Սահմանամերձ Ներքին Հանդի Մէջ Չորս Նահատակ Եւ Մէկ Վիրաւոր

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

 

Փետրուար 13-ին, Սիւնիքի Ներքին Հանդի ուղղութեամբ ազերի բանակին կողմէ կատարուած անակնկալ յարձակումին եւ կրակոցներուն պատճառով, զոհուեցան չորս հայ զինուորներ, իսկ հինգերորրդ մը վիրաւորուեցաւ։

Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով, տեղեկացուց, թէ․- «Ատպէյճանի զինուած ուժերի զինծառայողները ռասայական (ցեղապաշտական, խմբ․), ազգային, էթնիկ (ցեղային, խմբ․) ծագումով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով, ապօրինաբար կեանքից զրկելու դիտաւորութեամբ` կրակոցներ են արձակել Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող շփման գծի հարաւ-արեւելեան հատուածի մարտական դիրքերի ուղղութեամբ: Դրա հետեւանքով 4 զինծառայող` Էդուարդ Յարութիւնեանը, Գագիկ Մանուկեանը, Արսէն Համբարձումեանը, Հրաչ Յովհաննիսեանը, ստացել են կեանքի հետ անհամատեղելի հրազէնային մարմնական վնասուածքներ: Եւս մէկ անձ` Ռուստամ Վարդանեանը, ստացել է աջ ձեռքի նախաբազկի շրջանի հրազէնային վիրաւորում: Վերջինիս վիճակը գնահատւում է միջին ծանրութեան: Կատարւում է նախաքննութիւն: Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ»։

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին, տեղեկացուց, թէ այս յարձակողական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ սահմանային լարուածութիւն ծաւալելու համար Ատրպէյճանը կը փնտռէ պատրուակներ:

Ուժի կիրարկման այս գործողութիւններուն նախորդած էին Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու տեղեկատուական-քարոզչական նախապատրաստական աշխատանքները: Ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը շարունակաբար փորձ կ՛ընէ վիժեցնելու Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարներու ջանքերը` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները:

Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ձեռնարկած քայլերը մագլցումի պատրուակ են, ամբողջովին անհիմն են: Այս մասին կը յայտնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Զինուորական այն սադրանքէն ետք, որ յանգեցուցած է Ատրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորման, Ատրպէյճանական կողմը վերացուցած է հայկական դիրքէն բխող վտանգը: Այս միջոցը զուտ պատասխան գործողութիւն էր: Ատրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան հոլովոյթին եւ հայկական կողմին կոչ կ՛ուղղէ խուսափելու զինուորական մագլցումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել այդ ուղղութեամբ ջանքերը», նշած է նախարարութիւնը:

Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 Փետրուարին, Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամ Ճոն Ուիտինկտէյլի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ միեւնոյն օրը առաւօտեան Ատրպէյճան սկսաւ տեղային, բայց ծաւալուն հրաձգութեան` անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով, եւ պատճառ դարձաւ չորս զինուորներու սպանութեան։

Ան յայտնեց, որ եղածը միակ գործողութիւնը չէ, այլ ատրպէյճանցիները մնայուն կերպով կը դիմեն այսպիսի սադրանքներու, որոնք Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնն են, որ մեծապէս կը վտանգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:

Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Խոսեփ Պորել` անդրադառնալով դէպքին, յայտնեց, թէ,- «Ասիկա կրկին կը փաստէ ուժերը հեռացնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ տեւական ժամանակ կը խրախուսէ Եւրոպական Միութիւնը: Անհրաժեշտ կը նկատեմ վերահաստատել Եւրոպական Միութեան լիակատար յանձնառութիւնը աջակցելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման` հիմնուած գերիշխանութեան ճանաչման եւ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքներուն վրայ: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ վերջերս համալրուած է` անձնակազմի թիւը աւելցած է, անիկա պիտի շարունակէ նպաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն աջակցող միջավայրի ձեւաւորման»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles