Զարգացնել Նոր Սերունդներու Մտքի՛ Ուժը

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բացայայտ իրողութիւն է, որ ազգային կամ ընկերային հաւաքական գործին մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը բերենք, երբ գործը կը ղեկավարենք մտքի՛ ուժով: Աշխարհը այսօր կը ղեկավարուի, ամէն բանէ աւելի, ա՛յդ ուժով: Անշուշտ ճիշդ չէ կարծել, թէ զգացումները կարեւոր չեն: Հաւաքական գործի յաջողութեան կապակցութեամբ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ զգացումի ուժը, բայց խելացի կերպով աշխատելու եւ սպասուած շօշափելի արդիւնքը ձեռք բերելու համար հիմնական եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն պէտք է տանք մտքի՛ ուժին:

Մեր հաւաքական գործին մէջ արդեօք այս իրողութեան կարեւորութիւն կու տա՞նք: Արդեօք նոր սերունդներու մտքի՛ ուժը զարգացնելու համար անհրաժեշտ ճիգը կը թափե՞նք: Հետեւեալ դիտարկումները կ՛առաջնորդեն անդրադառնալու, որ այս ուղղութեամբ տագնապ կայ.

– Մեր նոր սերունդներուն մատչելի եղող մետիային մէջ (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, մամուլ, առցանց հարթակներ) հազուագիւտ են համամարդկային հարցերով զբաղող նիւթերը եւ ընդհանրապէս մտքի լայն հորիզոն ու արդիականութիւն քաջալերող եւ գաղափարական խորացում բերողները:

– Նոր սերունդներուն մատչելի եղող մեր մետիային հրատարակած աշխատութիւններուն մէջ տիրապետող է զգացականութիւնը:

– Մեր հրապարակային քննադատական արտայայտութիւնները, շատ յաճախ, նոր սերունդներու միտքը զարգացնող քննական դիտարկումներէ եւ ուսումնասիրական խորացումէ աւելի, կը պարունակեն զգացական դատավճիռներ, պիտակաւորումներ կամ անուանարկումներ:

– Հազուագիւտ են ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու հետեւիլ փափաքող ուսանողներու նիւթական նեցուկ տրամադրող ֆոնտերը:

– Մեր երիտասարդութեան` միջազգային եւ համաշխարհային տագնապներու հետ առնչուող մեր տուած գաղափարական դաստիարակութիւնը գրեթէ անգոյ է:

– Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան մեր տուած դաստիարակութիւնը ընդհանրապէս կը միտի զարգացնել զգացումները եւ զգացականութիւնը, եւ` ո՛չ միտքը:

***

Ինչպէս վերը կ՛ըսէինք, աշխարհը այսօր կը ղեկավարուի, ամէն բանէ աւելի, մտքի՛ ուժով: Ճիշդ է, որ պետական եւ հանրային գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ զգացումի ուժը, գումարուելով մտքի ուժին եւ դերակատարներուն նպատակներուն, կրնայ մղել նախաձեռնութիւններ առնելու, այո՛, բայց աշխատանքներու ղեկավարումին մէջ անհամեմատ աւելի մեծ դեր կը խաղայ մտքի՛ ուժը:

Նաեւ` եթէ բացակայի մտքի ուժը, զգացումի ուժի արդիւնքով ճամբայ ելած նախաձեռնութիւնները պիտի մատնուին ձախողութեան:

Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութենէն հեռու պիտի ըլլանք, եթէ չզարգացնենք մեր նոր սերունդներու մտքի՛ ուժը:

Սկսելով կրթական օճախներէն, անցնելով ակումբներէն, բեմերէն, նոր սերունդներուն մատչելի մետիայէն եւ հրատարակութիւններէն` ամէնուրե՛ք մտքի ուժ զարգացնելը պէտք է ըլլայ ռազմավարակա՛ն նպատակ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles