«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՀԱՅ ԹԵՐԹԸ ԵՒ ՄԵՐ ՄԱՏԱՂ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second


Ծ․Խ․- «Հայրենիք»-ի 125-ամեակին առթիւ, լոյս կ՛ընծայենք հրատարակուած գրութիւններ, յօդուածներ, վերլուծումներ եւ խմբագրականներ։ Այս շաբթուան գրութիւնը՝ «Հայ թերթը եւ մատաղ սերունդը» լոյս տեսած է Փետրուար 16, 1929-ի թիւին մէջ։ Անստորագիր այս յօդուածը, գրեթէ 100 տարի ետք կը մնայ նոյնքան այժմէական, կարեւոր եւ առաջնահերթ։

Հայրենակից մը, Տորչէսթըրէն (Մասաչուսէց), քանի մը օր առաջ մեզի կ’առաջարկէր հետեւիլ ամերիկեան թերթերուն եւ «պզտիկ անկիւն մը յատկացնել՝ պատկերազարդ, տպաւորիչ, փոքրիկ եւ հետաքրքրական, հայրենի երկրէն առնուած պատուածքներ հրամցնելու համար մեր փոքրիկներուն»։
Մեր հայրենակիցը այնքան ոգեւորուած կ’երեւի իր այս առաջարկով, որ կը հաւատայ, թէ ատիկա լաւագոյն միջոցն է ամերիկահայ մատաղ սերունդը հայ մեծցնելու համար։
Սակայն, յիշեալ առաջարկը բերող մեր հայրենակիցը անտես կ’առնէր, որ մեր թերթի մէջ մենք արդէն ունինք փոքրիկ անկիւն մը, «Մանկական Աշխարհը», ուր եթէ ոչ ամէն օր, գէթ շաբաթը մէկ երկու անգամ, երբեմն ալ աւելի, պզտիկ պատուածքներ կու տանք մեր փոքրիկներուն, Lեւոն Շանթի պէս տաղանդաւոր գրողի մը եւ հմուտ մանկավարժի մը կողմէ շարադրուած։
Այդ անկիւնին մէջ երբեմն պատկերներ ալ կ’երեւին, թէեւ ոչ յաճախ։ Հարկաւ, ոչ այդ պատկերները եւ ո՛չ ալ մեր տուած պատուածքները ամերիկեան թերթերու տուածին նման են. բաւական է ըսել միայն, որ ամերիկեանները ծիծաղաշարժ են, մինչդեռ մերինները պարզապէս դպրոցական, դասագրքային բնոյթ ունին։
Ուրիշ կերպ չէր ալ կրնար ըլլալ. քանի որ ամերիկացի երեխաները արդէն դպրոցներու մէջ անգլերէն կը սորվին եւ դուրսը, թերթերու մէջ, իրենց փնտռածը զուարճալի պատմութիւն է միայն։ Մինչդեռ մեր փոքրիկները իրենց ծնողներէն կամ պատահական վարժապետներէն հազիւ հայերէն գրել-կարդալ մը կը գիտնան, երբ կը մօտենան մեր «Մանկական Աշխարհ»-ին, որ կու գայ իրենց համար չափով մը փոխարինելու իրենց պակսած հայկական դպրոցը։
Մեր հայրենակիցը անտես կ’առնէր ուրիշ պարագայ մըն ալ. այն է, որ հայ թերթի մը միջոցները չեն կրնար հեռաւոր չափով իսկ համեմատուիլ ամերիկեան թերթերու հսկայական միջոցներուն հետ. ինչ որ անոնց համար շատ դիւրին է, մեզի համար շատ դժուար է, երբեմն նոյնիսկ անկարելի է։
Վերջապէս, պէտք չէ երբեք չափազանցել հայ օրաթերթի մը մէջ երեւցող մանկական կտորներուն դերը մեր մատաղ սերունդը հայ մեծցնելու այնքա՜ն ծանր, ոմանց կարծիքով նոյնիսկ յուսահատական գործին տեսակէտով։ Ինչ ալ ըլլայ, հայ օրաթերթը չի կրնար փոխարինել հայ դպրոցն եւ ուսուցիչը մանուկներուն համար։
Մեր թերթերը կ’ընեն այն, ինչ որ կարող են իրենց ուժերու եւ միջոցներու սահմանին մէջ։ Եւ սխալ է մեր մամուլէն պահանջել այնպիսի բաներ, որ իր համեստ ուժերէն եւ սահմանափակ միջոցներէն վեր է։ Պէտք է ոյժ տալ ընտանեկան դաստիարակութեան՝ մեր մատաղ սերունդին հայկական ոգի ներշնչելու, հայերէն սորվեցնելու համար։ Պէտք է ամէն կերպ ձգտիլ բանալու մասնաւոր հայկական դպրոցներ, որոնց մէջ մեր փոքրիկները կարենան սորվիլ այն, ինչ որ չեն կրնար սորվիլ տան մէջ իրենց ծնողներէն եւ կամ ամերիկեան դպրոցներու մէջ իրենց ամերիկեան ուսուցիչներէն։
Երբ ասոնք ըլլանք, այն ատեն հայ թերթերու մանկական բաժիններն ալ թերեւս կարելի պիտի ըլլայ աւելի կենդանի եւ հետաքրքրական դարձնել…

«Հայրենիք» Փետրուար 16, 1929

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles