող ազդակ մը: Այսպիսի մտատանջութիւններ կը բախեն նաեւ ներքին տագնապներ դիմագրաւող եւրոպական երկիրներու դուռները…
Դուրսէն դիտողներու մտավախութիւնները այլապէս ալ ունին դառն փորձառութիւններու հիմքերը: Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ, բաժանումի քայլեր բարիք չեն բերած մասնատուած երկիրներու: Հնդկաստան-Փաքիստան բաժանումը մինչեւ օրս ալ լարուած ականի կացութիւն կը պարզէ եւ երկու դրացիները յաճախ կը հասցնէ արիւնալի պատերազմներու կամ հակամարտութիւններու ոլորտները: Եուկոսլաւիոյ պարագան այլապէս պերճախօս է: Բաժանումի պատմութեանց մէջ, Չեխոսլովաքիան հազուադէպ բացառութիւն մըն էր անկասկած (մեր նպատակը բաժանուող երկիրներուն բաղդատականը չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին պարագան ունի ուրիշին չբաղդատուող գիծեր ու զարգացման ենթահողեր):
ՔՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ
Սուտանի բաժանման տանող զարգացումները, մանաւանդ արտաքին-միազգային ազդեցութիւնները ակներեւ կը դարձնեն հին գիրքի մը նոր հրատարակութիւնը, այն իմաստով, որ տեղւոյն ժողովուրդին բաղձանքներուն չափ, այս քայլերը մղում կþառնեն արտաքին քաջալերանքներէ:
Տակաւին, տեսանելի է, որ Արեւելք-Արեւմուտք դասական հակամարտութեան այլափոխումէն ասդին, այսիքն՝ Խորհրդային Միութեան պատմութեան անցնելէն ետք, տագնապահար շրջաններու բաժանումի խաղը աւելի առատաձեռն կերպով կը խաղցուի այսօր, ընդհանրապէս մեծերու հաշիւներէն հնչած եղանակին թելադրութեամբ:
Եթէ չըլլային չյայտարարուած բայց առկայ քմայքներու գործօնները, հարաւային Սուտանի անջատողական քայլը կարելի էր դիտել գոհունակութեամբ, որովհետեւ հոն պիտի ուզէինք տեսնել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին կիրարկման գործնական օրինակ մը, եւ անոր գտած օրհնութիւնը դասական մեծերուն կողմէ, իրաւունք՝ զոր մեծերը ընդհանրապէս կը զլանան իրաւունք հետապնդողներուն: Մեծ հաշուապահները միշտ ալ հակամէտ են բարի նշանախօսքերու քողին տակ ծածկել իրենց իսկական, եւ ընդհանրապէս վատ դիտաւորութիւնները: Օրինակի համար, աշխարհը այսօր հանդիսատես է Իրաքին ու Աֆղանիստանին բարիք բերելու պատրուակով գործադրուող ոճիրներուն եւ բռնարարքներուն, որոնք խաղաղութեան ու լուծումի փոխարէն, ահաւոր վիճակի մատնած են յիշեալ երկիրները:
ՄԵԶԻ Ի°ՆՉ…
Հաւանաբար ընթերցողս մղուի հարց տալու, թէ ինչո՞ւ պէտք է մտահոգուիլ մեզի հետ կապ չունեցող, մեր Հայաստանէն հազարաւոր մղոններով հեռու ինկող Սուտանի մը իրադարձութիւններով, հարաւցիներուն հանրաքուէով, իրենց կամքը ազատօրէն արտայայտելու եւ անկախ երկիր մը ունենալու հարաւցիներու ձգտումներով: Այլ խօսքով՝ մեզի ի°նչ, թէ սուտանցիք ինչ պիտի ընեն կամ պիտի չընեն:
Կարճ պատասխանով մը փակենք խորհրդածութիւնը. ահաւասիկ նորագոյն փաստ մը, որ ժողովուրդի մը ազատ կամքի արտայայտութիւնը եւ անկախութեան ձգտումի մարմնաւորումը կþարտօնուի տեղ մը, ուր արտաքին շահեր կը գործեն բեմին խորքին կամ վարագոյրին ետին, մինչդեռ այլ տեղ նման կամք չի դիտուիր հաշտ աչքով, այլ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերուի, անիրաւութիւն մը, անարդարութիւն մը, մինչեւ իսկ պատմական ահաւոր ոճիրներ մոռնալու, անտեսելու տրամաբանութեամբ:
Մենք՝ հայերս, այս իմաստով մեր փորձառութիւնները հարստացնելու բազմաթիւ առիթներ ունինք այսօր, Արցախէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան ու Նախիջեւանէն մինչեւ Ջաւախք…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յունուար 12, 2011