Պրիւքսէլ.- Բացում՝ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Նոր Գրասենեակի

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Կիրակի, Մարտ 24-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակներով հիւրեր, որոնց կարգին` Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի երկարամեայ բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Ատոմ Թնճուկեան եւ Ռաֆֆի Արսլանեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան, պելճիքացի պատգամաւորներ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Հաղորդագրութեան մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշանակալի է այս գրասենեակի բացումը, անոր հիմնադրութենէն` 2002-էն ի վեր եւ անկիւնադարձային յառաջընթաց մըն է գրասենեակին համար եւ կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ հայկական պետականութեան յառաջխաղացման եւ Եւրոպայի մէջ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին։

Իբրեւ խորհրդանիշ Հայ Դատի առաքելութեան օժանդակութեան` կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Մայք եւ Էվելինա Սարեանները, որոնց ընտանիքի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ ձեռք բերուեցաւ նոր գրասենեակը:

Բացման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին, երախտագիտութեան խօսքեր արտասանուեցան բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ ունին Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն մէջ: Ներկաները, կարեւոր նկատելով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի դերը ընդհանրապէս Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին՝ իրենց բարեմաղթանքները յղեցին գրասենեակի ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքին:

Մայք Սարեան, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ ըսաւ. «Իսկապէս մեծ պատիւ է Պրիւքսէլի մէջ նուիրատուութիւն կատարել Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին` ի յիշատակ մեր հօր` Երջանիկ Սարեանի: Երջանիկը կը մարմնաւորէ մեր իղձը, որն է՝ այս գրասենեակը երջանկութեան աղբիւր դառնայ բոլոր այն հայերուն, որոնք հաւատարիմ են Հայ Դատի յառաջխաղացման ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Մեծ յաջողութիւններ կը մաղթեմ գրասենեակի անձնակազմին եւ մեր համայնքի անդամներուն` յուսալով, որ աւելի շատ ձեռքբերումներ կ՛ունենանք այս մռայլ օրերուն»:

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով Մայք Սարեանին եւ անոր ընտանիքին` ըսաւ. «Խորապէս շնորհակալ ենք պարոն Սարեանին եւ անոր ընտանիքին իրենց առատաձեռնութեան համար: Իսկապէս պատիւ է, որ մեր գրասենեակը կը կրէ հանգուցեալ Երջանիկ Սարեանի անունը: Այս գրասենեակը կը խորհրդանշէ բոլորիս տունը` նուիրուած հայ ժողովուրդին եւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան՝ յառաջ մղելով Հայ Դատի պայքարը: Մենք հաւատարիմ ենք այդ նպատակին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles