ԸՆԴԴԷՄ ՀՈԳԵԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԲԹԱՑՄԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 17 Second

Յ. Պալեան

Ամբոխավարութիւններու յաղթանակը անցողիկ է, բայց աւերակները յաւերժական են:

(Շարլ Փեկի, ֆրանսացի գրող,  Ի. դար) 

 

            Ինքնութեան եւ իրաւունքի վայութիւն եւ վկայարան են Անիի եկեղեցիները, Աղթամարի Սուրբ Խաչը: Չարերը եւ ամբոխավարները, վաղ թէ ուշ, կը նսեմանան անոնց դէմ: Այս մտածեցի ֆրանսացի գրող Շարլ Փեկիի հետեւութեամբ:

            Մեր խառնակ ներկային մէջ, հեռուի եւ մօտի մարդոց, եւ ես ինծի, հարց կու տամ, թէ, ո՞ւր է, ի՞նչ է  նախահայրերու ժառանգութիւն Հայաստանը:

            Հայութեան կացութեան մասին իրաւ պատկերացում չունինք, ունինք ենթակայական եւ կողմնապաշտական պատկերացումներ, տարբեր եւ զիրար հակասող: Այդ մասին չենք խօսիր իրականութեան դիմաց չկանգնելու համար: Կոտորակներու անհեթեթ իշխանապետութիւններ ենք, Ամէն ոք կը խօսի եւ կը գործէ ինքնաշնորհուած ճիշդի, ճշմարիտի, անսխալականի երկնառաք առաջնորդի իրաւունքով, յանգելով փոխադարձ մերժումներու եւ ուրացումներու, միշտ՝ յանուն ՀԱՅ Ժողովուրդի, կ’ըսենք նաեւ՝ Ազգի, յանուն Հայաստան կոչուած անոր Հայրենիքի: Մի՛շտ՝ լաւ ապրելու  քաղքենիի ապազգայնացնող ենթահողի վրայ: 

            Ողջախոհութեամբ հարց տանք.  ո՞ւր է Հայ Ժողովուրդը, ի՞նչ կը ներկայացնէ ան որպէս մարդկային եւ ընկերային երեւոյթ, ի՞նչ թանձրացեալ (concrete) հաստութիւն կայ այդ անուանո տակ: Ո՞ւր է, ի՞նչ է անոր հայրենիք Հայաստանը, ի՞նչ մնացած է անկէ: Որպէս ի՞նչ կ’ընդունինք այդ ժառանգութիւնը, կը մերժե՞նք, կ’ուրանա՞նք:

            Այս եզրերով յղում կը կատարենք վերացական եւ գրական պատկերներո՞ւ, թէ՞ իրականութեան մը, ինչպէս այդ կը հասկցուի, երբ կ’ըսենք Անգլիա եւ Անգլիացի, Ռուս եւ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Ֆրանսացի, Չինաստան եւ Չինացի, Ճափոն եւ ճափոնցի:

            Ժողովուրդ  մը միացման ներքին հիւսկէն կ’ունենայ: Գնչուները այդ ունին. հասարակաց նոյն կենցաղը, բարքերը, կեանքի ոճը: Ուր ալ գտնուին, հոն ուր կանգնին, անոնք շրջապատէն տարբեր են, չեն փորձեր շրջապատին պէս ըլլալ:

            Կ’ըսենք՝  ՀԱՅԵՐ:      Անոնց նոյնութիւնը եւ մէկութիւնը միթէ՞ հէքիաթ չեն, սեղմ շրջանակներու տեսութիւն եւ գունաթափ պատկեր:            Կ’ըսենք հայ քրիստոնեայ, բայց կոտորակեալ եւ զանազանեալ ենք: ժողովուրդ մը ինքնութիւն կ’ունենայ իր լեզուով:  Հայ ժողովուրդի ո՞ր տոկոսը կը հաղորդակցի իր ազգային եւ ինքնութիւն կրող ժառանգուած լեզուով: Ի՞նչ է հասարակ յայտարարը Անգլիախօս, արաբախօս, թրքախօս, ռուսախօս, գերմանախօս, սպանախօս, եւ այլալեզու  հայերու,: Հայախօս համարուածներն անգամ նոյն այբուբենը գործածելով հանդերձ, կը գրեն տարբեր ուղղագրութեամբ, հայերէն բառագանձին կը կպցնեն մուրացածոյ բառեր եւ կը զեղծեն հարազատը: Աւելցուցէ՛ք լատինատառ հայերէն գրող տեսակ մը արդիական հայերը:

            Երբ կ’ըսենք՝ հայրենիք, աշխարհագրական ո՞ր տարածքը կը դնենք այդ բառին տակ: Հաշտուելով պատմական չարիքներու հետ, նախահայրերու հազարամեայ հող-հայրենիքը գաղափարական, եւ հոգեբարոյական հրաժարումով, կոչած ենք Պատմական Հայաստան, որուն նահանգներէն մին, ՀՈՂԿՏՈՐ մը, դարձած է պետութիւն, հաշտուելով կացութեան հետ, զայն կը կոչենք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

            Կը ստեղծենք հոգեբարոյական, գաղափարախօսական, քաղաքական, պատմական եւ  ազգային միտքի շփոթ, եզրակացնելով, որ ժառանգութիւն Հայաստանը հայկական չէ, քանի որ նենգութեամբ գծուած քարտէսներու վրայ ան հայապատկան չէ:

            Եւ կը վերջնականացնենք պատմական չարիքը, հրաժարելով նախահայրերու ժառանգութենէն, քանի որ ան միայն անցեալ է: Հետեւաբար՝ Հանրապետութեան տարածքն է Հայաստան եւ վերջ: Անկէ դուրս ինչ որ կայ, եղած է հայոց հայրենիք, սոսկ պատմական է: Երբ կ’ըսենք ՊԱՏՄԱԿԱՆ, Հայաստանը կը դադրի հայոց կարողական եւ իրաւունք հայրենիք ըլլալէ: Բառը  իմաստ է եւ համոզում:

՝           Հայ ժողովուրդի Հայրենիք Հայաստան հասկացողութիւնը ամբողջութիւն է, ոջիլի շուկայի վաճառքի մանրուք չէ: Նախահայրերու հայրենիք ժառանգութիւն այդ տարածքը, ինքնութեան կնիքով դրոշմած Անիի  եկեղեցիները եւ պարիսպները, միթէ՞ կաոռւցած են ներխուժած եկուորները, որոնք բիրտ ուժի կռթնած տիրացած են տարածքներու:

            Տիրելով կարելի է՞ զեղծել պատմութիւն եւ իրաւունք, ըլլալ տէր:

            Ո՞ւր են ամպագոռգոռ միջազգային համայնքի առարկայական արդարութիւնը եւ անոր ճշմարտութեան արժէքային համակարգը:

            Մենք պէտք չէ իյնանք ուրացման անբարոյութեան խաղին մէջ:

            Խօսինք նաեւ հազարամեակներէն եկած հայ ժողովուրդի մասին, որ ազգ ըլլալու համար պարտի հայրենատէր ըլլալ, եւ չընդունիլ բռնագրաւեալ Հայաստանը ոպէս սոսկ պատմական յիշողութիւն, նոյնիսկ եթէ ան այսօր մաս չի կազմեր հայկական պետութեան տարածքին: Ազգ ըլլալու եւ մնալու համար հայ ժողովուրդը իր նախահայրերու ժառանգին հանդէպ  հայրենատէրի պարտականութիւնը պէտք է ստանձէ: Այդպէս պէտք է ըլլալ, եւ գործել:

            Հայրենատիրութեան հակառակ ընթացք որդեգրած ենք, հետեւելով ապազգայնացնող անհատապաշտութենէ թելադրուած լքումներու: Հոն ուր զարկած ենք թափառականի մեր վրանը,     համարած ենք հայրենիք, նախահայրերու աւանդ հայրենիքը ընդունած ենք որպէս առասպել, երգ ու թմբուկ:

            Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր Ճառախօսական անսպառ յուզումներու պատկեր  եւ աղմուկ են ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը: Առանց յոգնելու կրկնեցինք եւ յիշեցինք, որ ունեցած ենք մէկ, երկու  կամ աւելի միլիոն զոհեր: Անարձագանգ  մնացած եւ այդպէս մնալու դատապարտուած ողբ, որ ազգի լինելիութեան ընթացքին մէջ շէքսփիրեան «բազում աղմուկ վասն ոչինչի»ն կը յիշեցնէ:

            Քաղաքական խօսքի առարկայ չէ այն, որ բռնազրաւուած Հայաստանը բնակուած էր հայերով, որոնք ջարդուած են, ստոյգ մահէ ազատածները դարձած են հայրենահանուած գաղթականներ, մոլորակի տարածքներու ապաստանեալներ:

            Ո՞ր քրիստոնեայ ժողովուրդին համար կառուցուած են դեռ կանգուն կամ աւերակ հայկական եկեղեցիները: Ո՞ւր գացած են այդ եկեղեցիները եւ վանքերը կառուցած ժողովուրդը եւ անոր յետնորդները: Եկեղեցի եւ  վանք մէկ հոգիի համար չեն կառուցուիր, մէկ օրէն հողէն չեն բուսնիր: Ո՞ւր են զանոնք կառուցած անոնց  տէրերը:

            Երբեմն կ’ըլլան իրատեսական հաստատումներ: Քանի մը օր առաջ, որպէս ի միջի այլոց խօսք, ըսուեցաւ, որ, Հայաստանէն արտագաղթած են աւելի քան մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար հայեր: Ո՞ւր երթալու եւ ի՞նչ ընելու համար, հայրենատէր ըլլալո՞ւ եւ ազգ շարունակելո՞ւ: Ազգի լինելիութեան տեսանկիւնէ տեսակարար (spécifique) տարբերութիւն կա՞յ նախկին կորսուած միլիոններուն եւ ներկայի մոլորակի հովին տրուող միլիոններուն միջեւ: Բացականերով ո՛չ ազգ եւ ո՛չ հայրենիք կը պահուին: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, ազգը մարդոցմով է, համրանք է, տասը կամ հարիւր հոգիով ազգ չ’ըլլար, ներկայացուցչութիւն կ’ըլլայ, կամ համայնք, կամ շնչաւորնեու թանգարան: Ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, տխրադէմ նախագահ մը ըսաւ, որ  ինքնաբաւ  Հայաստանի համար մէկ միլիոն բնակիչ կը բաւէ: Աշխարհագրական այդ շրջանին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է ինքնուրոյն ազգ եւ պետութիւն ըլլալ, երբ մոլեռանդութիւն, եւ նուաճողական ցանկութիւններ կան: Անցեալի եւ ներկայի ազգային-պետական առաջնորդութեան մեծագոյն ձախողութիւնը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ ազգահաւաք-հայահաւաք իրականացնելու անկարողութիւնը եւ Հայրենիք տարածքի վրայ գիտակից հայրենատէր ժողովուրդ պահելու երկարաշունչ ծրագրի հետապնդումը:

            Երկրորդ  Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած ներգաղթ-հայրենադարձութիւնը ձախողեցաւ, քանի որ բացակայեցաւ ազգի գաղափարականի շուրջ համախմբման քաղաքականութիւնը, պատճառ դառնալով, որ հայրենադարձները չմերուին եւ կրկին գաղթեն: Վերանկախացումէն ետք կրկին բացակայեցաւ հայրենադարձութեան իրաւ եւ առողջ պետական ազգայյին հեռանկարային քաղաքականութիւնը: Յոյս ներշնչող հայրենադարձները կրկին իրենց տեղը չգտան եւ պատեհապաշտութեամբ գաղթեցին նոր երկինքներու տակ անհատական բայց ոչ ազգային գոյութիւն պահելու հեռանկարով: Նոյն հունով ընթացան սպառողական ընկերութեան կանչին հետեւող լաւ ապրելու իրաւունքի համար գաղթող  հայաստանցիները: Պետութիւնը անկարող եղաւ պահելու երկրի բնակչութիւնը, անոնք ըլլան «հայաստանցիներ», թէ հին ներգաղթածներ, կամ ապաստանի համար հայրենադարձներ, որոնք լքեցին երկիրը, հայրենատէր չեղան: Ամբոխը չէ որ պիտի առաջնորդէր հայրենատիրական եւ անոր հետեւող հայրենադարձութեան եւ բնակեցման քաղաքականութիւնը, այլ՝ պետութիւնը եւ քաղաքական յաւակնութեամբ հանդէս եկող ներսի եւ դուրսի այս կամ այն աւագանին, եթէ այս բառը անտեղի պերճանք չէ:

            Չունինք եւ չունեցանք ԱԶԳԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ լիակատար ղեկավարման ընդհանուր եւ միացնող համակարգ: Այս պատճառով ալ, ՀԱՅՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ ԿՈՉԵՑԻՆՔ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Ինչ կը վերաբերի ԱԶԳին, անոր տարտղնումին հետ հաշտուեցանք, ընդունելով ապազգայնացնող «ԴՈՒՔ ՀՈՆ ՄԵՆՔ ՀՈՍ»ի կացութիւնը վերջնական համարելու պարտուողական             ազգաքանդ վարքագիծը:  Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Այս վարքագիծը պարզ կերպով բանաձեւած էր Խորհրդային Հայաստանի պետական դէմքերէն Եսայեան, ըսելով, որ «Հայաստանի կառավարութինը ամենայն հայոց կառավարութիւն չէ»: Վերանկախացած Հայաստանը եւս մնաց նոյն ուղեգիծին վրայ: Բռնագրաւեալ Հայաստանը օրակարգ չեղաւ, Սեւրի Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշման տուած իրաւասութեամբ, Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի վճոած սահմանները օրակարգ չեղան, իրաւազրկումը իր բանաձեւումը գտաւ «Պատմական Հայաստան» պարտուողական տարազին մէջ, որ ժխտումն է ՄԻԱՑՄԱՆ, որուն հետքերուն վրայ Արցախեան Շարժման ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔը մնաց մեռեալ տառ, որուն համար օր մը բնական պիտի ըլլայ ըսել «անցեալին հայերով բնակուած տարածք» եւ գումարել «Պատմական Հայաստան»ի վրայ, որ կրնայ ընդլայնիլ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ով: Մենք ալ յիշատակ որոճալով, լուսանկարչական սարքեր շալկած՝ կ’ըլլանք զբօսաշրջիկ: Հիմա Կիլիկիոյ  Ատանա քաղաքին մէջ եւ Վանայ Ծովակի ափին կան արդիական զբօսաշրջային հիւրանոցներ, ուր արձակուրդային լաւ պայմնաններու մէջ կրնանք տրուիլ յիշատակներու եւ յուզումներու երջանկութեան:

            Օր մը մենք մեզ պիտի գտնե՞նք «Անտորա»յի իշխանապետութեան նմանող դրութեան մէջ, ուր հայեր պիտի ապրին զբօսաշրջութեամբ, առեւտուրով եւ այդպէս բաներով:

            Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման յետնորդներու բարոյական պարտքն է իրենց բռնագրաւեալ հայրնիքը միշտ կոչել ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ «անցուկը մոոցուկ է» չըսել, գլխիկոր չկրկնել  ապազգային «Պատմական Հայաստան»,

 Եւ չուրանալ՝ ինքնութիւն եւ իրաւունք:

            Չծնկել: Կազմակերպուիլ եւ գործել իրաւունքի վերականգնման սերունդներու պայքարին համար: Պատմութիւնը կը գրուի սերունդներով եւ դարերով:

            Պարտուածի եւ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ մարդ չի կրնար ապրիլ, ազգ չի պահուիր: Պճեղ մը հպարտութեամբ մարդկայնութիւն (humanime) պէտք է նուաճել եւ այսօրուան եւ գալիքի համար, եւ ըսել, որ կը մերժենք անարդարութիւնը, կը մերժենք անցեալ ըլլալ, կրկնե՛լ, որ Հայաստանը հայու հայրենիք է, այդ իրաւունք է եւ զայն պէտք է վերականգնել, միշտ ի մտի ունենալով հայ գրող Վիգէն Խեչումեանի քաղաքական եւ գաղափարական մեծ իմաստութիւնը, որ ուրիշի դրանը միշտ հիւր ենք, աւելի ճիշդ՝ ծառայ եւ ստրուկ, եւ մերժել այդ ստորնացումը:

            Ան, իր «Գիրք Լինելութեան» մէջ, դարագլուխ բանալու կոչուած խօսք ունի, զոր պէտք է դաջել ամենուրեք ուր հայ եւ հայեր կան. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Այս համազգային քաղաքական իրաւ պատգամ է, ընդդէմ ամէն բնոյթի բթացումներու:

            Նախահայրերու հայրենիք Հայաստանը դասել Պատմութեան լուսանցքին մէջ քաղաքական եւ ազգային միտքի բթացում է, որ կը սպասարկէ եսերու եւ ժամանակաւոր սին փառքերու:

            Վիքթոր Հիւկոյի խօսքով, «կարմիր գլխարկ պէտք է դնել հին բառարան»-ին, մերժել ուրացում եւ լքում:

            Ըսել «Պատմական Հայաստան» (չ)իմաստութեան առջեւ բաց դուռ է, իմաստակութիւն: Բռնագրաւուած Հայաստանը «պատմական» չէ: Հայուն Հայաստանն է ան, իր Վանով, Մուշով, Սասունով, ուր հողը ներծծուած է նախահայրերու քրտինքով եւ արիւնով: Ուրացումը մարդու արժանիքէ հրաժարում է:

            Պատմութիւնը միշտ պիտի յիշէ Անիի բանալիները յանձնած Վեստ Սարգիսի վատութիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles