Յառաջիկայ օրերուն, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի երեք գաղթօճախներէ ներս, պիտի ներկայացուի Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» անգլերէն լեզուով գիրքը, ներկայութեամբ թարգմանութիւն եւ յաւելեալ բացատրողականներ կատարած՝ Պետօ Տէմիրճեանի։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 2-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, պիտի կատարուի անդրանիկ ներկայացումը Փրովիտենսի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ապա, Շաբաթ, Ապրիլ 6-ին երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 9-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ուաթըրթունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ պիտի կատարուի այս գիրքին երրորդ ներկայացումը։
Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը, ղեկավարութեամբ՝ Արա Սարաֆեանի, լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» գործի անգլերէն թարգմանութիւնը, որուն մէջ վրիժառուին կողմէ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուի Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Թալաաթ Փաշայի ահաբեկումը, Պերլինի մէջ։ Յատկապէս օտար կարդացողին աւելի հարազատօրէն ներկայացնելու համար, ամենայն բծախնդրութեամբ հրատարակուած է «Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha» գիրքը։
Պելկրատի մէջ, քառասունականներուն Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է իր մօտիկ բարեկամ Վահան Մինախորեանին, որ մանրամասնօրէն թուղթին յանձնած է այս հետաքրքրական տեղեկութիւնները։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ցուցմունքին վրայ, Սողոմոն Թէհլիրեան պատրաստած է այս գործը, որ բաղկացած է 318 լաթակազմ էջերէ, հրապարակի վրայ է Օգոստոս 31, 2022-էն ի վեր։
Նշենք, թէ վերոյիշեալ երեք ձեռնարկներն ալ կազմակերպած են «Համազգային»-ի մասնաճիւղերը։