12 Փետրուար 2024
France 24 պատկերասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին, տեղեկագրական-վաւերագրական հաղորդումներուն շարքին (Reporters), լուսարձակի տակ բերաւ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին եւ անոր բռնապետին հակաժողովրդավար ընթացքը, մարդու իրաւունքներու աղաղակող ոտնակոխումի փաստերը եւ այլ բաներ:
Հաղորդումը, անգլերէնով, աւելի քան 22 վայրկեան է եւ խորագրուած՝ Torture in Azerbaijan: Europe looks away (Տանջանքները Ատրպէյճանի մէջ. Եւրոպա ուրիշ կողմ կը նայի), կարելի է գտնել հետեւեալ կապով. https://youtu.be/A99kbwShmvI
Ժապաւէնին բացումը կատարուեցաւ Ալիեւի ու վարչախումբին հակառակորդ եւ Ֆրանսա ապաստանած երիտասարդի մը հետ զրոյցով (որմէ մասնիկներ տրուեցան նաեւ աւելի ուշ): Ան բանտարկուած է եւ ծանր տանջանքի ենթարկուած, որովհետեւ քննադատած է Ալիեւի մենատիրական բռնատիրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ ալ, քանիցս «անծանօթներէ» յարձակում կրած է եւ ծանրօրէն վիրաւորուած: Հաղորդումը զրոյցներ կը բովանդակէր Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւանց պաշտպաններու, նմանապէս բռնադատութիւններու ենթարկուած ու ազերի նախկին դեսպանի մը հետ, որոնք բացայայտեցին Ատրպէյճանի իշխանաւորին բռնատրութեան տարբեր երեսները: Լուսարձակի տակ բերուեցան Եւրոպական Համայնքին եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէկ քանի ծալքերը, օրինակ՝ «խաւիարի դիւանագիտութիւն»ը, Ատրպէյճանի հետ բարեկամութեան հիմերն ու քարիւղի ապահովումը եւ այլն:
Վաւերագրականը յայտնապէս պատրաստուած էր Ատրպէյճանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն խայտառակութիւնները բացայայտելու միտումով, քանիցս շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց մասին միշտ ալ հերքում տրուած է Պաքուէն, եւ սակայն, Եւրոպական խորհուրդը վերջերս չկրցաւ կուլ տալ սուտերը եւ ժամանակաւորապէս կախակայեց ազերի ներկայացուցիչները: Հպանցիկ ակնարկութիւն կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան «պատմական թշնամութեան» ու Արցախի գրաւման:
Եթէ փորձենք խտացնել հաղորդումին միտք բանին, կրնանք ըսել, որ տեղեկագրողները կ’ուզեն ցոյց տալ, որ հոն՝ Կովկասի հարաւային գօտիին մէջ, կայ մենատիրական-բռնատիրական երկիր մը, որուն նկատմամբ Եւրոպա հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ շահադիտական նկատումներով, ընդհանրապէս չ’ուզեր տեսնել դաժան իրականութիւնը եւ հմայուած է քարիւղով ու խաւիարով:
***
Նման հաղորդումներ, այսինքն՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ իրական դէմքը ցոյց տուող փաստագրումներ հազուադէպ են արեւմտեան – եւ ոչ միայն արեւմտեան – աշխարհին մէջ:
Իրականութեան մէջ, եթէ քիչ մը քննական մօտեցումով դիտենք հաղորդումը, կրնանք արձանագրել բազմաթիւ նկատողութիւններ, նա՛եւ թերի մասեր: Սկսելու համար, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ մեծ ոճիրին՝ Արցախի պաշարման, անոր վրայ կրկնակի եւ մահասփիւռ յարձակումներուն, հայաթափման՝ որ ցեղասպանական արարք է ի վերջոյ, ո՛չ ալ նոյնինքն նախագահական ընտրութիւններուն խայտառակ բեմադրութեան մասին: Յետոյ, երբ կը խօսուէր բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներու մասին, որոնց յանցանքը Ալիեւը քննադատել է, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ այն հայերուն մասին (Արցախի պետական գործիչներ, զինուորներ, պարզ քաղաքայիններ), որոնք գերի ու պատանդ կը մնան Պաքուի մէջ: Եւրոպական խորհուրդէն արտաքսուած ազերի պատգամաւոր մը, նաեւ ազերի դեսպան մը յայտարարեցին, որ իրենց երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: Ազերի պատգամաւորը մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ ըսել հարց տուող լրագրողին, որ թերեւս ձեր երկիրներուն մէջ կան քաղաքական բանտարկեալներ (յստակ չէր, թէ հարցնողը արդեօք Հայաստանէ՞ն էր…):
Իսկ եթէ հարց տանք, որ France 24-ը ինչո՞ւ այս շեղումը կատարած է (չէ՞ որ եւրոպական զանգուածային մամուլը, նոյնինքն Պորէլներ եւ այլ ներկայացուցչական դէմքեր խանդավառ են Ալիեւի վերընտրութեամբ եւ կը յամառին չտեսնել անոր բռնատիրական ընթացքը), կրնանք ատոր պատասխանն ալ գտնել: Վերջին շրջանին, Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ «սեւ կատու» մը անցած է: Ատրպէյճան իբրեւ կողմնակալ կը մեղադրէ Ֆրանսան եւ զայն կը դատապարտէ Հայաստանը զինելու յանցանքով, Ֆրանսա ալ, իր կարգին, համապատասխան հակադարձութիւններ կը կատարէ: Մանրամասնութիւնները ծանօթ են, այդ թղթածրարին մելանը տակաւին թաց է (հիմա մելան չի գործածուիր, գիտենք):
***
Ինչո՞ւ կ’արձանագրենք այս բոլորը:
Պէտք կա՞յ մանրամասնօրէն բացատրելու: Իբրեւ Ատրպէյճանէն ու անոր բռնատէրէն վնասուած կողմ՝ Հայաստան եւ հայութիւն, բոլո՛ր միաւորներով, պարտաւոր ենք ո՛չ միայն հետեւելու նման հաղորդումներու, այլ նաեւ օգտագործելու նման առիթներ՝ վար բերելու համար Ալիեւի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Էրտողանի բազմախաւ դիմակները: Աւելին, մեր դիւանագիտութեան բազուկն ու քաղաքական աշխատանքի դաշտին մէջ եղողները՝ Հայ Դատ եւ նման միաւորներ, պէտք է իրե՛նք ըլլան նախաձեռնող՝ նման հաղորդումներու պատրաստութեան համար: Սա կը նշանակէ մեր ռատարներ-ը բաց պահել բոլոր ուղղութիւններով (չենք ըսեր, որ այդ ռատարները չեն բանիր, սակայն բանողը բաւարար չէ, երբեմն կը մնայ միայնակ): Ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է վերջ տալ Երեւանի իշխանաւորներուն այն խայտսառակութիւններուն, որոնց խորագիրներն են միակողմանի խաղաղութեան հետամտութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ գործակից փնտռելը, ա՛յն Ատրպէյճանին՝ որ ոգի ի բռին կը հետապնդէ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս բնաջինջ ընելու համաթուրանական ծրագիրը, եւ… գործակիցներ գտած է Երեւանի մէջ:
Ֆրանսական յիշեալ կայանին նախաձեռնութիւնը՝ Ալիեւի վարչակարգին դիմակը մասամբ վար առնելը բնականաբար ողջունելի է, սակայն կը մնայ կիսկատար: Սպասելի է – եւ ահա հո՛ս է մեր դերը – որ լրատու այլ աղբիւրներ եւս հետեւին այս քայլին, առեւտրական եւ շահակցական հաշիւները տեղ մը բաժնուին քաղաքական հաշուարկներէ (կարելի՞ է. վստահաբար այո, քանզի այլ տեղեր կ’ըլլան, երբ համապատասխան աշխատանք տարուի), սեւն ու սպիտակը զատորոշուին եւ համապատասխան ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ քայլեր առնուին: