Գրական Հանդիպում՝ «Համազգային»-ի Արցախի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 18-ին, Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան նախօրէին, «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակը կազմակերպեց ջերմ հանդիպում Արցախի գրական ընտանիքի անդամներուն հետ: Հանդիպումը կայացաւ «Թումանեանս Արթ» սրճարանին մէջ, որ ամիսներ առաջ նոյն անունով կը գործէր Ստեփանակերտի մէջ, իսկ այժմ վերաբացուած է` Երեւան: Գրողները եկած էին իրենց նոր ստեղծագործութիւններով ու գիրքերով` ընթերցելու, զրուցելու եւ գիրքեր նուիրելու:

«Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան կատարեց բացումը: Ան, իբրեւ յարգանքի տուրք, առաջին ընթերցումը կատարեց Արցախի շնորհալի գրող, նահատակ ազատամարտիկ Հայասէր Յովսէփեանի ստեղծագործութիւններէն:

Խօսք առաւ նաեւ Արցախի գրողներու միութեան նախագահ, այժմ` Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար՝ Նորեկ Գասպարեանը: Այնուհետեւ հանդիպման ներկայ գրողները ընթերցեցին իրենց ստեղծագործութիւնները: Արցախի գրողներէն իրենց բանաստեղծութիւնները կարդացին Վիթալի Պետրոսեանը, Նորեկ Գասպարեանը, Սոնա Համբարձումեանը, Սերգէյ Սաֆարեանը, Ալիսա Պաղտասարեանը, Արմէն Աւոն, Զարինէ Սառաջեանը, Տաթեւ Սողոմոնեանը, Նանար Պօղոսեանը: Ներկաները նուէր ստացան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակած գիրքերէն:

Հանդիպման ներկայ, սիրուած գրող Խաչիկ Մանուկեան իր գիրքերէն նոյնպէս նուիրեց Արցախի գրողներուն` նշելով, որ սիրով կը սպասէ յաջորդ գրական հանդիպումին: Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հ. Աւագեան շեշտեց, որ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ` կազմակերպելով թէ՛ գրական, թէ՛ մշակութային հանդիպումներ: Ան նշեց, որ այս հանդիպման համար համագործակցած են Արցախի Գրողներու միութեան վարչութեան հետ:

«Այս նախաձեռնութիւնը ապրելու մասին է: Այս` Արցախի մէջ ապրող ու ստեղծագործող մարդու ապրելու ձայնն է, գրականութեան ու մշակոյթի լեզուով: Մենք հիմա Մայր Հայաստանի մէջ ենք, կորսնցուցած ենք մեր ծննդավայրը, բայց այո՛ կ՛ըսենք ապրելուն: Պիտի շարունակենք արարել, ձեռք ձեռքի տալ, որպէսզի երբեք չկորսնցնենք վերադարձի նպատակը», նշեց «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:

Հանդիպումը ընդգրկեց գեղարուեստական յայտագիրերաժշտանոցի մէջ ուսանող արցախցի երեխաներու տպաւորիչ կատարումներով:

*

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles