ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ ԼՈՒՐՋ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 33 Second

Ա.Ա.

Արցախեան բնօրրանէն բռնագաղթուած արցախահայերը ինչպիսի երաշխիքներու կարիքը ունին, որպէսզի իրենց գիւղերը եւ քաղաքները վերադառնան եւ կեանքը վերածաղկի Արցախ աշխարհի մէջ։ Առաջին եւ ամէնէն կարեւոր երաշխիքը բնականաբար կեանքի ապահովութիւնն է, որ ատրպէյճանական զինուժին ներկայութեան անկարելի է, մանաւանդ որ սեպտեմբերեան յարձակումներուն ընթացքին արցախահայերը ենթակայ են տարբեր բնոյթի յարձակումներու, խոշտանգումներու, ցեղասպանական ոճիրներու, կողոպուտի եւ բռնագաղթի։

Երկրորդ։Արցախցիները,որոնք կը փափաքին իրենց հայրենիքը վերադառնալ, պէտք է իմանան, թէ Արցախի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ կողք կողքի՞ պիտի ապրին, թէ՞ պիտի գոյանան բաժանման եւ շփման գիծեր։ Իսկ նման գիծերու վրայ ով հսկողութիւն պիտի կատարէ, որպէսզի արցախի անմեղ ժողովուրդը զոհը չերթայ ատրպէյճանցիներու հայատեացութեան։Եթէ խօսքը կը վերաբերի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, ապա պէտք է շեշտել,որ անոնց ներկայութեան պատահեցան սեպտեմբերեան բոլոր յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք արցախահայերը քանի մը շաբթուան ընթացքին բռնագաղթուեցան եւ հայաստան տեղափոխուեցան՝ իրենց ետին ձգելով, տուն, տեղ, բնակարան, եկեղեցի, վարժարան, սիրելիներու եւ հարազատներու գերեզմաններ, պատմամշակութային կոթողներ։ Վերջապէս այն ամէն ինչը, որ հայրենիք կը կազմէ։

Արցախցիներուն համար կենսական է երաշխիքներու տարողութիւնն ու բնոյթը, որպէսզի զգան ու համոզուին, թէ Արցախ վերադառնալէ ետք, զոհերը պիտի չդառնան ատրպէյճանական ցեղային մաքրագործման եւ հայատեացութեան, որոնք ատրպէյճանական պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։

Ռուսիա,ո ր Արցախեան երկրորդ պատերազմին կասեցման մէջ ունեցաւ իր առանցքային դերակատարութիւնը, կը շարունակէ պնդել, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը ի վիճակի են երաշխաւորելու կեանքերը եւ ինչքերը այն արցախցիներուն,որոնք կը փափաքին Արցախ վերադառնալ։ Մինչ յստակ չէ, թէ 2025-էն ետք ինչ ճակատագիր պիտի ունենան ռուսական խաղաղապահ ուժերը, երբ իր աւարտին հասնի անոնց առաքելութեան ժամկէտը, Մոսկուա ոգի ի բռին կը պայքարի, որպէսզի արցախահայութեան նկատառելի թիւ մը Արցախ վերադառնայ, որովհետեւ նման բան ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը պիտի վերաթարմացնէ։Ամենայնդէպս, ներկայ դրութեամբ Պաքուի իշխանութիւնները արդէն իսկ յստակացուցած են, թէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը գալ տարի իր աւարտին պիտի հասնի։ Սակայն այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ նման վերադարձով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ արցախահայերը կրնան պատանդի կացութեան մէջ իյնալ, եթէ արցախահայութեան տրուելիք երաշխիքները միջազգային բնոյթ, տարողութիւն եւ բովանդակութիւն չստանան։

Նկատի ունենալով ներկայ զարգացումները եւ իրավիճակը, պէտք է ի մտի ունենալ, որ երաշխիքներու փաթէթը զէրօ կէտի վրայ կը գտնուի, նկատի ունենալով, որ ատրպէյճանցիները ոչ մէկ պարագայի պիտի ընդունին միջազգային խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը,իսկ արցախցիները զէրօ վստահութիւն ունին ատրպէյճանցիներուն եւ ռուսերուն վրայ։ Միւս կողմէ, եթէ հաշուի առնենք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութիւնը, թէ ատրպէյճանեան հողերու վրայ գտնուող ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 2025-ին, ապա աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ռուսերը ինչու ոգի ի բռին կ՛աշխատին, որպէսզի արցախցիներ իրենց հայրենիքը վերադառնան։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ ներկայիս Մոսկուա եւ Պաքու կը քննարկեն արցախցիներու տուն դարձի հեռանկարները,որոնք, ըստ Զախարովայի, պէտք է ամրագրուած ըլլան ամուր երաշխիքներով, թէ արցախցիները պիտի կարենան ապահով եւ անկաշկանդ ապրիլ իրենց հողերուն վրայ։ Զախարովայի այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ Ռուսիոյ հեւքոտ աշխատանքը, որպէսզի մինչեւ 2025-ի աւարտը ապահովէ այնպիսի պայմաններ, որոնք ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան շարունակման պիտի նպաստեն։ Ռուսիա Հարաւային Կովկասէն դուրս պիտի չգայ։ Դուրս պիտի չգայ նաեւ Արցախէն, ուր ռուսական զինուորական ներկայութիւնը Մոսկուայի համար չափազանց կարեւոր գործօն մըն է, հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէջ ռուսական ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը առաւելագոյնս ամրագրելու համար։ Իսկ Ատրպէյճանի համար ռուսական ներկայութիւնը աւելի քան ընդունելի է՝ բաղդատած ամերիկեան կամ Եւրոպական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան հետ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles