ԳլխաւորԼրահոս

Տոմինկօ Հինտոյեան Ղեկավարեց Պոսթընի Սիմֆոնիք Նուագախումբը

Նախապէս ելոյթ ունենալէ ետք Լոս Անճելըսի եւ Միննեսոթայի մէջ, վենեզուելահայ մաէսթրօ Տոմինկօ Հինտոյեան անցեալ շաբաթավերջին ունեցաւ իր անդրանիկ ելոյթը, Պոսթընի մէջ։

Մարտ 28-30-ին երեք ելոյթներ, որոնց յայտագիրը կ՛ընդգրկէր փորթորիքոցի յօրինող Ռոպերթօ Սիեռայի վեցերորդ «Սինֆոնիա»-ն, բրիտանացի Էտուըրտ Էլկարի թաւջութակի «Քոնչերթօ»-ն (մասնակցութեամբ սպանացի երիտասարդ թաւջութակահար Փապլօ Ֆեռանտէսի) եւ չեխ յօրինող Անթոնին Տվորիաքի եօթերորդ «Սիմֆոնիա»-ն։

Հինտոյեան կը պատկանի Վենեզուելայի հռչակաւոր «Էլ Սիսթեմա» երաժշտանոցին, Լոս Անճելըսի նուագախումբի ներկայ հանրահռչակ մաէսթրօ՝ Կուսթաւօ Տուտամելին նման, որուն մօտիկ բարեկամն է։ Քարաքաս ծնած, ան զաւակն է ջութակահար Տոմինկօ Կարսիայի եւ Վենեզուելայի խորհրդարանի գործօն իրաւաբաններէն՝ Վիգի Հինտոյեանի, որ  ծնած է Հալէպ եւ փոքր տարիքէն գաղթած Վենեզուելա։

Ծնած Քարաքասի մէջ, 1980-ին, իր մօր մականունն ու հօր անունը կրած՝ Տոմինկօ, Սեպտեմբեր 2021-էն ի վեր ստանձնած է Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։

Ան, իբրեւ ջութակահար սկսած է իր երաժշտական ուսումին, զոր կատարելագործած է Ժընեւի մէջ: Նախապէս գործակցած է Լեհաստանի Ազգային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, իբրեւ հիւր խմբավար: Հինտոյեան աշխատած է միջազգային ճանաչում ունեցող շարք մը նուագախումբերու եւ օփերաներու հետ,  որոնց կարգին՝ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, «Մեթրոփոլիթըն» օփերային, Վիեննայի «Սթաատեր»-ին եւ յատկապէս հանրահռչակ Տանիէլ Պարընպոյմի հետ, որուն ղեկավարութեամբ մաս կազմած է արաբ-իսրայէլեան նուագախումբին։

Մնացեալ ելոյրներուն նման, Պոսթընի ելոյթներն ալ աւարտեցան որոտընդոստ ծափողջոյններով։ Հինտոjեան քանի մը անգամ բեմահարթակ վերադարձաւ, գոհացնելու համար ներկաները։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button