Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի Վարդանանքն Ու Բարեկենդանը

1 0
Read Time:48 Second


Ուրբաթ, 9 Փետրուարի յետմիջորէին, Զաւարեան միօրեայ վարժարանի աշակերտները նշեցին Վարդանանքն ու Բարեկենդանը։
Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին Աւարայրի ճակատամարտի ոգեկոչումն էր, որուն ոգեղէն արժէքին հաղորդակից պէտք է դարձնել նորահաս սերունդը։ Սփիւռքեան մերօրեայ մարտահրաւէրներն ու Հայրենիքը տակնուվրայող իրադրութիւնները առաւել եւս կը շեշտեն ոգեղէն արժէքներով սնելու հրամայականը։
Դպրոցական առօրեայէն արտասովոր ժամեր ունեցան մեր փոքրերն ու պատանիները։ Աւարայրի հերոսամարտի ու Վարդանանց հերոսներու սխրանքին ծանօթացան ուսուցողական հետաքրքրաշարժ ժապաւէններու ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց խաղ մրցոյթ մը՝ մատուցուած գիտելիքներուն եւ արծարծուած գաղափարներուն շուրջ։ Բոլոր աշակերտներն ալ «յաղթողներ» հանդիսացան եւ առ ի գնահատանք ստացան այբուբենով եւ Արարատով զարդանախշուած մատիտներ։
Օրուան երկրորդ թեման Բարեկենդանն էր։ Բարեկենդանի խորհուրդը, աւանդոյթներն ու տօնախմբութիւնները ներկայացնող տեսաերիզները հետաքրքրական եւ զուարճալի մթնոլորտ ստեղծեցին։ Ծանօթացան Ակլատիզին եւ Մեծ պահքի շրջանը նշող եօթը փետուրներուն եւ Թումանեանի «Բարեկենդան»ին։


Այնուհետեւ եռագոյնով ներկուած դէմքերով եւ բռունցքներով, ազգագրական պարով եւ մայրենին ու հայրենիքը գովերգող երգերով շարունակեցին տօնախմբութիւնը։
Վարդանանց հերոսներու սխրանքով եւ բարեկենդանի խանդավառ տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին դպրոցին՝ իրենց հետ տանելով անմար յուշ մը մեր պատմութենէն եւ յոյսի նշոյլ մը մեր ապագայէն…
թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles