Ա.Ա.
Եւրոպական Խորհուրդին հետ սերտ համագործակցութիւն ունեցող Լրագրողներու Պաշտպանութեան հարթակին համաձայն, Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցած քառասուն եօթը երկիրներու մէջ 55 լրագրողներ ներկայիս բանտարկուած են։ Այս երկիրներուն շարքին է Ատրպէյճան, որ կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ, որովհետեւ տասնվեց լրագրողներ բանտարկուած են Պաքուի մէջ։
Խօսքի ազատութեան իւրայատուկ մօտեցում եւ ըմբռնում գոյութիւն ունի Ատրպէյճանի մէջ։Լրագրողները երբ գովերգեն իշխանութիւնները, աւելի ճիշդ՝ Ալիեւ ընտանիքին անդամները եւ անոնց անմիջական շրջապատը, նոյնիսկ եթէ լրագրողները սխալ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն եւ կը տարածեն, չեն բանտարկուիր կամ պատժուիր։Ընդհակառակը։ Անոնք կ՛արժանանան իշխանութիւններուն ամբողջական հովանաւորութեան եւ կը տիրանան նորանոր պաշտօններու, կը վարձատրուին մրցանակներով եւ պաշտօններու բարձրացում կը ստանան։ Կարեւորը Ալիեւ ընտանիքին անդամներուն լորձնաշուրթն գովերգութիւնն է։ Այս պարագային սխալ տեղեկութիւններ տարածելու համար պատիժ գոյութիւն չունի, որովհետեւ ալիեւեան շրջապատը քննադատութիւններու թիրախ չէ։
Իշխանամէտ մամուլին մէջ աշխատող լրագրողներ զերծ են սխալ տեղեկութիւններ փոխանցելու մեղադրանքներէ։ Սակայն հարցը կը տարբերի ընդդիմադիր մամուլի պարագային, որուն լաւագոյն օրինակներէն մէկն է համացանցային «Թոփլամ Թի Վի»-ն, որուն աշխատակիցներուն մեծ մասը այսօր ճաղերու ետին կը գտնուի՝ օտար դրամանիշով գումարներ մաքսանենգելու մեղադրանքով։Իշխանութիւններուն թիրախին վերածուած լրատու այլ աղբիւր մըն է «Ապզաս Մէտիա» առցանց թերթը, որուն գրեթէ ամբողջ անձնակազմը բանտարկուած է։ Լրագրողներուն յանցանքը՞։Անոնք պարզած եւ հաստատած են,որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած միւս շրջաններուն մէջ միիոնաւոր տոլարի արժողութեամբ ծրագրերու գործադրութեան իրաւունքին տիրացած են հիմնականին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկու դուստրերուն՝ Լէյլայի եւ Արզուի, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանցի ազդեցիկ պաշտօնատարներու հետ կապեր ունեցող ընկերութիւններ։ Այս ծիրին մէջ բաւական նշանակալից է «Ապզաս Թի Վի»-ի տնօրէն Ուլվի Հասանլիի պարագան։ Ան իր փաստաբանին պատմած է, որ զինք հարցաքննող ոստիկաններ իրեն հարց տուած են, որ լրագրողները ինչո՞ւ չեն փառաբաներ եւ գովերգեր ատրպէյճանական բանակին արձանագրած իրագործումները եւ յաջողութիւնները, այլ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն փտածութեան «ոչ հիմնաւորուած» պարագաներու վրայ։ Այլ խօսքով, Ապզասի լրագրողները ճաղերու ետին պիտի չգտնուէին՝ օտար դրամանիշով գումարներ մաքսանենգելու մեղադրանքով, եթէ ատրպէյճանական իշխանութիւնները եւ բանակը գովաբանէին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «արձանագրուած» յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն համար։
Մինչ ազատ խօսքի ջատագով կազմակերպութիւններ, նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տիւնիա Միատովիչ քննադատած են Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու եւ ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւնները՝ պահանջելով անոնց անյապաղ ազատ արձակումը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛ապացուցէ, որ իր հրամանով է, որ ձերբակալութիւնները կը կատարուին,ո րովհետեւ զանոնք ու անոնց վերաբերեալ հրապարակուած տեղեկութիւնները սուտ կը համարէ։ Ալիեւ այս վարքագիծը վերջերս առաւել դրսեւորուեցաւ, երբ գերմանական մամուլին մէջ հրապարակուեցան կեցուածքներ, թէ Ատրպէյճանի վարչակարգը բռնատիրական է, որ չի հանդուրժեր քննադատութիւնները եւ լրագրողներ կը բանտարկէ՝ ոտնակոխելով խօսքի ազատութիւնները։ Ալիեւ վերջերս Պաքուի մէջ գերմանացի պաշտօնատարներու յայտնած է, թէ անճիշդ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ու կը տարածէ գերմանական մամուլը, որովհետեւ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութիւններ երաշխաւորուած են։
Այլ վառ օրինակ մըն է Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փեթր Միխալկայի յայտարարութիւնները։ «Ուղղակի ապշած եւ ցնցուած եմ մասնաւորաբար երիտասարդ կին լրագրողներու դատավարութիւններուն ընթացքին պարզուած տեսարաններէն։ Դատարանին մէջ անոնք շղթայակապ էին՝ ապակեայ փոքր սենեակներու մէջ։ Անոնց զլացուած էին մարդկային տարրական իրաւունքները», ըսած է ան՝ անդրադառնալով ընդդիմադիր լրատու աղբիւրներու կին լրագրողներուն դատավարութիւններուն։
Ատրպէյճան խօսքի ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնակոխման «ախոյեան» մըն է, որուն բռնատէրը կը յոխորտայ, թէ իր երկրին մէջ կը յարգուին բոլոր ազատութիւնները։ Նման կացութեան մէջ տարօրինակ պէտք չէ թուիր միջազգային ընտանիքին որդեգրած ուղեգիծը, որովհետեւ քարիւղը, բնական կազը եւ քաղաքական շահերը շատ աւելի ծանր կը կշռեն։ …Դժբախտաբար։