Շաբաթ, 2 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 2-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Լիլիան Առաքելեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տիթրոյթի Հ․Օ․Մ․-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի կազմակերպած Միջինքի հացկերոյթը։ Արդարեւ տարիներէ ի վեր Շաքէ մասնաճիւղի բաժին ինկած տարեկան այս ձեռնարկը, թագաժահրէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կեանքի կը կոչուէր։
Հարիւրի հասնող հօմուհիներ եւ համակիրներ համախմբուած էին հարազատ մթնոլորտի մը մէջ վայելելու մեր աւանդական կենցաղին մէջ լայն տարածում գտած միջինքի հացկերոյթը։
Հ․Օ․Մ․-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ երէցկին Թամար Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ մասնաճիւղի տարեկան այս ձեռնարկի կարեւորութեան։ Ընկերուհին հրաւիրեց քահանահայր տէր Հրանդ Գէորգեանը, որ փոխանցէ իր սրտի խօսքն ու օրհնէ ճաշասեղանը։ Այնուհետեւ ներկաները հրաւիրուեցան մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած պահքի աւանդական ճաշատեսակներու ճաշակումին։ Ճաշասեղանին զետեղուած ուտեստներէն իւրաքանչիւրին քով դրուած պիտակին վրայ նշուած էր տուեալ ճաշատեսակի բնօրրանը։ Այսպէս՝ Արցախի ժենկեալով հացի կողքին էր Մուսա լերան գետնախնձորով կոլոլակը, Կարմուճի շիրիկով պահքի կոլոլակը, կիլիկեան ոսպով կոլոլակը, ձէթով փաթոյթն ու հայկական աղցանը։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Նարօտ Քէյվանեան, որ մատուցեց Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն։ Այնուհետեւ սահիկաշարի ցուցադրութեամբ Լենա Նազարեան անդրադարձաւ Միջինքի աւանդական սովորութիւններուն, աւանդոյթներուն եւ իւրաքանչիւր շրջանի իւրայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական մշակույթի ամենագեղեցիկ, խորհրդանշական և խորհրդաւոր արժէքներէն՝ հայոց ծիսական տիկնիներէն՝ Ուտիս տատիկի եւ Պաս պապիկի (Ակլատիզ) կերպարներուն եւ գործառոյթներուն։
Աւանդական քաղցրաւենիքի մատուցումէն ետք կատարուեցաւ վիճակահանութիւնը։ Ցուցադրուած ապրանքներուն մեծամասնութիւնը Երեւանի «Հ․Օ․Մ․ Արուեստ»-ի կեդրոնի ձեռայիններ էին, զորս մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցին ներկաներուն մէջ։
Նմանօրինակ ձեռնակները կը նպաստեն մեր աւանդութիւններու պահպանման եւ նորանոր սերունդներու փոխանցման, իսկ Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնն է նաեւ սատար կանգնիլ մեր մշակոյթի այլազան դրսեւորումներուն։
Թղթակից