ԳլխաւորԼրահոս

Երեւան․- Յարձակում Նոր Նորքի Ոստիկանատան Վրայ

Լուսանկար՝ ՀԵՏՔ

ԵՐԵՒԱՆ․- Կիրակի, Մարտ 24-ին, երեք զինուած քաղաքացիներ փորձած են ներխուժել ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինի վարչական շէնքը, գործածելով նռնակ, որուն պատճառով ներխուժող անձերէն երկու հոգի վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած բժշկական հաստատութիւն: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ վնասազերծած եւ կալանաւորած է նռնակներով զինուած երրորդ անձ մը: Յարուցուած է քրէական գործ` ահաբեկչութեան յանցանքով:

Տեղի ունեցած միջադէպէն ետք շտապօգնութեան ջոկատներէն մէկը, նաեւ երկու քաղաքացի բեկորային վնասուածքներով տեղափոխած է հիւանդանոց:

Միւս կողմէն, Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու եւ կրելու կասկածանքով բերման ենթարկեց 49 անձ եւ ապա ազատ արձակուած:

«Մարտական եղբայրութիւն» կազմակերպութենէն յայտարարեցին, որ բերման ենթարկուածները իրենց կազմակերպութեան անդամներն են: Ձերբակալուածները կը պատրաստուէին երթալ Տաւուշի Ոսկեպար գիւղը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button