Առաջին Անգամ Ըլլալով Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը  Մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Հիմնարար Իրաւունքներու Համաժողովին (Fundamental Rights Forum 2024)

0 0
Read Time:50 Second

11-12 Մարտ 2024-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած տարածաշրջանային կարեւոր այս համաժողովին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ներկայացուց՝ Հ.Յ..Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Արտաքին Յարաբերական Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սահակեանը: Համաժողովի զանազան նիստերու եւ միջոցառումներւ ընթացքին մասնակիցներուն մօտ Արցախի հիմնախնդրին ու Արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրազեկութեան մակարդակաը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ շարք մը հանդիպումներ կատարուեցան Եւրոպական տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Եւրոպայի Երիտասարդական Ֆորումի նախագահին հետ: Համաժողովը առիթ էր նաեւ Եւրոպական շրջանակներուն մօտ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի յարաբերական դաշտը ընդլայնելու:

Հարկ է նշել, որ համաժողովին ներկայ էին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի բարձրաստիճան Քաղաքական գործիչներ, Եւրոպական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ համալսարաններու աւելի քան 700 ներկայացուցիչներ:

Համաժողովը խտացուած յայտագիրով քննարկեց Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծումները երեք ընդհանուր վերնագիրներով 1- Պաշտպանել Ժողովրդավարութիւնը եւ Քաղաքացիական իրաւունքը Եւրոպայի մէջ (Protecting democracy and civic space in Europe)

2- Ձեւաւորել ընկերական եւ կենսոլորտային Կայուն Եւրոպա (Shaping a socially and environmentally sustainable Europe)

3- Ապահովել օրէնքի եւ իրաւունքի ենթակայ թուայնացում (Ensuring right-compliant digitalisation)։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles