ՅԵՏ-ՄԻՒՆԻԽԵԱՆ ԱՐԵՒԱԾԱԳԸ

0 1
Read Time:6 Minute, 55 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

20 Փետրուար 2024

Նիկոլ Փաշինեանի Միւնիխ այցելութիւնն ու հոն տեղի ունեցած տեսակցութիւններու շարքը կը մնայ հայկական քաղաքական բեմը յուզող եւ մտահոգող գլխաւոր նիւթերէն մէկը, առատ վառելանիւթ հայթայթեց մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու սակարանին: Ամէնէն շեշտակի մտավախութիւնները կապ ունին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանին – եւ Թուրքիոյ – ընծայուելիք նոր զիջումներու ցանկին հետ, որ կը հիմնաւորուի գոնէ այն իրողութեամբ, որ այս իշխանաւորն ու «ուսապարկ»երը այլեւս ճակատաբաց կը խոստովանին պահանջուած նահանջներուն ընդառաջելու «անխուսափելիութիւնը», որովհետեւ, կ’ըսեն, փոխընտրանքը՝ պատերազմն է: Այլ խօսքով՝ եկէ՛ք, տանք, որովհետեւ այլապէս, Ատրպէյճան կը սպառնայ զէնքի ուժով խլել: Չեն ըսեր, որ հայկական կողմի նահանջներուն մէջ իրենց բանաւոր ու գրաւոր խոստումներն ու քողարկեալ համաձայնութիւնները ի՞նչ բաժին ունին, կամ արդեօք կարելի չէ՞ վերջ տալ ապիկար ձեռնաթափութեան եւ քիչ մըն ալ փրկարար աշխատանք տանիլ:

Միւնիխի թատերաբեմին վրայ ներկայացուած բեմադրութիւններուն (մէկ չէ, այլ ամբողջ շարք մը) մասին արդէն բաւական տեղեկութիւն հրապարակուած է, հակառակ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն ժլատութեան: Ուշագրաւ էր այն, որ անգամ մը եւս, Պաքուէն տրուած տեղեկութիւնները աւելի՛ առատ են եւ կը թուին հաւաստի (երանի՜ թէ չըլլային), իսկ Երեւանէն տրուածներուն մէջ կ’երեւի այն, որ կարծէք թէ մոռցուած են «Ատրպէյճանը խաղաղութիւնը կը խափանէ» եւ նման իրա՛ւ մեղադրանքները եւ հանրութիւնը (իշխանաւորներուն կոյր հետեւորդ հանրութիւնը) կ’առաջնորդուի «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ներով: Ալ ի՜նչ խօսք՝ խլուած Արցախին, Պաքու գտնուող պատանդներուն եւ այլ «մանրուքներ»ու մասին: Այս մասին երկար խօսիլը իմաստ չունի:

***

Ցարդ հաղորդուած լուրերէն ու մեկնաբանութիւններէն անդին, կ’ըսուի, որ կան քողարկեալ բաներ, որոնք ձեռք բերուած են… գաղտնալսողներու կողմէ: Այս «լսողներ»ը կը հաւաստեն, որ արդի արհեստագիտութիւնը օգտագործելով, հնարած են թռչնիկներ (կատակ չկարծէ՜ք), որոնք առանց ուշադրութիւն գրաւելու՝ կ’երթան եւ կը թառին (եղեր) բանակցողներու գլխավերեւները կամ պատուհաններուն կողքին եւ կ’արձանագրեն որոշ խօսակցութիւններ:

Ահա թէ ինչե՜ր լսեր են ու տեղեկագրեր՝ այդ թռչնիկները (կը քաղենք միայն երեք հանդիպումներէ «գաղտնալսուածները», որովհետեւ ափրիկեան կամ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներու խօսակցութիւնները այդքան ալ շահեկան չեն):

***

ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ.- Ատրպէյճանի նախագահը խոր ցնծութեամբ թօթուած է Նիկոլին ձեռքը եւ ըսած (հանդիպումին, խօսողը 95 առ հարիւրով եղած է Ալիեւը): Ան առաջին հերթին գնահատած է Երեւանի վարիչը, որ սահմանային վերջին արիւնալի դէպքին մեղքը նետած է հայ սահմանապահներու վրայ, յայտարարելով, որ քննութիւն պիտի բացուի եւ (ազերիներուն վրայ) կրակողները կրնան պատժուիլ: Ան նկատած է, որ Պորէլն ալ «արագ բռնած» է Նիկոիլին նետած գնդակը եւ մեղադրանքին բերռ նետած՝ հայկական կողմի ուսերուն:

Ալիեւի «աֆէրիմ»ը նորութիւն չէ եղեր. ան չէ մոռցած, որ Արցախի հայաթափման նախօրեակին, Փաշինեան ձեւով մը անմեղ հռչակած էր ազերիական կողմը, ըսելով, որ արցախցիներուն վտանգ չի սպառնար: Ալիեւ մեղադրական աչք մը նետած է Միրզոյեանին, որ այդ օրերուն, ՄԱԿի բեմէն մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Ատրպէյճանի հասցէին: Փաշինեան եւ Միրզոյեան լայն ժպիտով պատասխանած են, որ նման մեղադրանքներ եւ «Ատրպէյճան կը սպառնայ»ները պարզապէս ներքին սպառումի համար են, մինչդեռ իրենք ու գործակիցները բոլորանուէր հաւատարմութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, այսինքն՝ Արցախի վերջնական յանձնումէն ետք, նա՛եւ Հայաստանէն պատառ-պատառ յանձնելու (համաձայնուած) ծրագիրին իրականացումը: Անոնք հաւաստիք տուած են, որ իրենց համակիրները այնպէ՛ս մը ուղեղալուացքի ենթարկուած են, որ «ապագայ կայ, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ» յայտարարութիւններով կլանուած են եւ հոգ պիտի չընեն, մինչեւ իսկ եթէ վաղը Հայաստանէն պատառիկ մըն ալ չմնայ, շնորհիւ այն «մանտաթ»ին, որ տրուած է այս իշխանականներուն:

Ալիեւ գնահատանքով խօսած է նաեւ բանակին հանդէպ անփոյթ գտնուելու եւ անոր մէջքը նորանոր հարուածներով կոտրելու փաշինեանականներու քաջագործութիւններուն համար: «Դուք զէնքի պէտք չունիք, մենք ամէն օր կը զինենք մեր բանակը, աւելի յաճախակի դարձուցած ենք մեր զօրավարժութիւնները», ըսած է Ալիեւ. «Դուք շարունակեցէք ձեր ժողովուրդին աչքին փոշի փչել՝ ասկէ-անկէ զէնք կը բերենք ըսելով, մենք ալ այդ խօսքերը կ’օգտագործենք նոր պատերազմի սպառնալիքներու համար, ու դուք պէտք է գոհ ըլլաք, որ այդ ձեւով, ձեր ժողովուրդը յարատեւօրէն կը պահէք վախի մթնոլորտի մէջ, ժամանակ չեն ունենար մտածելու, թէ քայլ առ քայլ կորուստները զիրենք ուր կը հասցէն: Իսկ դուք, իբրեւ մեր սիրասուն գործակիցները, միայն շահ ունիք այս մթնոլորտը մտրակահարելէ: Ձեր Ալլահին զաւակը առակ մը ունի, որուն մէջ կ’ըսուի. Ապրիս, հաւատարիմ ծառայ, դուն՝ որ քիչ բաներու մէջ հաւատարիմ եղար…»:

Ալիեւ անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրած է «Զանգեզուրի անց»ին ու յարակից պահանջները, յիշեցնելով, որ տրուած խոստումները իրականացնելու պահը կը հասնի: Ան շեշտած է, որ ինք տրամադիր չէ բաւարարուելով լոկ քանի մը գիւղով, այլ կ’ուզէ հիմնական վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանի ամբողջ քարտէսը (իբր թէ գաղտնի պահած է, որ նպատակը ամբողջ Հայաստանի կլանումը չէ): Այս ծիրին մէջ, չնաշխարհիկ գաղափար մը տուած է Փաշինեանի: Ըսած է. «Տե՛ս, ես քանի մը անգամ պահանջ դրի, որ Հայաստանէն հեռացած ազերիները պէտք է վերադառնան: Ասիկա քեզի համար լայն հեռանկարներ կը բանայ: Լաւ կ’ընես, որ Արցախէն տեղափոխուած հայերը Հայաստանի քաղաքացի չես ճանչնար: Շարունակէ անոնց կեանքը դժուարացնել, որպէսզի կամաց-կամաց հեռանան Հայաստանէն: Եթէ վաղը-միոս օր ընտրութիւն ըլլայ, անոնք քեզի քուէ պիտի չտան, մինչդեռ եթէ ազերիները բազմանան, ես անոնց կը յանձնարարեմ, որ անպայման քուէ տան քու խմբակիդ»:

Ալիեւի վերջին յանձարարականներէն մէկն ալ եղած է այն, որ Փաշինեան պէտք է տաք կրակի վրայ դնէ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութիւն մը եփելու ճաշը, որովհետեւ ժամանակը ի նպաստ իրեն չէ, պէտք է թուրք-ազերիական կողմէն որեւէ հողային կամ այլ պահանջի թղթածրարները միանգամընդմիշտ դուրս դրուին յառաջիկայի բանակցութիւններէն: «Դասագիրքերու վերախմբագրումի քայլդ լաւ էր. Արարատի, զինանշանին եւ այլ խորհրդանիշներուն մասին կեցուածքներդ ալ շա՜տ հաճոյ են մեզի, արժանի ես բազմաթիւ շքանշաններու», ըսած է Ալիեւ, որ նաեւ յիշեցուցած է, որ ռուսերուն հեռացման պահանջներն ալ պէտք է աւելի յաճախակի դառնան: «Ես անոնց հետ պէտք եղած բարեկամութիւնը կ’ընեմ եւ կը խորացնեմ, դուն շարունակէ թշնամանալ, ուրիշեր ալ թշնամացուր, աֆերի՛մ», եզրափակած է ժպտելով:

ՊԼԻՆՔԸՆԻ ՀԵՏ.- Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումին, ինչպէս ծանօթ է՝ Փաշինեան գանգատով խօսած էր Ատրպէյճանի ըրածին եւ դիտաւորութիւններուն մասին: Հոն, ըստ թռչնիկին, չէ ծածկած այն մտավախութիւնը (ինչպէ՜ս ալ յիշեր է), որ եթէ Ալիեւի պահանջները իրականանան, հայերը կամաց-կամաց փոքրամասնութիւն պիտի դառնան իրենց սեփական հայրենիքին մէջ, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը ախորժակներ ունին Հայաստանի եթէ ոչ ամբողջութիւնը, գոնէ մեծ մասը կուլ տալու: Պլինքըն փորձած է այս մտավախութիւնները փարատել, ըսելով, որ Ուաշինկթըն կ’աշխատի հայերուն համար (գոնէ որոշ ժամանակ մը) ապահովել մշակութային, կրօնական եւ լեզուի պահպանումը (միջանկեալ փսփսացեր է. «Արդէն հիմա ձեր խօսած հայերէնին կէսը ռուսերէն է»): Յետոյ, տուեր է համոզիչ օրինակ մը. «Տե՛ս, ըսեր է. ատենին, ամերիկեան ցամաքամասին վրայ հնդկացեղ ժողովուրդները գրեթէ միատարր մեծամասնութիւն էին, հիմա անոնց տրուած են կղզեակներ, ուր տեղ-տեղ իրաւունք ունին քազինոներ բանալու եւ դրամ շահելու: Կ’ապրին հանգիստ եւ որոշ մենաշնորհներ ալ ունին»: Փաշինեանի միտքը չէ եկեր ըսել, որ թուրքերը Ամերիկան նուաճած եւրոպացիներուն պէս չեն, որոնք տեղ մը ընդունեցին դադրեցնել հնդիկներու ջարդը եւ զանոնք համոզեցին, որ պէտք է բաւարարուին որոշ իրաւունքներու պահպանումով, անոնց ձգուածները փշրանք իսկ չեն…:

ՌԻՉԸՐՏ ՄՈՒՐԻ ՀԵՏ.- Նոյնքան հետաքրքրական եղած են Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Ռիչըրտ Մուրի հետ հանդիպումն ու խօսակցուեան նիւթերը: Մուր անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ Բրիտանիա եւ գործակիցներ մեծ շահեր, լայն գործակցութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ, որմնէ վառելանիւթ կ’ապահովեն, զայն կը գործածեն իբրեւ «խողովակ»՝ ռուսական վառելանիւթ ունենալու համար: Ան նաեւ սեղանի վրայ դրած է բրիտանական հին-նոր թղթածրարները, որոնք ցոյց կու տան, թէ Լոնտոն եւ կողքին քալողները ինչպիսի՜ շահակցական հեռանկարներ ունին Կովկասի մէջ, ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի  տարածքներուն, ուր կան հսկայական հանքեր (ըսեր է որ իրենց համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ այդ հողերը որո՞ւն կը պատկանին): «Մենք ամէն տեղ այս սկզբունքով կը գործենք եւ գործակցութեան կը հրաւիրենք տեղւոյն իշխանաւորները, իրենց կու տան որոշ շահաբաժին, չընդունողն ալ իշխանութենէ կը հեռացնենք: Կը խոստանանք քեզ ալ չանտեսել», աւելցուցած է, անուղղակի ակնարկութիւն մը ընելով նախկին նախագահի մը…: Իբրեւ օրինակ՝ յիշած է արաբական, ափրիկեան, հարաւ-ամերիկեան երկիրներ, մինչեւ իսկ աղքատիկ Լիբանանն ու Սուրիան, չէ մոռցած… Կազան: Իսկ երբ Փաշինեան այս հանդիպումին ալ (չես գիտեր ինչպէ՜ս) յիշած է, որ Հայաստանի բնակչութեան պատկերը կրնայ աղաւաղուիլ՝ մասնաւորաբար ալիեւեան ծրագիրներու իրականացումով, Մուր լայն ժպիտով մը ըսած . «Մայ ֆրէ՜նտ (ընկե՛րս), դուն նոր աշխարհին հետ քայլ պահելու քարոզ կը կարդաս երկրիդ մէջ, սակայն կը տեսնեմ, որ ատիկա էութեանդ մէջ պէտք եղածին չափ չէ նստած: Չե՞ս տեսներ, որ մեր աշխարհը վերջին տասնամեակներուն ինչպիսի՜ փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու կ’ենթարկուի: Ասիական եւ ափրիկեան երկիրներէ միլիոնաւոր գաղթականներ հասած են եւրոպական երկիրներ, նաեւ՝ մեր կղզիները: Անոնք բազմապատկած են ոչսպիտակամորթ բնակիչներն ու անցեալին քաղաքացիութիւն ստացածները, որոնք ալիք-ալիք եկած էին գաղթատիրութեան օրերէն: Մեր վարչապետն իսկ հիմա հնդկական ծագում ունի եւ մենք, արդի մտածողութեան քարոզիչներս, ոչ մէկ մտահոգութիւն ունինք այս պատկերին ի տես: Վաղը, Հայաստանի մէջ ալ թուրքեր, ազերիներ եւ այլ ժողովուրդնր կը բազմանան: Արդէն կ’իմանանք, որ մեծ թիւով հնդիկներ ունիք նաեւ դուք: Մտածէ, որ կրնաս այս եղափոխութիւնը ծառայեցնել քու ընտրական նպատակներուդ: Դուն մեր ըսածները ըրէ, քիչ մը աւելի՛ աշխատէ ռուսերը հեռացնելու ծրագիրներուն համար, մնացեալը մեզի ձգէ…»: (Փաշինեան այս մանրամասնութիւնը յիշեր է Ալիեւի հետ հանդիպումի պահուն եւ զարմացեր է, որ ինչպիսի՜ զուգորդութիւն կայ այս երկու տիտաններուն աշխարհահայեացքին միջեւ):

Կ’ըսուի, թէ ասոնք մասնակի քաղուածքներ են խօսակցութիւններէն: Յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն, հաւանաբար տեսնենք աւելին:

***

…Եւ հիմա, Հայաստան թեւակոխած է յետ-միւնիխեան փուլը, կ’ողջունէ նոր արեւածագը (որ… արեւամուտ կը բուրէր):

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles