ՀԵՔԻԱԹ ՉԷ ՍԱ.- ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԵՐԳԷ ՄԸ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 48 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

28 Մարտ 2024

 

Ֆրէօյտը հաւանաբար կրնայ լուսաբանել այն, ինչ որ պատահեցաւ ինծի՝ երկու օր առաջ:

Առաւօտուն, երբ արթնցայ, ուղեղիս մէջ կը թափառէր մեղեդի մը (վստահ եմ ոեւէ մէկուդ ալ կը պատահի նոյնը), երգի մը պատառիկը, որ առաջին վայրկեաններուն անուն չունէր: Յետոյ, այդ մեղեդին քիչ մը ձեւ-կերպարանք առաւ եւ զիս տարաւ մանկութեան օրերս: Մինչեւ իսկ յիշողութեանս մէջ վերականգնեցան քանի մը նախադասութիւն այդ երգէն, որ հին-հին օրերուն լսած եմ հօրմէս, մեծ մօրմէս եւ հասակակիցներէն՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներէ: Մեր ազգին վիճակուած բազում ողբերգութիւններէն մէկուն արտայայտութիւնը կը գտնէք հոն:

Ամբողջ երգը չեմ սորված ատենին, միայն կը յիշէի առաջին տողը. «Հայրենիքդ մոռցի՛ր, կ’ըսեն օտարներ…»: Գրադարանիս մէջ եղող շարք մը հին երգարաններ պեղեցի. ո՛չ մէկ արդիւնք: Վերջին փորձ մը ըրի եւ դիմեցի դարուս հրաշալիքին՝ համացանցին եւ… վոալա, նոր օրերու Արքիմետէս մը զգացի ինքզինքս եւ ներքին ձայնս բացագանչեց. «Էվրեքա՜»: Գտայ բառերը, թէեւ վստահ չեմ, որ անիկա լիովին հարազատ է բնագիրին, որովհետեւ գոնէ կէտադրական եւ այլ «հանելուկներ» կային: Կարողութեանս սահմաններուն մէջ՝ լուծեցի: Ահա այդ երգը.

 

  • Հայրենիքդ մոռցի՛ր, կ’ըսեն օտարներ,

Անիծեալ է, լոկ փուշ ունի ու աւեր:

  • Մեր հող դրախտ, ջուրն օշարակ,

Օդ քաղցր է, օդ քաղցր, 

Եկո՛ւր, պանդո,ւխտ, սրտիկդ անո՛ր նուիրէ:

 

Թէեւ ամուլ ամայի ըլլայ երկիրս հայրենի,

Ես կը սիրեմ Հայաստան, ապրի հոգիս՝ Կիլիկիան: 

 

  • Թող հայութեան առջեւ լռէ պատմութիւն,

Թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն:

  • Ես կը սիրեմ, չեմ մոռանար,

Աննման, աննման

Իմ հայրենիք, այրիացեալ Հայաստան:

 

Թէեւ ամուլ ամայի ըլլայ երկիրս հայրենի,

Ես կը սիրեմ Հայաստան, ապրի հոգիս՝ Կիլիկիան: 

***

Սիրելի ընթերցողս: Եկո՛ւր, փորձենք քիչ մը Ֆրէօյտ խաղալ եւ «վերծանել» թէ այս երգը ուրկէ՜ ուր դուրս պրծաւ յիշողութեանս շտեմարանէն:

Այս երգը ծնած է իմ ծնունդէս շատ առաջ, այն օրերուն՝ երբ մեր ժողովուրդը ենթակայ էր թրքական հալածանքներու, ջարդերու, իսկ բարեկամ նկատուող օտարներ երբեմն չէին վարաներ մեզի խրատ տալու, թէ պէտք է մոռնանք մեր հայրենիքը, ու կը թուէին անոր անյարմարութիւնները: Չէ՞ որ աւանդավէպ մըն ալ կ’ըսէ, թէ Աստուած իր հողաբաշխումի օրերուն, պահ մը մոռցեր էր Հայը եւ վերջին պահուն մտաբերելով՝ անոր շնորհած է հայկական լեռնաշխարհի քարքարոտ ու յաճախ անջրդի տարածքը: Անշուղտ կայ նաեւ միւս աւանդավէպը, թէ՝ Հայաստան իսկապէս երկրի վրայ դրախտ մըն է, «Հայաստա՜ն, երկի՜ր դրախտավայր»…)

Ի՞նչ կը պատահի այսօր: «Հայրենիքդ մոռցիր» (ըստ էութեան՝ թրքահնար) պատգամին միացած են Երեւանի իշխանաւորն ու իր «շքախումբը»: Շուշին ու Արցախը հռչակեցին «տժգոյն ու դժբախտ» (համեմատել երգին երկրորդ տողին): Հիմա, Ազրպէյճանին նուէր տրուած Արցախը մոռցած են եւ կը փորձեն մեր ժողովուրդն ալ համոզել՝ թէ մի՛շտ ալ հայապատկան այդ հողամասը՝ Հայաստան աշխարհի մէկ անքակտելի տարածքը պէտք է մոռնալ: Երբ սահմանագծումի մասին կը խօսին՝ իսկ այդ հողամասը դուրս դրուած է օրակարգէն, հոգ չէ թէ հիմա օտարներ իսկ կը պնդեն, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, ժողովուրդին իրաւունքները՝ տուն դարձի՛ իրաւունքը անհերքելի են: Մինչեւ իսկ Արցախի պետական ղեկավարութեան կը զլանան Հայաստանի մէջ գործ ընելու՝ իրաւունք հետապնդելու իրաւունքը: «Հայասվտանի մէջ միայն մէկ կառավարութիւն կայ», կը պոռայ անմիտը, կարծէք թէ արցախցիք կամովին Հայաստան եկած են, ու եկած են խլելու այն աթոռը, որուն անարժանաբար կպած կը մնայ (կը պահեն) ինք:

Ինչպէ՞ս չյիշել դիւանագիտական այն ծաւալուն աշխատանքը, որ տասնամեակներ շարունակ տարաւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ միջազգային ոլորտներու, ընդհանրապէս եւրոպական երկիրներու մէջ (Ազգերու Լիկա, Հայաստանի նախկին դաշնակիցներ…): Վտարանդի՝ աքսորի կառավարութեան դերը ստանձնած այդ պատուիրակութիւնը ո՛չ մէկ տեղ անհանդուրժողութիւն գտաւ, ի՜նչ խօսք, որ անոր ճիգերը չարդիւնաւորուեցան՝ յետ-աշխարհամարտեան խաղերու եւ նորացուած մրցակցութիւններու հետեւանքով: Միակ չհանդուրժողներն էին Թուրքիան, քիչ մըն ալ՝ անոր հետ 20-ական տարիներէն սիրաբանութեան էջեր կերտող կարմիր կայսրութիւնը…

Հիմա, այլ բառամթերքով՝ «դժբախտ եւ տժգոյն» կը դասուին նոյնինքն Հայաստանի տաւուշեան շրջանները (եւ սա շարունակութիւնն է, ո՛չ սկիզբը երկանց): Ի՞նչ որակում կարել է տալ մէկուն, որ հողերու կամ ճամբաներու պատկանելիութիւնը կը չափէ… այդ շրջաններուն մէջ ճաշարաններու եւ պանդոկներու գոյութեամբ: Եթէ նման կառոյցներ չկան, ուրեմն Ազրպէյճանին հախ է ունենալ այդ ճամբաները: Եկէք, պահ մը նոյն տրամաբանութեամբ մօտենանք, օրինակի համար, Ալզաս-Լօրէնի շրջանին. Ֆրանսա, ուրեմն, պէտք է Գերմանիոյ յանձնէ այդ գօտիին այն շրջանները, որունց ճամբաներուն վրայ ճաշարան ու պանդոկ չկայ (սա արդէն այլ ցուցանիշ է, թէ մեր մարդիկը կը մտածեն… ստամոքսով): Ամէնէն ողբերգական կէտերէն մէկն ալ այն է, որ Ազրպէյճանին նուէր տրուելիք այդ (եւ այլ շրջաններուն) մասին կը խօսին «պէտք է վերադարձնենք»ով: Սա ինքնաբերաբար մտածել կու տայ, որ անոնք իսկապէս ալ Ազրպէյճանին պատկանած են, մենք զանոնք պահ մը խլած ենք Ազրպէյճանէն, եւ հիմա ժամանակը եկած է վերադարձնելու: Այս ծուղակին մէջ կ’իյնան մինչեւ իսկ ամէնէն հաւատարիմ հայրենասէրներն ու քաղաքական մեկնաբանները, մասնագէտները, որոնք միւս կողմէ արդարօրէն կը շեշտեն՝ երբ չտարուին այդ ծուղակով՝ որ Հայաստան Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ տալիք հող չունի, ընդհակառակն, հսկայական մուրհակներ կան կամաթուրանականներու ճիտին:

***

Քիչ մը յառաջ անցնելով՝ ձայնակցինք երգին հետեւեալ տողերուն.

Թող հայութեան առջեւ լռէ պատմութիւն,

Թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն:

Օտարներէն առաջ, Երեւանի իշխանաւորներն են որ ժպիրհ յանդգնութեամբ կը փորձեն ազգը համոզել, որ հիմա կայ նոր Հայաստան, նոր պատմութիւն, կայ Հայաստանի հանրապետութեան ժամանակակից պատմութիւն, չկայ «պատմական Հայաստան» (բառացիօրէն՝ «հայրենիքդ ու պատմութիւնդ մոռցիր» կ’ըսեն՝ յառաջ անցնելով օտարներէն): Մեր հայրենիքը ծնունդ առած է, վիժուկներուն տրամաբանութեամբ՝ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» մեկնակէտէն սկսեալ, արարիչն է Նիկոլ Փաշինեան (իսկ իրականութիւնները հազար ու մէկ վկայութիւն կուտակած են, որ «քայքայիչ ու քանդիչ» որակումները շա՜տ մեղմ են այս «արարիչ»ին համար):  Երգին՝ «թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն»ը այսօր կը թարգմանուի Արարատի եւ մեր պատմական բոլոր հողերուն ուրացումով, արիւնով ու քրտինքով ձեռք բերուած մեր յաղթանակներու եւ յառաջխաղացքներու դրժումով (1991-էն ասդին ո՜վ դրական քայլ առած է որ…):

Գողտրիկ այս երգը, սակայն, ողբի եւ պարտուողականութեան, անձնատուութեան ու ինքնամոռացութեան տողերէն անդին՝ ունի անժամանցելի պատգամներ: Հոն կայ հայրենիքին հանդէպ սէրը, հոգ չէ թէ հայրենիքը թուի «ամուլ ու ամայի», ինչպէս որ ըրին Արցախին: Այս երգը երգողները իրենց հոգիին եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ ամուր կերպով արձանագրած էին այն, որ հայրենիքին

հող դրախտ, ջուրն օշարակ,

Օդ քաղցր է, օդ քաղցր, 

Եկո՛ւր, պանդո՛ւխտ, սրտիկդ անո՛ր նուիրէ:

ինչպէս նաեւ՝ դժբախտութիւններ դիմագրաւող հայրենիքը սիրելու յանձնառութիւնը:

«Մոռցուած» երգերէն ալ հզօր պատգամներ կը հասնին այսօր, լիցք կը պարգեւեն պայքարի այսօրուան էջերուն: Շուտով պիտի գայ նոր Ապրիլ 24 մը, նոր Մայիս 28 մը, որոնք ստամոքսապաշտներուն տրամաբանութեամբ վերապահուած են «պատմական Հայաստանին»…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles