ԴԱՐ ԵՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ՄԸ ԵՏՔ ԱԶԳԻՆ ԿՂՊՈՒԱԾ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՆԱՆՔ

0 0
Read Time:5 Minute, 22 Second

Յ. Պալեան

            Ամեակները կը նմանին ալպոմի նկարներ դիտելու սովորութեան: Այդպէս են 1915ին վրայ գումարուող ամեակները: Նոր ամեակ. անոր առջեւի թուանշանը կը փոխուի, տարի մը ետք՝ թուանշանի նոր փոփոխութիւն:      Աւարտած  ամեակը ԱԶԳԻ տեսանկիւնէ տեսակարար ի՞նչ տարբերութիւն ունեցաւ նախորդէն եւ յաջորդը  ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ ներկայի կամ գալիք ամեակէն: ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆ եղած ենք, ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆՔ, ԱԶԳԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԷ ԶՐԿՈՒԱԾ Է: Անհատները եւ անոնց գումարումը ԱԶԳի հետ պէտք չէ շփոթել:

            Ազգի Պատմական ժամանակը սառած է: Իրաւ եւ ճշմարիտ շարունակութիւն ըլլալու համար ի՞նչ են չափանիշները, որպէսզի գիտնանք թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք, ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ՝ որպէս ի՞նչ եւ ի՞նչ ընելու համար:           Հայ եւ հայութիւն շաբաթավերջի յիշողութեան եւ զբօսի   զգացական հանդէ՞ս են, թէ՝ ընկերաքաղաքական հաստ իրողութիւն՝ որ ա՞զգ է, թէ այս կամ այն պիտակով համայնք, որ յոգնակի է եւ տեւաբար կը յոգնակիանայ՝ մէկ բեւեռէն միւսը:

Ցեղասապանոութիւն եւ հայրենահանում աւարտա՞ծ են, թէ՞ կը շարունակուին:     Եթէ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութիւնը եւ բազմադէմ քաղքենիացումները  չեն բթացուցած հարազատութեան գիտակցութիւնը, պիտի տեսնենք որ ամէն օր որ կ’անցնի ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հանդէս է: Անատա՞կ դարձած ենք ըմբռնելու եւ ըստ արդիւնքի դատելու, որ ամէն բնոյթի կրկնուող նոր գաղթականութիւնները եւ մոլորակի տարածքին վրայ հայածնունդներու սփռումը, հայրենահանման շարունակութեան վկայութեան են: Իրականութիւնը մատներու արանքէն պէտք չէ դիտել:          Կրկին, ըստ արդիւնքի պէտք է մտածել: Միթէ՞ շարունակուող ցեղասպանութիւն չէ, երբ Հայը կը դադրի այդպիսին ըլլալէ եւ կը դառնայ Ծագումով հայ: Փէշերը հաւաքած՝ կը մեկնի նոր հայրենիք գտնելու արկածախնդրութեան:  Միթէ՞ Հայրենիքը կովարածի «պլու ճին» է, որ երբ հիննայ կամ պատռուի փոխարինուի:       Ի՞նչ պէտք է հասկնալ, երբ հայ երիտասարդը կ’ըսէ. «Մեծ հայրս ալ հայ էր»… Եթէ զրոյցը շարունակէք, կրնայ որպէս դարու զաւակ, ըսել՝ թէ ինք աշխարհաքաղաքացի է: Ցեղասպանուածներ՝ առաւել բազմացող մէկ       Ազգը եւ հայկական ՊԵՏՈՒԹԻՒՆը, գումարած բազմաթիւ եւ բազմանուն կուսակցութիւնները, իրողապէս (de facto) ի՞նչ կ’ընեն եւ ի՞նչ ըրած են կասեցնելու  համար հայասպանուածներ առաւել մէկի անկասելի դարձած ընթացքը, որ ԱԶԳԻ շարունակուող պարտութիւնն է: Ինչ որ կ’ընենք, կը կարծենք ընել, մատնոցով ովկիանոսի ջուրը պարպելու խաղ է, բեմադրութիւններու գումար, բազմանուն եւ աշխարհատարած միութիւններով, կազմակերպութիւններով, եկեղեցիներով, համացանցի վրայ օր աւուր աճող իմաստուններով եւ իրարու դէմ նիզակ ճօճողներով:       Ուժերու եւ կամքերու մէկտեղումը երբ կը բացակայի, կ’ընդունինք վերջնական պարտութիւնը, եւ կը հասնինք հոն՝ ուր «մեծ հայրս ալ հայ էր» ըսողներ ալ չեն ըլլար           Ազգի ապրելու իրաւունքէ զրկումը վերջ գտա՞ծ է, թէ կը շարուանակուի: Ի հարկէ, խօսքը կը վերաբերի ԱԶԳին, ո՛չ ասդին եւ անդին «լաւ ապրողներ»ու, որոնց ներկան շարունակութիւն չէ եւ պիտի չըլլայ: Ազգ  չկայ առանց շարունակութեան եւ առանց անոր պատասխանատուութեան ստանձնումին: Պարզ չէ՞, որ Ազգը անինքնութիւն կամ անինքնութիւնացող միաւորներու թուական գումարում չէ: Անինքնութիւնացումը ազգի ապրելու իրաւունքէ զրկում է, ընթացք՝որուն դատապարտած են ազգը, որուն իրենք զիրենք կը դատապարտեն գաղթականը, արտագաղթողը, վասն լաւ ապրելու իրաւունքի պայքարող անհատները:       Փոխան ոգեկոչումներով հոգեմաշ խօսքեր կուտակելու, անհատաբար  եւ հաւաքաբար պէտք է գիտնանք թէ ի՞նչ են մեր յարաբերութիւնները ԱԶԳի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔի հետ, անոնց նկատմամբ ի՞նչ են մեր պատասխանատուութիւնը եւ յանձնառութիւնը: Անոնց ՄԷ՞Ջ  ենք, թէ՝ անոնցմէ ԴՈՒՐՍ: Այս ՄԷՋի եւ ԴՈՒՐՍի տրամաբանութիւնը կ’արտայայտուի հայը հայուն հանդէպ կատարած բարեսիրութեա՞մբ, ինչ ալ այդ ըլլայ բարեսիրութեան ծաւալը, հետաքրքրութեա՞մբ, երբ ՄԷՋը եւ ԴՈՒՐՍը մէկ չեն, ազգ չեն, երբ կը բացակային մոգական յղացքները, ինչպէս՝ ներկայութիւն, յանձնառութիւն, կը փոխարինուին բարեսիրութեամբ, զոր պէտք չէ շփոթել ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՀԵՏ: Ինչպէ՞ս կարելի է Պատմութեան ցուրտին դէմ պայքարիլ, պաշտպանուիլ, Արարատի գմբէթին վառած մոմի կրակով, երբ զայն դիտենք Սոչիէն, Մանհաթանէն Էյֆէլէն, Պեվըրլիէն: Բազմապատկե՛լ…     Եւ հայրենասիրական ինքնախաբէութիւն խաղալ շաբաթավերջին կազմակերպուած ճաշկերոյթէ գոյացած գումարներըը յատկացնելով այս կամ այն նպատակին, որոնք օդանաւ ելլելով եւ օդանաւէն իջնելով կը սպառին:           Ազգը եւ հայրենիքը Գոյութենական ՀԱՐՑ ունին, որուն համար անհրաժեշտ են մեծ անհատական եւ համազգային զոհողութիւններ եւ մեծ գումարներ, այդ հարցը սառած է, փակուղիի մէջ  է: Անմիջականի մէջ թաղելով մեր գլուխը, ժողովուրդ, գաղթականութիւններ, պետութիւն, դադրած են մտածելէ եւ որպէս օրակարգ ունենալէ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱԶԳԻՆ վերադարձնելու գյապահպանական հարցը: Առանց այս վերադարձին, ճառեր զարդարող  ԲԱԶՄԱՄԻԼԻՈՆ ՍՓԻՒՌՔԸ, դատապարտուած է ապահայացման:

            Մենք մեր վրայ գթալու եւ ուրիշներու ալ բարեսիրական եւ քաղաքական խիղճին դիմելու համար, տասնամեակներ շարունակ, յիշեցուցինք, եւ կը յիշենք, որ ունեցանք երկու միլիոն մարդու կորուստ: Անոնք ետ պիտի չգան: Հիմա, ամէն տարի որ կ’անցնի, ֆիզիքապէս համաշխարհային դարձող ազգի կորուստը ո՞վ, մանաւանդ ինչպէ՞ս կը գնահատէ: Մինչեւ դարու աւարտը պիտի ըսե՞նք թէ  քանի միլիոնով աւելցած է այդ երկու միլիոնը:

          Մենք մեզի ուժի զգացում սրսկելու համար, հայերու համրանքը երբ կը գնահատենք, կը խօսինք տասնեակներով միլիոն հայերու մասին: Ինչպէ՞ս կը հաշուենք այդ հայերը, «մեծ հայրս ալ հայ էր» եւ այդքանն աԼ չըսողներո՞վ:

            Աւելի պարզ խօսելով, ԲՌՆԱԳՐԱՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔի հարց ունի՞նք թէ չունինք: Եթէ չունինք, ժամանակ մըն ալ պիտի մխիթարուինք Հայրենիքի «հողակտոր»ով եւ անոր պետութեամբ, եւ եթէ հաւկուրութենէ չենք տառապիր, այդ հողակտորը ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը պիտի չկարենայ պարփակել ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, նոյնիսկ եթէ առաջնորդուինք ամենայն լաւատեսութեամբ:

            Վաղը միշտ ուշ է:

            Մինչ այդ, մինչեւ արդարութեան պահը, ինչպէ՞ս հայ եւ շարունակութիւն պիտի ըլլան հայ ազգային մարդահամարի միլիոնները:

            Այսօր պէտք է հետապնդել իր հայրենիքէն հայրենահանուած ժողովուրդի իր հայրենիքը վերադարձի իրաւունքի դատը: Այս կրնայ անհեթեթութիւն համարուիլ, երբ ՀՈՂԱԿՏՈՐէն ալ կը հեռանան «հայաստանցիներ»ը:       Հայրենահանուածները, զորս կոչեցինք սփիւռք, ՀԱՅ ԴԱՏ հետապնդեց, զայն սեղմելով «ցեղասպանութեան ճանաչման զսպաշապիկին մէջ: Եթէ պետութիւններ Ցեղասպանութիւնը ճանչցան, արդարութիւնը եւ բարոյականութիւնը միջազգային օրէնքները պէտք է խօսին եւ ընդունին հայ ժողովուրդի հայրենիքի բռնագրաւման իրողութիւնը: Որպէսզի այդ ընեն, հայրենահանուածներու սերունդները իրենք, բարոյախօսական ճանաչումներու պայքարի ազգային իրաւ հանգրուանը պէտք է թեւակոխեն, առանց կանգ առնելու ներկայի անկարելիութիւն համարուող  պատին առջեւ:

            Պատմութիւնը սառցակոյտ է, որուն ընդերքին կան վաղուան հրաբուխները:  Մեծ փոփոխութիւններու օրը եւ ժամը ոչ ոք կրնայ նախատեսել: Եթէ հինգ տասը, յիսուն եւ աւելի տարիներ ետք պատմութեան հրմշտուքին մէջ փոխուին քարտէսները, Հայերն ու Հայութիւնը, աստեղային այն պահուն ներկայ պիտի ըլլա՞ն ինչպէս՞ եւ որպէս ի՞նչ: Այս կը պատրաստուի, «լաւ ապրելու տենդ»է տարբեր որակի ըմբռնումով եւ գործով: Այս հեռանկարը ըմբռնող եւ այդ ըմբռնումով գործող ժամանակաւորէն եւ անմիջականէն անդին նայող եւ ԱԶԳԻ  իրաւունքի գիտակցող եւ զայն չլքող ղեկավարութիւն կ’ունենա՞նք, որ տեւաբար ըսէ եւ կրկնէ, որ, այսօր, վաղը եւ միշտ, ԱԶԳԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻՆ:

            Եւ վերջ:

            Որպէսզի մենք եւ մեր յետնորդները պատրաստ ըլլան դիմակայելու ՊԱՀԸ՝ երբ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՕՂԱԿ ԿԸ ՓՈԽԷ:

            Պարզ. չմտածել եւ չգործել փողոցի անկիւնի մանրավաճառին պէս եւ ունենալ ՏԵՍԻԼՔ:

            ՄՆԱԼ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ ՏԻՐՈՋ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ:

                        Միթէ՞ այս ենք, այսպէ՞ս ենք: Ի՞նչ ընել որպէսզի այսպէս չըլլանք:

            Խորանէն, բեմէն այսպէս կը խօսի՞նք մեր ժողովուրդին, ամենուրեք ուր հայ կայ, ընելով նաեւ այնպէս, որ ծագումով հայը դառնայ, ոչ թէ աշխարհի քարտէսի զանազան անուններով քաղաքացի, այլ՝ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ աղէտին դէմ:

Եւ ընթացիկ ճանաչումները փոխարինել առեւանգուած հայրենիքի վերանուաճման օրակարգով: Կանխաւ չընդունիլ՝ որ այդ անկարելի է:

          Նահանջ եւ պարտութիւն երբեք իրաւունք չեն վերականգնած:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles