Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողանը համարեց ընկեր մը, որուն նկատմամբ յարգանք կը տածէ։
Սուրիոյ իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Թրամփ չբացայայտեց, որ ամերիկեան ուժերը պիտի քաշուին՝ նախագահական աթոռը ստանձնելէն ետք։ Ան շեշտեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ ըսաւ, որ կը խորհի, թէ Էրտողան եւս զինք կը յարգէ։
Ըստ Թրամփի, երբ կը սերտենք Սուրիոյ կացութիւնը, ապա ի յայտ կու գայ, որ Ռուսիա եւ Իրան տկար դիրքերու վրայ կը գտնուին, իսկ Թուրքիոյ նախագահը, որ շատ խելացի անձնաւորութիւն մըն է, յաջողած է թրքական ուժերը Սուրիա առաքել՝ տարբեր ձեւերու եւ անուններու տակ։ «Թրքական ուժերը Սուրիա մտան եւ կացութիւնը իրենց հակակշիռին տակ առին», աւելցուց ան։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Սուրիական յեղափոխութիւնը անուանեց «պատմական առիթ մը՝ Թուրքիոյ եւ շրջանին համար՝ վերաստատելով, որ Թուրքիա կը ջանայ ահաբեկչութեան սպառնալիքներէն զուրկ երկրի մը վերածուիլ։ Էրտողան եւ թրքական իշխանութիւնները ահաբեկչութիւն ըսելով կը հասկնան այն քիւրտերը, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ հիւսիսը եւ ըստ Անգարայի իշխանութիւններուն, լուրջ սպառնալիք մըն են Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան։
Էրտողանի համաձայն, Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները Թուրքիոյ համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Հոս պէտք է նշել, որ Թուրքիա- Սուրիա սահմանը ունի 910 քիլոմեթր երկարութիւն։
Խօսելով Սուրիոյ վերակառուցման ծրագրերուն մասին, Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ ամբողջական եւ համապարփակ վերաորակաւորման կարիքը ունի Սուրիա, ուր երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագրեր յատուկ նշանակութիւն ունին։ Այս ծիրին մէջ պէտք չէ մոռնալ ,որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Թուրքիա ապաստանած են շուրջ երեք միլիոն սուրիացիներ։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ օդուժի ճարտարարուեստին արտածումները անցնող տարին հասած են 7.2 միլիառ տոլարի, որ մէկ միլիառով աւելի է նախանցեալ տարուան արտածումներէն, հաղորդեց երկրին Պաշտպական Ճարտարարուեստի Նախագահութեան պետ Հալուք Կէօրկիւն։
Խօսելով պաշտպանական ճարտարարուեստին արձանագրած իրագործումներուն մասին, Կէօրկիւն նշեց, որ Թուրքիոյ ընդհանուր արտածումները հասած են 262 միլիառ տոլարի։Այս տեղեկութիւնները վերահաստատեց նախագահ Ռեճէփ Էրտողան։
Թուրքիոյ պաշտպանական ճարտարարուեստին մէջ յատուկ նշանակութեամբ նշուեցան «Քաան» տիպի պատերազմական օդանաւերը եւ «Պայրաքտար Թի․ Պի․ 3» տրոնները, որոնց վաճառքը շահ ապահոված են երկրին։ Ասոր կողքին ընդգծուեցաւ թրքական զինական ընկերութիւններու ընդլայնումը, ինչպէս օրինակի համար թրքական Ասելսան ընկերութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գրասենեակի բացումը։
*
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 65 անձեր, որոնք կը գտնուէին Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ ըլլալու կասկածներու տակ, ձերբակալուած են։ Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը թրքական իշխանութիւններուն, եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարուի։
Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ ձերբակալեալները Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան քարոզչութիւն կը կատարէին ընկերային հաղորդակցութեան իրենց հաշիւներուն եւ էջերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը գործէին քրտական կուսակցութեան երիտասարդական թեւերուն մէջ եւ ֆինանսաւորում կ՛ապահովէին։
Ձերբակալման եւ հետապնդման գործողութիւններուն ընթացքին գրաւուած են նաեւ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ խօսելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին մասին, կենսական համարեց, որ Եւրոպական Միութիւն վերադառնայ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն առաջուան ժամանակաշրջանը, ուր Եւրոպական Միութիւն Թուրքիոյ նկատմամբ ռազմավարական հայեացքներ ունէր։ Բայց Սարքոզիէն ետք, Թուրքիա- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները զոհ գացին տեղական քաղաքականութիւններու խաղերուն։
Ըստ Ֆիտանի, Եւրոպա պէտք է ընտրութիւն մը կատարէ երկու ձգտումներու միջեւ։ Կամ ըլլալ աշխարհառազմավարական կառոյց մը եւ ներառէ Թուրքիան, կամ ալ շարունակէ կախեալ ըլլալ միջազգային տարբեր ուժերէ։