0
0
Read Time:20 Second
Կիրակի, Մարտ 24-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Ուոթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը վեր առաւ այն մտածումը, թէ ներկայիս մարդկային ընտանիքը աւելի քան երբեք պէտք ունի խաղաղութեան, երբ մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքը կը խռովուի փոթորկալից իրադարձութիւններու պատճառով։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ան ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց դպիր Յակոբ Քէչէճեանին։