ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾ ԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՅԵՐԸ ՄԻԱՏԱՐՐ ՉԵՆ», ԸՍՏ ԵՐՈՒԱՆԴ ՄԱՆՈՒԿԻ

0 0
Read Time:7 Minute, 4 Second
Ձախէն աջ՝ Ընկհ. Անահիտ Հաճեան, Մարգարիտ Խաչատրեան, Աւետիս Հաճեան, դասախօս Երուանդ Պարէտ Մանուկ, Ընկ. Հրանդ Մարգարեան, Ընկ. Արա Գաբրիէլեան եւ Ալֆրէտ Տէմիրճեան

»Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամենակարեւոր հարցը ինքնութեան հարցն է«, ըսաւ Երուանդ Պարէտ Մանուկ, Փարիզի եւ Վենետիկի մէջ դասաւանդող պոլսահայ հայագէտ, »Իսլամացուած եւ գաղտնի հայեր« դասախօսութեան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ : »Թէ° հայկական թէ° քրտական թէ ալ ժողովրդավարացման հարցերը ուղղակի կապ ունին երկրի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասին իր արմատները փնտռելու եւ ինքնութեան զարթօնքի հարցին հետ«:

Ըստ Մանուկի, որու համալսարանական մասնագիտութիւնն է հայթրքական յարաբերութիւնները՝ իր տարբեր բնագաւառներուն մէջ, »Պատմական եւ մարդաբնական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը պատմութեան ընթացքին բռնի կամ կամաւոր իսլամացուած, թրքացուած կամ քրտացուած ժողովուրդներու սերունդներէ կը բաղկանայ«:

Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղի կազմակերպած զեկոյցին մէջ, Մանուկ ըսաւ, որ »Ասոնք ժամանակի ընթացքին իրենց իրական արմատներուն հետ կապերը կորսնցնելով, իրենք զիրենք թրքական շրջաններու մէջ թուրք, իսկ քրտական շրջաններու մէջ ալ քիւրտ կը համարեն«: 

»Իսլամացուած հայերու պարագան ալ այս ընդհանուր շրջագծին մաս կը կազմէ: Այս նիւթը բաւական ժամանակ թէ° հայերու թէ° ալ թուրքերու համար »թապու« մը եղած է: »Երկու կողմերն ալ տարբեր պատճառներով նախընտրեցին լուռ մնալ«, ըսաւ դասախօսը:

Մանուկ, որ այս նիւթի շուրջ համապարփակ գրքի մը պատրաստութեան լծուած է, ըսաւ, որ »վերջին 1520 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ տեսնուող սահմանափակ ժողովրդավարացման գործընթացը, ուրիշ նիւթերու կարգին, մտաւորականներու եւ հայկական ծագում ունեցող մահմետականներու առիթ տուաւ, որ օր մը աւելի համարձակութեամբ արտայայտուին իսլամացուած հայերու այս բարդ նիւթին մասին«:

Այսօր ալ, Թուրքիոյ հանրութեան համար հետաքրքրական նիւթ է կրօնափոխ, իսլամացուած կամ գաղտնի հայերու պարագան: Թրքական մամուլը լեցուն է թէ° դրական թէ° ալ ժխտական զգացումներով գրի առնուած լուրերով եւ յօդուածներով:

Զուգահեռաբար հայկական մամուլն ալ հակազդելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, լրատւութեամբ, թարգմանութիւններով եւ ուսումնասիրական յօդուածներով սկսաւ արծարծել բռնի իսլամացուած հայերու նիւթը:

Ներկայիս Թուրքիոյ ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ շրջանակներու համար »հայ« բառը շատ անգամ հայհոյանք կամ նախատինք կը գործածուի: Ազգայնականներ մէկու մը նախատելու համար կÿըսեն, թէ ան հայկական ծագում ունի: Այս մթնոլորտին մէջ՝ »Ես հայ եմ«. »Ես մահմետական հայ եմ«, կամ »ես հայկական ծագում ունիմ« ըսելը Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ շատ դժուար եւ վտանգաւոր երեւոյթ է: Վերջերս Թուրքիոյ, որոշ չափով, ժողովրդավարացման շնորհիւ շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել սկսան:

Հայերու իսլամացման գործընթացը Է. դարէն, արաբական արշաւանքներու շրջանէն կը սկսի: Հայաստան նուաճելէ վերադարձող արաբական զօրքերը իրենց հետ բազմաթիւ երկսեռ մանուկ եւ երիտասարդ հայ գերիներ ալ կը տանէին իբր աւար: Այս մանուկ եւ երիտասարդները ապրելու համար պարտաւոր էին իսլամանալու: Ասոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին արաբական աշխարհի մէջ շատ կարեւոր դիրքերու հասան:

Հայաստան հասնող մահմետականները (թուրք, քիւրտ, արաբ, պարսիկ եւ այլն) տեղացիներուն անմիաբան վիճակէն կÿօգտուէին: Իրենց ներքին հակամարտութիւններուն պատճառաւ հայ իշխանաւորներ երբեմն նախընտրած են իրենց մրցակից հայ իշխանաւորներու դէմ եկուոր մահմետականներուն միանալ: Երբեմն ալ որոշ իշխանաւորներ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ տեսակի շահերը մղուած իրենց կամքով ընդունած են Իսլամը եւ միւս հայերու դէմ պայքարած են: 

Իսլամացումի միջոցներ

 Երկուորները երկրին տիրելու եւ տեղացիները իսլամացնելու համար հետեւեալ միջոցներու դիմած են.

 Ա. Հայկական նախարարական համակարգի վերացում (այսպէսով, տեղացի հայերը առանց ղեկավարի կը մնային):

Բ. Հայ զանգուածներու բռնի կամ կամաւոր արտագաղթ (այսպէսով, թէ° տեղացի հայերու թիւը եւ ոյժը կը պակսէր, թէ° ալ իսլամական նոր միջավայր արտագաղթած հայերը բռնի իսլամացնելը աւելի դիւրին կÿըլլար):

Գ. Հայերու գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ իսլամ բնակչութիւն տեղաւորել (այսպէսով, հայկական բնակավայրերը կը կորսնցնէին բնակչութեան միատարրութիւնը):

Դ. Հայ բնակչութեան բռնի իսլամացում (Տեղւոյն վրայ բնակեցուած իսլամ բնակչութիւնն ալ այս գործընթացին կÿօգնէր):              

Ե. Իսլամ չեղող բնակչութեան զինուորական ոյժի օգտագործում (Իսլամ չեղող բնակչութեան մէջ կատարուող բռնի մանկահաւաքի եւ բռնի իսլամացման միջոցաւ յատուկ բանակներ կը կազմուէր: »Ենիչերի«ներու մաս կազմող հայերու մէջ շատ բարձր պաշտօններու հասնողներ ալ եղած են):

Զ. Պետութեան վճարուող շատ բարձր հարկեր: Դրացի մահմետական ժողովուրդներու կատարած թալաններու եւ արեւանգումներու անպատիժ մնալը (Օսմանական Կայսրութեան մէջ մահմետական չեղող ժողովուրդները մահմետականներու բաղդատմամբ պետութեան շատ աւելի բարձր հարկեր կը վճարէին: Ասոր վրայ կÿաւելնար նաեւ դրացի իսլամ ցեղախումբերու կատարած թալաններն ու առեւանգումները: Իսլամութիւնը ընդունիլը այս ծանր վիճակէն ազատելու ճամբայ մըն էր):

Պատմաբաններ կÿենթադրեն, որ երբ թուրքերը, սովէն մղուած Մոնղոլական տափաստաններէն, սկսան Փոքր Ասիա ներխուժել, հազիւ 400 հազար հոգի էին: »Ինչպէ՞ս կրցան ամբողջ ազգեր նուաճել«, հարց տուաւ Մանուկ: Ըստ դասախօսին, պարտուած ազգերուն ղեկավար դասակարգը կը գլխատէին —ոչ միայն փոխաբերական իմաստով— եւ կը հպատակեցնէին բռնի կերպով ենթակայ ազգերը, իրենց դաժանօրէն իսլամականացնելով:

»Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մեծ թիւով հայերը ընտանեօք իսլամանալով իրենց կեանքը փրկեցին«, ըսաւ Մանուկ, աւելցնելով, որ սկիզբը հայերը իսլամացնելու այս գործընթացը իշխանութեան կողմէ ալ կը քաջալերուէր, բայց աւելի վերջ այս քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ: »Երբ որ Եղեռնէն փրկուելու համար իսլամացած հայերու թիւը շատցաւ, իշխանութիւնը որոշեց նոյնիսկ իսլամացած հայերու մէկ մասը տարագրել եւ հալածել«, ըսաւ զեկոյցի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 29ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի սրահին մէջ: 

Միատարր զանգուած չեն

 Իսլամացուած եւ գաղտնի հայերը միատարր զանգուած մը չեն: Ամէնքը իրարու չեն նմանիր: Իրենց մէջ կան շերտաւորումներ եւ ամէն մէկ շերտի հետ յարաբերուելու ռազմավարութիւնը միւսներէն տարբեր պէտք է ըլլայ:

Ընտանեօք իսլամացածնելու համար իրենց ինքնութեան հետ կապը պահպանել համեմատաբար աւելի դիւրին էր: Անոնք ընդհանրապէս իրարու մէջ կÿամուսնանան, որովհետեւ իրենց ապրած փոքր բնակավայրերու իսլամ դրացիները գիտեն, թէ անոնք հայեր են եւ կÿարհամարեն զիրենք:

Գաղտնի հայերը գիտեն թէ հայ են եւ իրենց կրօնքը քրիստոնէութիւնն է: Յամենայն դէպս, իրենց ապրած այդ վտանգաւոր միջավայրին մէջ գոյատեւելու համար մահմետականի պէս կÿապրին: Վերջին տարիներուն իրենց իրական ինքնութեան եւ կրօնքին վերադարձնողներուն թիւը օրէ օր կը շատնայ:

Իսլամացուած հայերը գիտեն թէ իրենք հայերու սերունդներ են, բայց ալ իսլամութիւնը իրենց իրական կրօնքը եղած է:  Վերջերս շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել սկսան: Եթէ ապագային Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացը ալ աւելի զարգանայ, վստահաբար իրենց հայկական ինքնութիւնը ստանձնող մահմետականներու թիւը շատ աւելի պիտի բարձրանայ:    

Հինէն իսլամացուածները

 Կան նաեւ շատ աւելի հինէն իսլամացուած հայերու սերունդներ: Ասոնց կարելի չէ հայ համարել: Ասոնք թուրք, քիւրտ, արաբ կամ ուրիշ ազգերէ մահմետականներ են, որոնց ընտանեկան տոհմածառին մէջ տեղ մը հայկական ծագում մը կայ: Ժամանակի ընթացքին հայութեան հետ գրեթէ բոլոր կապերը կորսնցուցած են եւ շատ անգամ լուր իսկ չունին թէ հեռաւոր հայկական արմատներ ունին: Այս խումբին թիւը շատ բարձր է: Ասոնց մէջ կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը, որ լուր ունի իր հայկական արմատներէն բայց ինքզինք հայ չզգար:

Պատմութեան ընթացքին իսլամացուած հայեր գոյութեան ունեցած են նաեւ արաբական երկիրներու, Պարսկաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Աֆղանիստանի, Հնդկաստանի եւ Մոնկոլիայի մէջ: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ Հայոց Իսլամական Ցեղախումբ անունով ցեղախումբ (աշիրէթ) մը գոյութիւն ունի:

Հայկական ծագում ունեցող մահմետականներու ընդհանուր թիւը ճշգրիտ կերպով կարելի չէ գիտնալ: Պատմաբաններու եւ ընկերաբաններու ըրած հաշուարկումներու համաձայն կը կարծուի թէ անոնց թիւը 20 միլիոնէ աւելի է: Մահմետական հայերու համար 1էն 2 միլիոն, գաղտնի հայերու համար 300 հազարէն 1 միլիոն թիւերը կը տրուի: Բնականաբար այս թիւերը գիտական եւ ստոյգ չեն:

 Բուռն հետաքրքրութիւն

 Աւետիս Հաճեան, Նիւ Եորքի Համազգայինի վարչութեան անդամ, ներկայացուց օրուան դասախօսը: 

Հաճեան ըսաւ, որ »Զանազան պատճառներով, որոնց բնոյթը տակաւին  վէճերու առարկայ է հայրենական եւ սփիւռքահայ գիտական եւ լրագրական շրջանակներէ ներս, վերջին տարիներուս արթնցած է հետաքրքրութիւն, որ հետզհետէ կը խորանայ, թրքաբնակ թաքուն հայերուն մասին«: Հաճեան յայտնեց, որ »արդար չէ, անշուշտ, այս նիւթի շուրջ նորագոյն  ուշադրութիւնը միայն մասնագիտական շրջանակներու սահմանափակել, քանի որ գրեթէ շաբաթ չÿանցնիր, որ հայ մամուլը մեր ազգակիցներու այս խումբին չÿանդրադառնայ«:

Չորս շարժառիթ թերեւս կը մղէ հայերս, մանաւանդ սփիւռքահայերս, այս եռանդուն հետաքրքրութիւնը ունենալու համար հանդէպ թաքուն հայերը:

Առաջին առթիւ , համացանցային միջոցներու ընդհանրացումը, մանաւանդ »Դիմագիրքեը« (Ֆէյսպուք) ընկերային համացանցային տոմարը  դիւրացուցած է հաղորդակցութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն: Այսօր, կարելի է կապ պահել, օրինակ, Արտուինի համշէնահայերու հետ կամ Մուշի զազա թաքուն հայերու հետ »Դիմագիրք«ի (Facebook) միջոցաւ: Նաեւ առաջին հերթի վրայ պէտք է հաշուենք Թուրքիա այցելելու դիւրութիւնը, բռնագրաւուած հողերը ներառեալ, եւ առիթները, որ այս դրութիւնը ստեղծած է թաքուն հայերու հետ շփում ունենալու: Օրինակ՝ վկայութիւններ կան թաքուն հայերու մասնակցութեան մասին վերջերս կատարուած Աղթամարի պատարագին, որ բանակռիւներու տեղի տուաւ հայութեան մէջ:

Միւս երկու պատճառները հաւանաբար թէական են, եւ հաստատօրէն ժխտական. մէկ կողմէն, սփիւռքահայութեան գաղութային կառոյցներու տկարացումը մեզ կը մղէ յոյս փնտռելու մեր կորսուած հողերուն վրայ մնացած իսլամացած հայերուն մէջ, այսինքն՝ թաքուն հայերը իբր վերանորոգման աղբիւր սպառած հայկական ոգիի: Ասիկա կրնայ մեզ յուսախաբութեան մատնել, քանի որ բացասական կերպով չենք կրնար հաստատել ի՞նչ չափով հայ մնացած են: Նաեւ, կարելի է ենթադրել, որ Արեւմուտքի մէջ ընդհանուր եկեղեցասիրութեան տկարացումը –հանգամանք մը որմէ դժբախտաբար հայ գաղութները զերծ չեն– նաեւ նուազած է նախապաշարումը սփիւռքահայերուս մէջ (հաւանաբար պոլսահայ գաղութին բացառութեամբ) կրօնափոխ հայերը մեզի ազգակից համարելու:

Վերջապէս, մեր հետաքրքրութիւնը թաքուն հայերով փոխադարձ է՝ իրենք ալ համացանցային եւ ուրիշ միջոցներով կը փորձեն հայերուս հետ կապ հաստատել կամ, հարիւր կամ հարիւրաւոր տարիներ վերջ, վերահաստատել, ըսաւ Հաճեան բացման խօսքին մէջ:

Մանուկ Վենետիկի Մուրատ Ռաֆաէլեան ճեմարանի շրջանաւարտ է եւ իր վարդապետութեան (տոքթորայի) տիտղոսը ստացած է Վենետիկի Կաֆոսկարի Համալսարանէն արեւելեան լեզուներու մասնագիտութեամբ:  Հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, եւ Վենետիկի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային դասընթացքին ուսուցչական կազմի անդամ է 1987էն ի վեր:

Դասախօսը կը նախատեսէ այս նիւթի շուրջ գիրքի պատրաստութեան գործը աւարտել մօտաւորապէս մէկմէկ ու կէս տարիէն: Գիրքին առաջին հրատարակութիւն պիտի ըլլայ թրքերէն: Ներկաներու մէջ կը գտնուէին Հայաստանէն բանասիրական գիտութիւններու դոկտ. Մարգարիտ Խաչատրեան, Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ընկ. Հրանդ Մարգարեան, Ընկ. Արա Գաբրիէլեան եւ Ալֆրէտ Տէմիրճեան, Պոսթընէն, որ հովանաւորեց Երուանդ Պարէտ Մանուկի ներկայացումը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles