«Ցեղասպանութեան հակադարձում. Արցախի բնիկ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգ վերադարձի ապահովում» Խորագրով Քննարկում Քոնկրէսէն Ներս

0 0
Read Time:1 Minute, 52 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Մարտ 13-ին, Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ` Քոնկրէսին մէւ կայացաւ «Ցեղասպանութեան հակադարձում. Արցախի բնիկ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգ վերադարձի ապահովում» խորագրով քննարկում, մասնակցութեամբ աւելի քան տասնեակ մը քոնկրէսականներու, փորձագէտներու, աշխատակիցներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Ուշագրաւ էր «Լեմքին» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Էլիզայ ֆոն Եոտըն-ֆորկէյի ելոյթը, նաեւ միջազգային իրաւունքի փորձագէտ եւ վերջերս ստեղծուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Գառնիկ Քերքոնեանը, վերջերս Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին միացած եւ նախապէս Հայ Դատի Արցախի յանձնախումբի աշխատակից Գեւ Իսկաճեանը:

Քոնկրէսականներէն խօսք առին ծերակուտական Էտ Մարքին, հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը, քոնկրէսականներ՝ Կէյպի Ամոն (Դեմոկրատական-Ռոտ Այլընտ), Ճուտի Չուն (Դեմոկրատական-Գալիֆորնիա), Ճիմ Քոսթան (Դեմոկրատական-Գալիֆորնիա) եւ Պրետ Շնայտըրը (Դեմոկրատական-Իլինոյ)։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործընկեր համայնքային կազկակերպութիւններէն ներկայ էին «Ամերիկա-Յունական առաջնորդութեան խորհուրդ»-էն եւ «Քրիստոնեաներու պաշտպանութիւն» կազմարեպութիւններու ներկայացուցիչները: Քննարկումը վարեց Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը: Ներկայ էր նաեւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Սահակ Եմիշեան։

Իրենց ելոյթներուն ամերիկեան օրէնսդիրները կարեւորեցին արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի ապահով կենսագործումը, այդ ուղղութեամբ ամերիկեան գործադիր մարմինի հետ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանին տրամադրուող յաւելեալ օժանդակութիւնը, ռազմական օժանդակութեան տրամադրումը, 907-րդ բանաձեւի կիրառումէն հրաժարուելու նախագահական արտօնութեան վերացումը, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան դադրեցումը, Պաքուին` կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու համար, պատասխանատուութեան ենթարկումը եւ այլն: Խիստ ուշագրաւ է ծերակուտական Մարքիի խօսքը, ով մասնաւորապէս նշեց․ «Ատրպէյճանին ես կը յայտնեմ․- Ո՛չ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեանը: Ո՛չ հայկական ինքնիշխան տարածքների յանձնմանը: Ո՛չ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալուն: Ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղի պատմական հայկական տարածքի էթնիկ զտմանը»:

«Լեմքին» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Էլիզայ ֆոն Եոտըն-ֆորկէյ անդրադարձաւ հայութեան նկատմամբ շարունակական ցեղասպանութեանը` կատարուածը անուանելով որպէս «հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւն»: Ան ընդգծեց հայկական ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգը` ինչպէս Հարաւային Կովկասում, այնպէս ալ սահմաններէն դուրս` ներառեալ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ: Բանախօսը հանգամանօրէն ներկայացուցէ հայութեան նկատմամբ ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան էութիւնը եւ Պաքուի բռնապետական վարչակարգի ներկայ քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

Գառնիկ Քերքոնեանը ներկայացուց հայութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանական յանցագործութիւնը իրաւաքաղաքական ամբողջ հիմնաւորմամբ, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի առաջնորդած բանակցային գործընթացն առ այն, որ այդ երկու մայրաքաղաքներն ալ Արցախը կը պատկերացնէին Ատրպէյճանի կազմէն ներս` առանց հաշուի առնելու վերջինին ցեղասպանական մտադրութիւնները:

Գեւ Իսկաճեանը, որ Արցախ կը գտնուէր տասնամսեայ շրջափակման օրերուն, եզրափակեց օրուան հանդիպումը` անձնական վկայութիւններ ներկայացնելով շրջափակման օրերու իրավիճակի, ատրպէյճանական ցեղասպանական յանցագործութիւններու եւ արցախահայութեան տոկունութեան վերաբերեալ:

Հայ Դատի յանձնախումբը շաբաթ մը առաջ, քոնկրէսէն ներս հայկական շահերու պաշտպանութեան երկօրեայ աշխատանքներ կատարած էր եւ վերոյիշեալ քննարկումը՝ այդ աշխատանքներու եզրափակումն էր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles