ԳլխաւորԼրահոս

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Ե.Դ.-Ի 90-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ

Դեկտեմբեր 26-էն 30, Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Ե.Դ.-ի 90-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ ժամանած 43 պատգամաւորներու, որոնք կը ներկայացնէին զանազան շրջաններէ (Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ռէյսին,Ուաշինկթըն,Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթըն, Փրովիտընս, Ուստըր, եւ Ֆիլատելֆիա)  16 մասնաճիւղեր։ Հիւրաբար ներկայ էր Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ Թալիա Ճապրայեան, Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան շրջանէն՝ Անի Ղազարեան, «Քեմփ Հայաստան»-ի պատասխանատու Քնար Չարշաֆեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակէն՝ Ցողիկ Աշըքեան եւ Գէորգ Յակոբեան, Դաստիարակչական յանձնախումբէն Վրէժ Տաուլի եւ շրջանի Կ.Կ.-էն Ճորճ Աղճայեան եւ Սթիւ Մեսրոպեան։

Ժողովականները եղան հիւրը, շրջանի Հ․Օ․Մ․-ի «Լուսնթագ» մասնաճիւղին, որ ստանձնած էր մատակարարումը։ Դեկտեմբեր 28-ի երեկոյեան, յատուկ ընթրիք մը պատրաստուած էր, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Սասուն» մասնաճիւղին։ Ներկայ էր շրջանի գաղութը։

Յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նիւ Եորքի «Հայորդիք» մասնաճիւղին, իր պատրաստած ֆաստիարակչական յայտագրին պատճառաւ։

Ժողովի ընթացքին, պատգամաւորները բազմակողմանի քննարկումներ կատարեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի աշխատանքները:

Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց ներքին կազմակերպական, երիտասարդական եւ Հ.Ե.Դ.- ի պատանեկան միութեան հարցեր, հայերէն լեզուի կարեւորութիւն, Ջաւախքի կարեւորութիւնը,  հայրենի ներկայ իրավիճակը, Արցախի հիմնահարցը, Հայ Դատի ծրագիրներ եւ կատարեց առաջարկներ:

Աւարտին, ընտրուեցաւ 2025 տարեշրջանի Հ.Ե.Դ. -իԱ.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմը: Նորընտիր մարմնին անդամներն են.-

Իզապէլ Յակոբեան (Նիւ Եորք) – ներկայացուցիչ

Արամ Փարնակեան (Մանհաթըն) – գանձապահ

Լորի Սամուէլեան (Նիւ Ճըրզի) – քարտուղար

Նայիրի Շահնազարեան (Ուաշինկթըն)

Ալեք Սողոմոնեան  (Մանհաթըն)

Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի)

Տարօն Մարկոսեան (Տիթրոյթ)

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button