Յ. Պալեան
Ռուսական առած մը կ’ըսէ, որ «անհայրենիքը նման է երգ չունեցող սոխակի»:
Հայերէնի, միացման, Հայ Ազգի հասարակաց հաղորդակցական միջոցի վերածման եւ նոյն հունով ազգի միացման անշրջանցելի հիմնախնդիր ունինք, զոր որպէս այդպիսին, հաւաքական հաւկուրութեամբ, չենք դիմաւորեր: Այս չկարենալ ընելու համար, ազգը արտաքին թշնամիի պէտք չունի, թշնամին ներքին է: Այսինքն՝ մենք ենք մեր թշնամին:
Ազգի հիմնախնդիր, ոչ այս կամ այն համայնքի, աշխարհագրական շրջանի կամ լեզուագէտներու, գրողներու: Պէտք է խօսիլ թիւերով, վիճակագրութիւններով, որոնք մեզ իրատես կը դարձնեն:
Դադրած ենք ըսելէ, որ Ազգին կը սպառնայ անհետացման-այլասերման վտանգ, եթէ դադրինք հայերէն խօսելէ, գրելէ եւ անով զիրար ճանչնալէ: Այս՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն, բազմերանգ շատ հին, հին, նոր սփիւռք(ներ):
Ինչպէս որ այս կամ այն երկրի կամ մոլորակի հեռու կամ մօտ տարածք հայու հայրենիք չէ, այդպէս ալ աշխարհի այս կամ լեզուն հայերէն չէ, անով հայու ինքնութիւն չի ստացուիր եւ չի փոխանցուիր: Ամէն անգամ որ այդ կ’ընենք անմիջականի պատասխան տուող անհատական եւ հաւաքական գործնապաշտութիւններով, քաղաքական եւ պատշաճեցման սովորութիւն դարձած փերեզակութեամբ, փակագիծի մէջ կը դնենք ազգային էականը եւ կը նահանջենք:
Մինչեւ ո՞ւր կրնանք նահանջել, առանց կորսնցնելու ազգային հիմնականը, որ մշակոյթ-ինքնութիւն է: Առանց այդ զոյգին, հողը սոսկ տարածք է, արտ կամ անտառ: Առանց այդ զոյգին, ինչ որ հայ եւ հայութիւն կը համարուի, կը դառնայ այլազան ինքնութիւններով եւ տարբեր դիմագիծերով եւ առանց սահմաններու մարդոց հաւաքականութիւն(ներ) առանց զօդող հոգեբարոյական շաղախի:
Պէտք է առարկայական ուսումնասիրութիւններ կատարուին, իմանալու համար, որ Հանրապետութեան բնակչութեան ո՞ր տոկոսը հայախօս է, ո՞ր տոկոսը գրական հայերէն կը խօսի եւ կը գրէ, նոյն մօտեցումը պէտք է ունենալ Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ սփիւռքի համայնքներու հայութեան նկատմամբ:
Առանց ազգային լեզուի միացնող եւ փոխճանաչման ընծայած հնարին, տեսակ մը զբօսաշրջիկ ամբոխ ենք, հաւաքականութիւններ, որոնք զիրար հասկնալու համար պէտք է որ գտնեն հայերէնէ տարբեր հասարակաց լեզուներ, այնպէս ինչպէս զբօսաշրջիկը կը փնտռէ վարձու բնակարան:
Սին փառասիրութիւն ունինք տեղացիէն աւելի լաւ խօսելու անոր լեզուն, ո՞ր յաւակնութիւնը կը բաւարարենք պոռոտախօսութեամբ, երբ կ’ըսենք, որ համաշխարհային ազգ ենք, հէքիաթի կայսրութիւն, ընկեցիկի բարդոյթի դարման:
Համաշխարհայնացած-համաշխարհայնացնող անգլերէնը ամենուրեք է, նաեւ մեր կեանքին մէջ, հոն ուր հայ կայ, ըլլանք բանգէտ թէ շարքային հայ: Ինչպէս ջուրի կաթիլները յար եւ նման են իրարու, հայն ալ պիտի նմանի ուրիշին, տարբեր ըլլալու զգացողութիւն պիտի չու նենայ, այդ պահանջը պիտի չզգայ:
Այսօր աւելի քան երբեք ունինք ազգային լեզուով զգալու, հաղորդակցելու եւ գործելու, իրա՛ւ գերազգային քաղաքական խնդիր, որպէսզի հայը ջրամոյն չըլլայ սոսկ ծագումով հայու վիճակին մէջ:
Օտար լեզուներ գիտնալ եւ խօսիլ լաւ է, երբ ան տեղի չ’ունենար ի հեճուկս հայու ազգային լեզուին եւ անոր կորուստով: Այս թեթեւսոլիկութեան անդրադարձած է գիտակից հայ կին մը, որ արեւելքէն Միացեալ Նահանգներ հասած եւ «յաջողած» ամուսինին համար ըսած էր, թէ անգլերէնը չսորված հայերէնը մոռցած էր… Բացառիկ պարագայ չէ: Այս հոգեբանական հզօր ախտ է, տարածուած, վարակող, Հանրապետութենէն մինչեւ բազմանուն եւ բազմալեզու սփիւռք(ներ):
Ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ խիստ յատկանշական անունով գիրք մը ունի. «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն» (“Héritage de mots, (héritage d’idées”): Հրաժարելով ազգի լեզուէն, կը հրաժարինք, կամ կը կորսնցնենք անոնցմով հասած ինքնութիւն կերտած-կերտող ԲԱՌԵՐու ժառանգութիւնը: Օրինակ, Ֆրանսերէն grue եւ անգլերէն crane բառերը, որոնց համար բառարանը կ’ըսէ կռունկ, նոյն հզօր իմաստը չունին: Հայերէն ԿՌՈՒՆԿը սոսկ բառ չէ, խտացեալ պատմութիւն է:
Ինչե՜ր ըսուած են լեզուի մասին, ինչե՜ր ըսած ենք, բայց անտրտունջ յանձնուած ենք համաշխարհայնացման հարթող գլանին: Ամբաստանութեան պատմաղաքական իմաստուն խօսք ըսուած է, որ «Մեսրոպ լեզուով միացուց ազգը, մենք լեզուով բաժնեցինք»: Այսօր կրնանք աւելցնել, որ յանձնուելով տարբեր լեզուներու գերութեան, կը մոռնանք հայերէնը, կը լրացնենք «բաժնեցինք»ը, որ կը վերաբերէր հայերէնի ուղղագրութեան: Ապա սովետի կառուցման համար հայերէնը դարձուցինք սովետահայերէն, զայն խճողեցինք վարչակարգային թխածոյ բառերով, լեզուէն խլեցինք անոր հարազատ ինքնութիւնը:
Առանց ինքնախաբէութեան կը մտածե՞նք, թէ իրապէս ինչպէ՞ս մէկ ազգ կրնան ըլլալ հայութիւն կոչուող հաւաքականութիւնները, որոնք պատմական ժառանգութիւնը ուրանալով, նոյն լեզուն կը գրեն տարբեր ուղղագրութիւններով, ժառանգութիւն բառերը կը փոխարինեն հայարմատ բառարանին հետ կապ չունեցող հազարաւոր բառերով, եւ հուսկ՝ օտար լեզու(ներ)ը կը դարձնեն հայ մարդոց եւ ազգի «կեանքի լեզուներ», յոգնակի, երբեմն ալ, բեմի վրայ կամ լրատուամիջոցի մէջ patchwork «հայերէն» կը խաղանք, ազգային ամբոխահաճութեան (populism) համար: Երբ հայերէնը դադրի հայկական հաւաքականութիւններու կեանքի լեզուն ըլլալէ, Հանրապետութիւն եւ բազմաբղէտ սփիւռք(ներ), անոնք վաղ թէ ուշ, պիտի չունենան, ֆրանսացի իմաստասէրին ըսած, «բառերու ժառանգութիւն գաղափարի ժառանգութիւն»ը: Այսօր կը գտնուինք հրաժարում-կորուստի ընդարմացման վիճակին մէջ, լուսանկարի ալպոմի մէջ դրուած յիշատակի դեղնած անկեանք պատկերի վերածելով ժառանգութիւնը, երգանման աղմուկով:
Ինչպէ՞ս ազգը միացնել, երբ տարտղնուած եւ տեւաբար որպէս հայութիւն եւ ազգ ճանչցուած եւ իրենք զիրենք դեռ որպէս այդ ընդունող հաւաքականութիւնները, կը կորսնցնեն «բառերու ժառանգութիւն գաղափարներու ժառանգութիւնը»:
Այդ ընել պիտի նմանի Իսլանտայի կամ Կրօէնլանտի մէջ արմաւենի տնկելու, ջերմանոցի մէջ արմաւ ստանալու փորձի:
Եթէ իրապէս ապագայի նախատեսութիւն ունեցող ղեկավարութիւն ունենայինք, որ առաջնորդուէր հայրենիքի եւ ազգի տիրութիւն ընելու նկարագիր եւ ինքնութիւն ունեցող Ազգային ամբողջութեան յառաջացումով, ան քաղաքական առաջնահերթութիւն պիտի համարէր վերադարձը դէպի Մեսրոպ, որպէսզի լեզուով Միացում ստեղծուի, ընելով այնպէս, որ հայը, ուր ալ գտնուի, խօսի եւ գրէ հայերէն, հաղորդակցի հայերէնով: Այդ ընելու համար ազգապահպան տեսիլք պէտք է ունենալ եւ անոր հետեւիլ:
Ամէն օր եւ ամէնուրեք, տեղի կ’ունենայ հայ լեզուի եւ անոր պաշտպանութեան դէմ նախայարձակում, մեծ ու պզտիկ այդ կը տեսնենք, մեղսակից ենք աղէտին: Հիմա, ձեռքի հեռաձայնը եւ համակարգիչը դարձած են լատինատառ հայերէնի գործնական եւ ամէնօրեայ հանդէս, ակադեմիա: Նամակներ կը գրուին լատինատառ հայերէնով: Մեսրոպեան եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ հայերէնները իրենց տեղը զիջած են լատինատառ հայերէնի: Շատեր անոր պէտք չունին, քանի որ կը գրեն արդէն լատինատառ այլ լեզուներով: Եւ ազգի զանազան բնոյթի ղեկավարութիւնները, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք, ընդունա՞ծ են կացութիւնը որպէս վերջնական հանգրուան:
Պերճանք չէ մտածել իր դերին գիտակից ազգային ղեկավարութեան մը մասին, որ գործէ այն համոզումով, որ իրաւ հայրենատիրութիւն, ազգի միացում եւ անոր իրաւունքի վերականգնում, անհրաժեշտօրէն կը կառուցուին ինքնութիւն-մէկութիւն պատուանդանի վրայ: Ապա թէ ոչ տեղի կ’ունենայ այլացում:
Այսօր փաստացի իրողութիւն է, որ հայ ազգը, հանրապետութիւն եւ սփուռք, չունի ո՛չ ռազմավարութիւն եւ ո՛չ քաղաքականութիւն, միացման-մէկութեան առաջադրանքով:
Եթէ սկսէինք ՄԻԱՆԱԼ ԵՒ ՄԻԱՑՆԵԼ ԼԵԶՈՒՈՎ:
Նախախորհրդային շրջանին, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը խորթ չէին իրարու: Խորթացումը սկսաւ եւ կը շարունակուի արեւելահայերէնի սովետահայերէնի վերածումով, իր ողղագրութեամբ եւ միջազգայնացած վայրագ փոխառութիւններու հեղեղային բառագանձով:
Ամէն տեսակի խորհրդաժողովներ եւ համաժողովներ գումարուեցան, բայց անտեսուեցաւ ազգային վերականգնումի համար կենսական ԼԵԶՈՒԻ ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ:
Կ’ունենա՞նք իմաստուն եւ քաղաքականօրէն գիտակից ղեկավարութիւն մը, որ յաջողինք ԼԵԶՈՒՈՎ ՎԵՐՍՏԻՆ ՄԻԱՑՆԵԼ ԱԶԳԸ, ԻՐԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԵՍՐՈՊի օրինակով, որ Լեզուով Միացուցած էր Ազգը եւ այդ քաղաքական-գաղափարական հրաշքը կրկնենք այսօր:
Միացում եւ վերականգնում ազգային հիմնական օրակարգ չեն եւ պէտք է ըլլան, առանց յաւելեալ իրաւունքեր ունենալու պայքարներու, այլ յաւելեալ պարտքի եւ շարունակութիւն ըլլալու կամքի: Ա՛յս՝ միշտ ներսը եւ դուրսը:
Ինչպէ՞ս տոկալ, տեւել, ըլլալ եւ մնալ հայ, չվերածուիլ ծագումով հայ ըլլալու ամբոխի վիճակին, չըլլալու ուրիշներու անդիմագիծ-անինքնութիւն կրկօրինակը:
Ֆրանսական պատմութիւնը կը յիշէ Ծիրանաւոր (կարտինալ) Փոլինեաքը, որ լեզուի հարցով արտայայտուած է, երկար դիտելէ ետք վանդակի մէջ եղող կապիկ մը: Ըսած է.«Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»: Այսինքն՝ քեզ որպէս քրիստոնեայ ընդունիմ:
Առակս ցուցանէ այսօր:
Առանց հայ եւ հայախօս բնակչութեան, Հայաստան չ’ըլլար: Այս հայրենատիրութեան, հայրենասիրութեան եւ ինքնուրոյնութեան պարզ իմաստութիւն է:
Այս ըմբռնումով առաջնորդուող եւ առաջնորդող ՀԱՅ ՈՒ ՀԱՅԵՐ կը սպասուին, որպէսզի ազգն ու անոր քաղաքական ընթացքը մտնեն ճիշդ ուղի, աշխատանքները ըլլան նապատակասլաց:
Գումարել՝ նոյնքան էական հայրենադարձութիւնը, որպէսզի հայերէնը չըլլայ մեր քաղքենիի բնակարանները զարդարող ոչինչ նշանակող հիացման առարկայ ջերմանոցային բոյս:
Ինչ որ պիտի ընենք, այսօ՛ր պիտի ընենք, վերականգնելու համար, մեծ ու պզտիկ արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ պայքարելով: Պայքար՝ որ պէտք է պատասխանը ըլլայ «Ի՞ՆՉ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ հարցումին:
Հանրապետութեան եւ սփիւռքի մտաւորականութիւնը լեզուի վերականգնման ճշմարտօրէն քաղաքական նախաձեռնութեան պահանջով հրապարակ չի գար, որպէսզի ներսը եւ դուրսը համակարգուած աշխատանք ծաւալի, որպէսզի հայերէնը բիւրեղանայ եւ ստեղծուին պայմանները, անոնց ընկերացող նիւթական եւ մարդկային ներդրումներով, որպէսզի բոլոր հայերը սորվին իրենց ինքնութեան լեզուն, չխրին համաշխարհայնացման տիղմին մէջ, վերականգնին յաղթահարելով իրենց ուղղակի եւ անուղղակի եղանակներով պարտադրուող լեզուական օտարումը, որ ճամբայ կը հարթէ ազգային, քաղաքական եւ մշակութային օտարումի (aliénation):
Այս պայքարը ազգային-քաղաքական իրաւութիւն կ’ըլլայ, որպէսզի մեր լեզուն չաւելնայ մեռած լեզուներու ցանկին վրայ եւ ազգն ալ չդառնայ մեռած ժողովուրդ:
Ներսի եւ դուրսի բազմանուն եւ բազմագոյն էսթէպլիշմընթները կը լսե՞ն: Եթէ չլսեն, կը գումարուին ցանկին վրայ անցեալի պատմական-նախարարական էսթէպլիշմենթի ցանկին վրայ յայտնիներու, որոնք Պարսից արքայէն պահանջեցին գահընկեց ընել հայոց թագաւորը:
Հետեւութեամբ ռուսական առածին, հարկ է մտածել, որ երգ չունեցող սոխակը բոյն ալ չ’ունենար: Ան ի՞նչ պիտի երգէ ագռաւի կամ արծիւի բոյնին մէջ:
Եթէ ազգային-քաղաքական գիտակցութիւն եւ անկէ բխող յանձնառութիւն ունինք, վաղուան տեսիլքով կը յառաջացնենք հայերէնի վերականգնման համազգային իրաւասու լեզուական իշխանութիւն ունեցող ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը, ի յառաջագունէ ընդունելով որ անոր որոշումները պիտի գործադրուին ամէնուրեք, բոլոր մակարդակներու վրայ, որպէսզի ունենանք ՄԷԿ ԼԵԶՈՒ ԵՒ ԱՄԷՆՔՍ ԽՕՍԻՆՔ ՈՒ ԳՐԵՆՔ ՆՈՅՆ ԼԵԶՈՒՈՎ: Այս կ’ըլլայ ապագան սեւեռող ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ քաղաքականութիւն, որուն գործադրութեան կ’ենթարկուին բոլորը, մոռնալով թաղային իշխանական իրաւունք եւ մենաշնորհ, որուն կը տրամադրուին համահայկական միջոցներ, վարկեր եւ մասնակի փառասիրութիւններէն անդին նայող աշխատանքի ատակ մարդուժ, անկախ հրէի եւ հեթանոսի ախտաւոր տարբերակումներէ:
Որպէսզի ըլլանք նոյն ինքնութեամբ մէկ եւ նոյն ազգ, առանց մնալու յաւերժացած-յաւերժացող համաշխարհային ազգի միգամածի անկենդանութեան եթերին մէջ:
Այս կ’ըլլայ ազնիւ եւ իրաւ ազգային յանձնառու հեռանկարային քաղաքականութիւն:
Միշտ պէտք է մտածել այն մասին, որ մեր յետնորդները եւ համամարդկային պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի դատեն այսօրուան հայութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր առաջնորդները: Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ պատասխանատու է ամէն հայ, ամէն մի ոմն հայ, այս գիտակցութիւնը պէտք է հասցնել իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ:
Այս ՄԵԾ ՀԱՐՑԸ ՉԻ ՎԵՐԱԲԵՐԻՐ ՄԻԱՅՆ ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԻՐԱՒ ԿԱՄ ԻՆՔՆԱՀՌՉԱԿ ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ, ԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՄ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԱՅԼ՝ ՀԱՄԱՅՆ ԱԶԳԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ, որ ծափ չէ, զբօս, աթոռ, կամ գահ չէ:
Յիշել եւ կրկնել, որ ՎԱՂԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇ Է: ՈՒՇ Կ’ԸԼԼԱՅ:
Այս լինելիական ճշմարտութիւնը բարձրաձայնել ամէն օր, այս ընելու համար ԱՄԵԱԿ չսպասել: 405-ի յաջորդող ամէն տարի հայու ինքնութեան կերտման ԱՄԵԱԿ է, հին կամ նոր տոմարով, եւ խորհիլ, որ շարունակութի՞ւն ենք: Եթէ չենք, ի՞նչ ենք: