Չորեքշաբթի, Մարտ 27-ին, հետեւելով տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած աւանդութեան, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ․ Սահակ Ծ․ Վրդ. Եմիշեանի՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ, եւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ , Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Տնօրհնէք կատարելու եւ հանդիպում ունենալու աշակերտութեան հետ։
Տնօրհնէքէն ետք Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ դպրոցի կողմէ կազմակերպուած մեծ հայրերու-մայրերու եւ թոռները նախաճաշի ձեռնարկին։ Աշակերտներու հետ մտերմիկ զրոյցով, յաւելեալ կապ ստեղծուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ նորահաս սերունդին միջեւ։