ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՛նչ կ՛ըսէ երկրիս մասին, ես պիտի շարունակեմ ընել այն ի՞նչ որ կ՛ուզեմ»: Սակայն ասիկա կ՛ըսուի քողարկման համար: Ատրպէյճան, անկախ իր հրապարակային կոշտ ելոյթներէն, վարագոյրներու ետին աշխատանք կը տանի այլ երկիրներու հետ իր հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար:
Անցեալ շաբաթ գրած էի, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան խնդրած է Իսրայէլի կառավարութենէն` միջնորդել Ֆրանսայի մօտ` բարելաւելու համար իրենց յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն վատթարացած էին արցախեան հակամարտութեան ընթացքին Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան պատճառով: Երբ Իսրայէլ մերժեց Ալիեւի խնդրանքը` միջնորդել Ֆրանսայի մօտ, Ատրպէյճան սկսաւ այլ ուղիներ փնտռել Եւրոպայի հետ իր հարցերը լուծելու համար:
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կողմէ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը կասեցնելէ ետք, Ալիեւ խնդրեց Արաբական պետութիւններու լիկայէն` միջամտել եւրոպացիներուն մօտ` Ատրպէյճանի կարգավիճակը վերականգնելու համար: 13 փետրուար 2024-ին Ատրպէյճանի խնդրանքով Արաբական լիկայի խորհրդարանի նախագահ Ատել պըն Ապուլ Ռահման Ասումի նամակ յղեց ԵԽԽՎ նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի` բողոքելով ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւին դէմ, որ կը մերժէ վաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագիրները:
Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին ըսաւ. «Արաբական խորհրդարանը իր խոր ափսոսանքը կը յայտնէ այս բանաձեւի ընդունման համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր է եւ կարեւոր ու ազդեցիկ դեր կը խաղայ մշակութային բազմազանութեան պահպանման եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի անդամ է 2001-էն ի վեր եւ մեծ դեր կը խաղայ այս կազմակերպութեան գործունէութեան ու սկզբունքներու խթանման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` իր հետապնդած նպատակներուն հասնելու գործին մէջ: Համաշխարհային մակարդակի վրայ ան համատեղ ջանքեր կը գործադրէ լարուածութիւնն ու պատերազմները նոազեցնելու համար…»:
Այնուհետեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին խորհուրդ տուաւ` ըսելով. «Բազմակողմանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ տեսակէտներու հաշտեցման գործիք եւ դիմադրութեան պատ բոլոր պառակտումներու առջեւ եւ յաւելեալ արժէք` խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան սկզբունքներու տարածման համար»:
Նամակը կ՛աւարտէր ԵԽԽՎ-ի կոչ ընելով` վերանայիլ աւելի կանուխ ընդունած բանաձեւը, որ մերժած էր վաւերացնել Ատրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրները, «որոնք կը հակասեն երկխօսութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքներուն»:
Բնականաբար Ատրպէյճանի խորհրդարանը (Միլլի մեճլիս) անմիջապէս հրապարակեց Արաբական խորհրդարանի նամակը, զոր հրապարակած էին նաեւ Ատրպէյճանական շարք մը թերթեր:
Շատ տարօրինակ է, որ Արաբական խորհրդարանը միջամտած է ԵԽԽՎ-ի գործերուն` արաբական պետութիւններու հետ կապ չունեցող հարցի մը գծով: Ատրպէյճան Արաբական լիկայի ո՛չ անդամ է, ո՛չ ալ դիտորդ: Ինչպէ՞ս կրնայ Արաբական խորհրդարանի նախագահը Ատրպէյճանը կոչել «արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր», երբ ան Իսրայէլի դաշնակիցն է եւ իսրայէլեան զէնք կը գնէ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ: Այդ էր պատճառը, որ նախապէս Արաբական լիկայի կողմէ մերժուած էր Ատրպէյճանի` դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքը: Արաբական խորհրդարանի` ԵԽԽՎ-ի նամակ գրելու պատրաստակամութեան միակ հնարաւոր բացատրութիւնը այն է, որ Ատրպէյճան զբաղած է «խաւիարային դիւանագիտութեան» իր սովորական վարժութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան շատ առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Արաբական լիկային: Հետեւաբար Արաբական խորհրդարանի յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ձգտման մասին իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի:
Քանի որ Հայաստան 2005-էն ի վեր դիտորդի կարգավիճակ ունի Արաբական պետութիւններու լիկայէն ներս, հետաքրքրական էր ինծի իմանալ, թէ Լիկայի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը տեղեա՞կ էր արդեօք, որ Արաբական խորհրդարանը կը դիտարկէր այսպիսի նամակ մը ուղարկել ԵԽԽՎ-ի` ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի: Եթէ` այո՛, ապա ի՞նչ գործողութիւններու ձեռնակած է ան (եթէ այդպիսիք կան)` առարկելու համար նման նամակի մը յղման:
Բացի Արաբական լիկայէն Ատրպէյճան ԵԽԽՎ-ի մէջ իր լոպիիստական ջանքերը կ՛իրականացնէ իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջոցով: Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիր Եաշար Եաքիս 25 փետրուարին ARAB NEWS-ի մէջ գրած է. «Թուրքիա կտրականապէս դէմ արտայայտուած է Ատրպէյճանի (ԵԽԽՎ-էն) դադրեցման գծով… Եթէ նոյնիսկ դադրեցուի Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին, ան կրնայ գոյատեւել առանց անդամ ըլլալու»:
Աւելի կանուխ` փետրուարին, երբ Ալիեւ այցելեց Էրտողանի Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ նախագահը խոստացաւ ընել կարելին` «ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի հաւատարմագիրները վաւերացնելու համար: Մենք պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնն ու ջանքերը Ատրպէյճանի, որովհետեւ տակաւին որոշումը (հաւատարմագիրները չվաւերացնելը) յետս չէ կոչուած»: Էրտողան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա պիտի շեշտէ, որ ԵԽԽՎ պէտք է հարթակ ըլլայ «խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, այլ ոչ թէ` հակամարտութեան» համար: Սակայն Ալիեւ եւ Էրտողան չունին խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն` իրենց սեփական երկիրներուն մէջ:
Եթէ Ալիեւ իսկապէս չմտահոգուէր, թէ այլ երկիրներ ի՛նչ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն Ատրպէյճանի դէմ, հաւանական է, որ այդքան ջանք չգործադրէր Արաբական լիկայի եւ Էրտողանի լոպիինկի համար` ԵԽԽՎ-ի մէջ իր երկրին հաւատարմագիրները վերականգնելու նպատակով: Ան պարզապէս կ՛անտեսէր ԵԽԽՎ-ի որոշումը:
Ճշմարտութիւնը այն է, որ Ալիեւ խորապէս մտահոգուած է իր վարկին համար: Բռնակալներուն մեծ մասը խախտելով ներքին եւ միջազգային բոլոր օրէնքները` ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի արդարացնէ իր յանցագործութիւնները եւ փորձէ հրեշտակ ձեւանալ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ