ՌՈՒՍԻԱ- ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՊԱՐԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

Ա.Ա. 

   Հայաստանեան արտադրութիւններու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներ, ներառեալ՝ Ռուսիա, արտածման քանակը հայրենի տնտեսագէտները կը մղէ հաստատելու, որ Հայաստան տակաւին տնտեսապէս մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն, որ իր կարգին, Ուքրայինայի պատերազմին պատճառով կարիքը ունի Հայաստանի, որպէսզի  արտադրութիւնները վերաարտածէ դէպի Հնդկաստան եւ այլ երկիրներ։

    Տնտեսապէս Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու Հայաստանի վիճակին մէջ, ըստ տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու, մօտիկ ապագային փոփոխութիւններ սպասելի չեն, որովհետեւ Ռուսիոյ փոխարէն Եւրոպական Միութեան երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ հայաստանեան արտադրութիւններու արտածումը ներկայիս յաջորդաբար ութ եւ երեսուն ութ առ հարիւրով նուազած է, նկատի ունենալով, որ Եւրոպական Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ ունին ներածման շատ բարձր չափանիշներ, ինչ որ հայաստանեան արտադրութիւններու մարզին մէջ գործող առաջատար ընկերութիւններն ու գործարանները կը մղեն իրենց չափանիշները վերատեսութեան ենթարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց արտադրութիւնները եւրոպական երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ արտածելու արտօնութիւններ ձեռք ձգել։

    Յստակ է, որ արտադրութիւններու արտածման մարզին եւ քաղաքական իրավիճակին միջեւ կան յստակ տարբերութիւններ։Եթէ քաղաքական իմաստով ներկայիս Երեւանի իշխանութիւնները կը ձգտին քայլերու դիմելու, Ռուսիայէն առաւել անկախանալու համար, ինչպէս եղաւ պարագան օրինակի համար Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի կազմակերպութենէն Հայաստանի անդամակցութեան սառեցման, տնտեսական մարզին մէջ նոյնը չէ պարագան, որովհետեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն եւ զայն հովանաւորող Ռուսիայէն գէթ ներկայիս կարելի չէ անկախանալ, որովհետեւ նման բան կը պահանջէ քայլեր, որոնք տակաւին առնուած չեն։

    Մինչ այդ քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ կը նշեն,որ Ապրիլ 5- ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք՝ Հայաստանի վարչապետին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին միջեւ հանդիպման ընթացքին առաւելաբար պիտի քննարկուին Հայաստանի տնտեսական մարզին հզօրացման նպաստող ծրագրեր ,որոնց վախճանական նպատակը Հայաստանը ի վերջոյ ռուսական առեւտրական, ելեւմտական եւ տնտեսական ազդեցութիւններէն դուրս բերելն է։ Յստակ է, որ ներկայիս Հայաստան կը ջանայ քաղաքական- զինուորական- տնտեսական անկախութիւններ ձեռք ձգել, քաղաքական յարաբերութիւնները տարանջատել տնտեսականէն եւ Ռուսիայէն այլ երկիրներու հետ եւս յիշեալ մարզերուն մէջ գործակցութեան ուղիներ գտնել։Հայաստանի այս ճիգերը բնականաբար ջերմ ընդունելութեան չեն արժանանար Ռուսիոյ կողմէ, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար Հայաստանի նկատմամբ ըլլալ այն, ինչ որ է Ռուսիա։

     Այս իրավիճակը անխուսափելիօրէն Հայաստանը կը վերածէ կռուախնձորի մը՝ մէկ կողմէ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու, միւս կողմէ Ռուսիոյ միջեւ, որ նաեւ ամբողջական հակակշռի տակ առած է Հայաստանի Մեծամօրի կորիզային կայանն ու երկրին բնական կազի մատակարարումը։ Ռուսիա կը թուի, թէ ձեռնածալ կը դիտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն արեւմտամէտ ճիգերն ու քաղաքականութիւնը։Բայց իրականութիւնը այն է, որ ռուսական հակազդեցութիւնները կրնան անակնկալներ եւ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի համար։Նախապէս ռուսերը՝ Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական գրոհն ու զինուորական գործողութիւնները դիտողի դերին մէջ մնալով, նպաստեցին, որ Արցախը երկու շաբաթներու ընթացքին հայաթափուի։ Ատրպէյճանցիները ասոր դիմաց իրենց ընտրանքը կատարեցին եւ յարեցան Ռուսիոյ՝ մերժելով արեւմտեան եւ ամերիկեան միջնորդութիւնները։ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին Կոթ եւ Սիւնիքի մարզին Տեղ գիւղերուն հատուածներուն մէջ հաստատուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական դիրքերէ արձակուած կրակոցները Պաքուի դժգոհութեան գործնական արտայայտութիւնները եղան։ Ատրպէյճանցիք նոյնիսկ անտեսեցին ամերիկեան զգուշացումները, թէ լարուածութեան բարձրացումը պատճառող քայլերը կողմերունր ձեռնտու չեն։ Մինչ այդ, այս ընթացքին ռուսերը մնացին դիտողի դիրքին մէջ եւ մօտէն հետեւեցան իրադարձութիւններուն եւ բաւականացան արտաքին գործոց նախարարին բանբերին կատարած նկատողութիւններով եւ դիտարկումներով։

    Ներկայիս թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմաքաղաքական առումով խուլ պայքար մը գոյութիւն ունի Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ, որպէսզի Հայաստանը վերածեն իրենցմէ կախեալ երկրի մը։ Բնականաբար այս ճիգերուն մէջ պայքարող կողմերուն եւ ոչ Հայաստանի ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական շահերն են առաջնայինը, որովհետեւ մրցավազքի մը ելած կողմերէն իւրաքանչիւրը ի՛ր շահերը  կը հետապնդէ։ Այս իրականութիւնը հայկական դիւանագիտութեան այրերը պէտք է մղէ հաշուի առնելու տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ուժերու յարաբերակցութիւնները, ծրագրերու անիրապաշտ թէ իրատեսական ըլլալը եւ մանաւանդ հայկական շահերու յառաջ մղումը։ Եթէ Ռուսիա վերածուի հակառակորդի մը, եւրոպացիները պիտի հասնի՞ն օգնութեան, թէ առաջնորդուելով իրենց շահերէն, պիտի բաւականան զօրակցական յայտարարութիւններով։ Իսկ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վերստին ջերմացման պարագային, Հայաստան ինչպիսի շահեր կրնայ արձանագրել։Արցախցիներու հայրենադարձութիւնը կրնա՞յ իրականութիւն դառնալ։ Հայկական բանակին վերակազմակերպման եւ ամբողջական զինման ծրագրերը կը գործադրուի՞ն։ Երեւան- Մոսկուա ռազմաքաղաքական դաշնագրին ոգիին համեմատ կը կայանա՞ն առողջ յարաբերութիւններ։ Ասոնք է, որ հաշուի պէտք է առնուին եւ հայկական կողմը ըստ այնմ քայլերու պէտք է դիմէ։ Իրավիճակը կ՛ենթադրէ խոհեմութիւն , զգօնութիւն եւ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles