ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ – ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

Երկուշաբթի, Յունուար 6-ին, Ա․Մ․Ն․Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ) եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայ ունենալով Արժանապատիւ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը։

Սրբազան Հայրը փոխանցեց Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյնները Թեմիս բոլոր հոգեւորականներուն, վարչական մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ հաւատացեալներուն, որով Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ կը մաղթէր նորոգեալ հաւատքով ու կամքով վերակազմակերպուիլ եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ այլ մարզերէ ներս։ Սուրբ Պատարագի եւ Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծննդեան յատուկ հաւաք։ Տէր Վահան Քահանայ Գույումճեանի սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին աւանդական տոհմիկ հայկական ճաշեր եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտ։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց գաղութի բոլոր գործօն մարմիններն ու անդամները, մաղթելով որ նորանոր յաջողութիւններով պսակեն գաղութային կեանքը։

Նոյն երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, զոր կատարեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, հովիւ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։ Ներկայ էին Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ հովիւ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ հովիւ Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ շրջանէն ժամանած հաւատաւոր հայորդիներ։

Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց, որ Առաջնորդարանի Տնօրհնէքի շուրջ կէս դարու այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, հակառակ աննպասռ օդին, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ։ Փոխանցեց ներկաներուն Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2025 տարուան հռչակագրի թեման՝ «2025 Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», եւ ըստ այնմ շեշտեց հաւաքականութեանց եւ ազգերու կեանքին մէջ աւանդութեան պահպանման հրամայականը։ Եզրափակիչ խօսքով մաղթեց Խաղաղութիւն համայն աշխարհի, ապահովութիւն՝ հայրենի աշխարհին, արդարութիւն՝ Արցախեան մեր տեղահանուած ժողովուրդին, եւ բարգաւաճում առ հասարակ սփիւռքեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles