ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 53 Second

 

Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեծ հարուած մը հասցուց Արեւմտեան Հայաստանի հողերը պահանջելու հայ դատի պայքարին եւ յայտարարեց, որ Արեւմտեան Հայաստան ըսելով իրենք կը հասկնան Արմաւիրի մարզի արեւմտեան հատուածը, Արագածոտնի մարզի Բաղրամեանի շրջանը, Թալինի շրջանը, Մարալիկի շրջանը, որովհետեւ իրական Հայաստանը այդ շրջանին մէջն է։

Աւելի բացատրելով իր հողատու ըլլալու քաղաքականութիւնը, Փաշինեան նշեց, թէ ինչպէս որ Արեւմտեան Ատրպէյճանը չի կրնար ըլլալ Ղազախէն այս կողմ, Արեւմտեան Հայաստանն ալ չի կրնար ըլլալ Արմաւիրէն այն կողմ, աւելցնելով, որ Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետին մօտ կ՛աւարտի։ Փաշինեան շեշտեց, որ Արեւմտեան Հայաստանի տեսլականը մոռացութեան տալը իրենց ապահովութեան հասկացողութիւնն է։

Ուրանալով եւ հրաժարելով Արեւմտեան Հայաստանէն, Փաշինեան ահա իրագործած կ՛ըլլայ Թուրքիոյ պահանջներէն մին եւ մահացու սուրի հարուած մը կու տայ հայութեան պահանջատիրական երթին եւ պայքարին։ Սակայն պէտք է շեշտել, որ Փաշինեանի նման պարտուած անձ մը, որ թշնամիին յանձնած է Արցախը, չի կրնար որոշել, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարի իր հայրենի հողերէն։ Մանաւանդ, ան սփիւռքահայութեան չի կրնար դասեր եւ ցուցմունքներ տալ, թէ հրաժարեցէ՛ք ձեր հայրենիքէն եւ բաւարարուեց՛էք ներկայ Հայաստանով։ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան են ու կը մնան հայ ժողովուրդին արեւմտեան հատուածին յաւերժական հայրենիքը։

*

Միջազգային Կարմիր խաչի աշխատակիցները Դեկտեմբերին երկրորդ անգամ ըլլալով տեսակցեցան Պաքուի մէջ անօրէն կերպով բանտարկուած հայ գերիներուն, որոնց շարքին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց եւ հաստատեց Միջազգային Կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու պատասխանատու Զարա Ամատունի, որ հաղորդեց, թէ Կարմիր Խաչի աշխատակիցներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին, գերիներուն հնարաւորութիւն տրոււած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ։

*

Յունուար 17-ին ընթացք պիտի առնեն, աւելի քան տարի մը Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար արգելափակուած Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնները։ Չի բացառուիր,որ դատավարութիւնները դռնփակ կատարուին։

Ըստ Եւրոպական ատեաններու մէջ պատերազմական հայ գերիներուն իրաւունքները պաշտպանող իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեանի, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի դատավարութիւնները դռնփակ կատարուին, որպէսզի անկախ դէտեր չկարենան հետեւիլ անոնց ընթացքին։ Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ որովհետեւ մեղադրանքները շինծու են, ապա դռնփակ նիստերը կը նպաստեն, որ բեմականացած դատավարութիւնը ծածկուի։ Սիրանուշ Սահակեանի համաձայն, նման դատավարութիւններ զուրկ են օրինականութենէ, որովհետեւ կը խախտուին դատավարական բոլոր երաշխիքները, որոնց կարեւորագոյններն են նախ բաց եւ հրապարակային դատաքննութիւնը, ապա պաշտպանութեան արդիւնաւէտ կազմակերպումը, խոշտանգումներէ զերծ մնաը եւ ամէնէն կարեւորը՝ անկախ եւ անաչառ դատարանի կողմէ գործին քննութիւնը։

Տեղին է նշել,որ ներկայիս Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուած կը մնան պատերազմական 23  հայ գերիներ, որոնց բոլորին դէմ ծանր մեղադրանքներ առաջադրուած են։

*

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընդհանուր բանտապետ պիտի նշանակուի կին մը, յանձինս քրէակատարողական ծառայութեան ընկերային, հոգեբանական եւ իրաւական աշխատանքներու բաժնի պետ Ծովինար Թադէոսեանի։

Հայաստանի ընդհանուր բանտապետի պաշտօնը թափուր էր անցեալ տարուընէ ի վեր։ Նախկին ընդհանուր բանտապահը՝ Ամբակում Գրիգորեան, պաշտօնավարեց ընդամէնը մէկ տարի եւ պաշտօնազրկուեցաւ  Դեկտեմբեր 5-ին, որովհետեւ արդարադատութեան նորանշանակ նախարար Սրբուհի Գալեան չուզեց աշխատիլ Գրիգորեանի հետ։ Ան ալ օրէնքի ուժով պաշտօնազրկուեցաւ։Հարկ է նշել, որ Ամբակում Գրիգորեան Մարտ 1-ի գործը քննող յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննիչներէն մին էր։

Հայաստանի բանտային համակարգը կարիքը ունի արմատական բարեկարգումներու։ Սակայն բանտերու մէջ հասարակական վերահսկողութիւն կատարող դիտորդական խումբի անդամ, իրաւաբան Զարուհի Յովհաննիսեանի համաձայն, Ծովինար ԹադԷոսեան, որ մասնագիտական բարձր հմտութիւններ ունի, կրնայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գալ, բանտային կարծրացած համակարգին պատճառով։

*

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին մեկնարկի օրէնքի նախագիծին, որուն հեղինակները Արեւմտամէտ Եւրոքուէի անդամներն են, որոնք նախագիծը Ազգային Ժողով հասցնելու համար մինչեւ Նոյեմբերի վերջը օրէնքով նախատեսուած եւ անհրաժեշտ յիսուն հազարէ աւելի վաթսուն հազար ստորագրութիւն հաւաքած էին՝ այսպէս ապահովելով նախագիծին ազգային ժողով մուտքը։

Կառավարութեան դրական կեցուածքը՝ այս նախագիծին նկատմամբ, բացատրուեցաւ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն աշխուժ յարաբերութիւններով։ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս հարցին վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնները եւ աշխատանքները պէտք է ըլլան հետեւողական այն յայտարարութիւններուն, զորս կատարուած են եւրոպական բարձրագոյն հարթակներու վրայ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles