ԹՐՔԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՄԵՔԵՆԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական

Մարտ 15, 1927

Ամերիկեան թերթերը երկու օր առաջ հաղորդեցին, թէ ծովակալ Պրիստոլ յաջողած է Էնկիւրիի մէջ կնքել թուրք-ամերիկեան նոր դաշնագիր մը, որ կոչուած է փոխարինելու Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն մերժուած Լօզանի Դաշնագիրը։

Յայտնի չէ տակաւին այս նոր դաշնագրին բովանդակութիւնը։ Սակայն, ամերիկեան թղթակիցները կը հաւաստեն, որ իբր թէ նոր դաշնագիրը «բազմաթիւ տնտեսական առաւելութիւններ» կու տայ Միացեալ Նահանգներուն։ Իսկ թէ որո՞նք են այդ առաւելութիւնները, այդ մասին առայժմ լռութիւն կը պահեն։

Այսու հանդերձ կարելի չէ տարակուսուիլ, թէ ծովակալ Պրիստոլի կնքած այս դաշնագիրը չի պարունակեր Ծերակուտական Քինկի ձեւակերպած այն գլխաւոր պայմանները, որոնց հիման վրայ մերժուեցաւ Լօզանի Դաշնագիրը։ Բոլոր նշաններուն նայելով՝ Ուաշինկթընի ներկայ վարչութիւնը աննպատակայարմար նկատելով մերժուած դաշնագիր մը կրկին դնելու Ծերակոյտի սեղանին վրայ, քանի մը փոքրիկ փոփոխութիւններու զայն ենթարկելէ ետքը, նոյն դաշնագիրն է, որ նոր անուան մը տակ, ըստ երեւոյթին, կը պատրաստուի հրամցնել ամերիկեան Ծերակոյտին։ Բայց այս անգամ յաջողելու համար՝ Ուաշինկթընի վարչութիւնը ձեռք է ձգած քանի մը տնտեսական առաւելութիւններ, որոնցմով պիտի ջանայ անտարակոյս ազդել տատանուողներուն վրայ եւ գոյացնել 2/3-ի անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը։

Միեւնոյն ատեն մեզ կը հաղորդեն հաւաստի աղբիւրէ, թէ Լօզանի Դաշնագրի պաշտպան թրքասէր կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին ձեռնարկել զօրաւոր նոր քէմփէյնի մը՝ ծովակալ Պրիստոլի կնքած «նոր» դաշնագրի վաւերացումը ապահովելու համար։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները որոշապէս ցոյց կու տան, որ Լօզանի Դաշնագրի մերժումով չի վերջանար մեր ամերիկացի բարեկամներուն աշխատանքը, այսինքն՝ որ Լօզանի Դաշնագրին ընդդիմացող կազմակերպութիւնները եւս պիտի հարկադրուին նորէն հրապարակ գալ եւ շարունակել իրենց եռանդուն պայքարը, կրկին անգամ ձախողեցնելու համար թրքասէրներու նոր ծրագիրները։

Աւելորդ է ըսել, թէ ամերիկահայ հասարակութիւնն եւս, բնականաբար ձեռքերը ծալլած հանգիստ պէտք չ

է նստի ու անտարբեր դիտէ Թուրքիոյ բարեկամներուն մեքենայութիւնները, այլ իր բարոյական եւ մանաւանդ նիւթական միջոցները ի սպաս պիտի դնէ մեր ամերիկացի բարեկամներուն, որպէսզի այս անգամ եւս հայկական դատին ի վնաս քայլ մը չըլլայ այս մեծ հանրապետութեան կողմէ։

Այս նպատակին կոչուած է ծառայելու հայկական Փրէս-Բիւրոյի հանգանակութիւնը, որուն նուիրուած է այսօրուան մեր երկրորդ խմբագրականը…

Մեր ամերիկացի բարեկամները մեր դատին ի սպաս գրած են իրենց «Ժամանակը, կարողութիւնը եւ հմայքը»։ Ու անարդարութիւն եւ նոյնիսկ անպարկեշտութիւն պիտի ըլլար անոնցմէ պահանջել նաեւ, որ նիւթական զոհողութիւններ ալ ընեն մեզի համար։ Այս տեսակէտէն իրաւացի են միանգամայն Փրէս-Բիւրոյի հանգանակից յանձնախումբի կոչին հեղինակները, երբ կ՛ըսեն, թէ մեր պատուախնդրութիւնն իսկ թոյլ չպիտի տայ, որ ելլենք ամերիկացիներէն պահանջենք Հայկական Դատի համար եղած կամ ըլլալիք դրամական ծախսերն ալ։

Գիտենք, որ ամերիկահայ հասարակութիւնը չափազանց յոգնած ու ծանրաբեռնուած է ամէն տեսակ հանգանակութիւններով, եւ միայն նոր էր որ վերջացաւ Շիրակի աղէտեալներու օգտին եղած մեծ հանգանակութիւնը։ Եւ, սակայն, Հայկական Փրէս-Բիւրոյի այս հանգանակութիւնը ազգային տեսակէտով այնքա՜ն կարեւոր նպատակի մը կը ծառայէ, որ ամերիկահայ հասարակութիւնը չի կրնար խուսափիլ անոր եւս օժանդակելէ։ Աւելին. ան պարտաւոր է իր բոլոր ոյժերը լարել եւ լաւագոյնը ընել՝ Հայկական Փրէս-Բիւրոյի խիստ ստիպողական պահանջին եւս լիովին գոհացում տալու համար։

Մենք վստահ ենք, թէ բոլոր անոնք, որոնց համար թանկ է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի Դատը, պարտաւոր են ընդառաջ երթալ Փրէս-Բիւրոյի կոչին եւ իրենց դրամական համեստ նուիրատուութիւններով հնարաւորութիւն տալ անոր՝ շարունակելու իր այնքա՜ն օգտակար գործը…։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles