ԱԶԳԻ ԴԱՏ Է ԽՕՍԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻ ՀԱՅ «ՄՆՑՈՐԴԱՑ»-Ի ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 18 Second

Յ. Պալեան

            եւ Բռնագրաւուած հայաշխարհին մէջ ջարդէ ազատած եւ անտեսանելի դարձած  հայեր կային, շատեր  շիջած են, կան անոնց յետնորդ սերունդները, որոնց մասին մտածել եւ մտահոգուիլ պարտականութիւն պէտք է ըլլայ:              Յուսահատութեամբ եւ անզօրութեամբ կ’ըսենք՝ Մնացորդաց եւ կարծէք չենք անհանգստանար :

            Իրապէս ի՞նչ գիտենք հայկական այդ Մնացորդացի մասին, ի՞նչ գիտենք այսօր մասնաւորաբար՝ անոնց յետնորդներու, մասին զաւակ թոռ ու ծոռ:            Այդ Մնացորդացը ՀԱՅԵՐ էին, որոնք զոհ չէին գացած ցեղասպանական ոճիրին, մնացած էին  իրենց հայրենիքին մէջ, այս կամ այն ձեւով թաքնուելով, պատշաճելով, կրօնափոխ ըլլալով, անուն փոխելով:

            Ի՞նչ եղած են անոնց յետնորդները, անոնց տեղաբաշխութեան եւ համրանքին մասին ի՞նչ գիտենք: Կը խօսինք «Իսթանպուլահայութեան» մասին, որ ԺԹ եւ Ի դարերու պոլսահայութեան շարունակութիւնը է եւ չէ: Շատեր գաղթած են Եւրոպաներ եւ Ամերիկաներ, անոնց տեղ նորեր եկած են Թուրքիոյ նախկին հայկական գաւառներէն: Նորերէն շատեր այնտեղէն ալ մեկնած են, չեն կրցած, չեն ուզած Հայաստան երթալ, աւելի ճիշդ, ոչ ոք մտածած է զանոնք խորհրդային կամ ներկայի անկախ Հայաստան տանիլ:

            Աւելի ճիշդ. ի՞նչ գիտենք Թուրքիոյ  անտեսանելի-թաքնուած հայութեան մասին, Մնացորդացին: Ի՞նչ է անոր թիւը, ո՞ւր կը բնակին այդ հայերը, անոնց ո՞ր տոկոսը հայկական համայնքի մը մաս կը կազմէ, ո՞ր տոկոսը ինքզինք հայ կամ հայութենէ սերած կը համարէ, ինքզինք տէր կը համարէ իր նախահայրերու հողին: Այդ գիտակցութիւնը կը փոխանցուի՞:  Այդ Մնացորդաց ՀԱՅԵՐու  մասին շատ քիչ բան գիտենք: Քիչ բան գիտենք նաեւ անոնց այլ երկիրներ գաղթածներու մասին, անոնք ցանկագրուած են որպէս Թուրքիայէն գաղթածներ, ըստ անցագրի՝ ԹՈՒՐՔԵՐ: Դժուար աշխատանք է այդ գիտնալ, քանի որ անցագիրներուն վրայ տարբեր պատկանելիութիւն նշող արձանագրութիւն չկայ: Աղեքսանդրիակէն (Իսկենտէրունէն) Գերմանիա հասած Քեմալ Ասլանի հայկական «Հայրապետ» անունը ոչ մէկ տեղ կ’երեւի: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի գիտնայ, որ Գերմանիոյ «թուրք»երուն մէջ քանի Հայրապետ, Սարգիս, Երջանիկ եւ Արշամ կան: Գերմանիան օրինակ էր: Թուրք գաղթականութեան հետ ուրիշ երկիրներ հասած «ծագումով հայեր» կան, որոնք իրենց նոր կեցավայրի քաղաքացի կը դառնան որպէս ծագումով թուրքեր: Հայկական պետութիւնը եւ իր պատկանելիութեան առաւել կամ նուազ նախանձախնդիր ՍՓԻՒՌՔ(ներ)ի ԱԶԳԱՅԻՆ.ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ղեկավարութիւնները, հայկական համրանքը փրկելու պարտականութիւն չունի՞ն: Հայաստան կ’ըսեն՝ «գենեֆոնտ»ը:

            Ժամանակին կը պատմէին, որ մէկ հայ որբ գտնելու եւ փրկելու համար, մարդիկ հետիոտն հարիւրաւոր մղոններով ճամբայ կ’երթային:

            Ինչպէ՞ս պէտք է զբաղիլ այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին ապրող անորոշ համրանքով, Մնացորդացով, որուն համար ոչ իսկ ենթադրական թուական գնահատում կարելի է ընել:

            Եթէ այս աշխատանքը կատարուած ըլլար նոյնիսկ աշխարհագրական սահմանափակումներով, նոյնիսկ մասնակի, աւելի յստակ պատկերացում կ’ունենայինք: Այսօր Անոնք ալ կը գաղթեն, անոնց մէկ  մէկ մասը երբեմն կը տեսնենք կիրակի օրերը, սփիւռքի հայկական համայնքներու եկեղեցիներու մէջ, կամ բակը, երբ դեռ շրջապատին բոլորովին չեն մերուած, անոնք առաւել կամ նուազ «նոր» գաղթականներ են: Կը զատորոշուին շրջապատէն, այսինքն արդէն իրենց ապրած երկիրներուն համարկուած հայ սերունդէն իրենց լեզուով, որ թրքերէնն է, եւ անուններով, նաեւ հագուածքով:  Զիրենք ընդունած երկիրներուն համար անոնք թուրք են, որովհետեւ անցագիրը ազգութիւն կը ճշդէ, անոնց ինքնութիւնը ըստ անցագրի կը ճշդուի:

            Այս ՄՆԱՑՈՐԴՈՑին հանդէպ պարտականութիւն եւ ազգային-քաղաքական պատասխանատուութիւն չունի՞նք: Այդ անուանումին տակ կան ընտանիքներ, գերդաստաններ, որոնք հայ են, շատեր կը յիշեն որ հայկական ծագում ունին: Անցեալին, գաւառներու մէջ մնացողներու հանդիպողներ եղած են, եւ անոնք գաւառական պարզութեամբ, ըսած են, որ միթէ՞ թագաւոր չունինք, որ մեր մասին մտածէ: Այս վկայութիւններու մասին քանիցս խօսած եմ: Արաբական առածը կ’ըսէ, որ կրկնութիւնը ուսուցման մայրն է, եւ այդ համոզումով կրկին կը խօսիմ այս մասին, որ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐ պէտք է ըլլայ եւ չէ: Հանրահաւաքի մը ընթացքին, ԱՄԵԱԿներու աղմուկին մէջ, չ’արծածուիր այս ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԿԱՌՒՑՄԱՆ եւ ԼՐԱՑՄԱՆ խնդիրը: Տօնակատարութիւնները, գրականութիւնը, երգը եւ այդպէս բաներ լաւ են, բայց ԱԶԳը կը կազմուի մարդոցմով եւ համրանքով, ան քանի մը հոգիներով կազմուած շրջանակ եւ ակումբ չէ: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը միջազգայնօրէն ընդունուած եւ ճանչուած հաստատութիւն է, ան կրնայ կատարել այս աշխատանքը, այնքանով որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները թոյլատրեն: Թուրքիոյ Հայոց Շնորհք Պատրիարքը օրինակելի աշխատանք կատարեց, ԴՊՐԵՎԱՆՔ հիմնեց, եւ գաւառներէն պատանիներ եւ երիտասարդներ բերաւ, հայերէն սորվեցուց եւ հայացուց: Այդ սերունդէն Մկրտիչ Մարկոսեան գրող դարձաւ: Անոր գիրքը «Մեր այն կողմերը», Մնացորդացի ինքնատիպ պատմութիւնն է: Ինչո՞ւ հարց չտալ, թէ Հայկական Հանրապետութիւնը այս հարցով ընելիք չունի՞, բարոյապէս եւ միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ:

            Ներսի եւ դուրսի կուսակցութիւնները եւ քաղաքական ուժերը ի՞նչ ձեւով  որպէս օրակարգ եւ հիմնախնդիր կրնա՞ն ընդունիլ, կ’ընդունի՞ն ՄՆԱՑՈՐԴԱՑը, զայն սահմանելով որպէս ազգային եւ մարդկային ՀԱՐՑ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան իրաւասութիններու եւ պարտականութիւններու ծիրէն ներս:

            Եթէ ՄԵՆՔ ՄՈՌՆԱՆՔ եւ ԱՆՏԵՍԵՆՔ ԱՅՍ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ, զայն որպէս այդ չհետապնդենք, ոչ ոք այդ պիտի ընէ մեր փոխարէն,եւ մենք ալ մեղսակից պիտի դառնանք ՀԱՅ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑի վերջնական անհետացման: Եթէ սկսէինք հետաքրքրուիլ Ֆրանսա, Գերմանիա, Ամերիկա եւ այլուր Թուրքիայէն հասած աշխատաւորական գաղթականութեան մէջ փնտռել Մնացորդացը, այդ երկիրներուն մէջ նման աշխատանք թրքական պետութեան ազգայնական ընդդիմութեան չի հանդիպիր, գէթ օրէնքով:

            Այս մէկ, տասը, հարիւր անձի բարեսիրական օգնութիւն հասցնելու խնդիր չէ, սովորական բարեսիրութիւն չէ ,այլ,  ինչպէս ըսի, գործածելով Հայաստան ընդունուած եզրը, ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԳԵՆԵՖՈՆՏի պաշտպանութիւն:

            Ո՞ւր խօսիլ, որո՞նց հետ խօսիլ, ինչպէ՞ս խօսիլ, որպէսզի այս հարցը չարձանագրուի պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու ապազգայնացնող գործնապաշտութեամբ: Ենթադրեն՞ք, մեր ուղեղը քերելով, որ այսօր այդ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ՀԱՅԵՐԸ, ՄՆԱՑՈՐԴԱՑԸ, աճելով, մէկ, երկու երեք կամ աւելի միլիոն կրնայ ըլլալ, անոնց ԱԶԳԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁի հարցով ազգային–քաղաքական անշրջանցելի պատասխանատութիւն ունի՞ն թէ՞ չունին, հայկական պետութիւնը, եկեղեցին եւ Սփիւռք(ներ)ը: Այս ընել թաղային իշխանութիւններու աթոռախաղ չէ: Ազգի գոյութենական խնդիր է:

            Միայն այլասերած քաղքենիքներ կրնան եզրակացնել, ըսելով՝ որ ժամանակը չէ, մոռցէ՛ք, ազգային ոգիէ դատարկուածներու համար նման հարց արծարծել ջուրի երեսին տրուած սուրի հարուած է:

            Եւ մեր անտարբերութեամբ կը վերջացնենք ինչ որ չեն ըրած հուրը, սուրը, թուրքը եւ մեղսակից մեծ-մեծ տիտղոսներով միջազգային համայնքը:

            Ամերիկացիները ամէն քայլափոխի, չեն վարանիր  եւ պայքարէ խուսափողները կը կոչեն «լուզըր», (looser): Կ’ենթադրեմ՝ կորսնցնելու դատապարտուածներ:

            Այդ անորոշ համրանքով ՄՆԱՑՈՐԴԱՑին մէջ հայեր կան, Մուշ, Սասուն, Սեբաստիա, Ատանա, Անտիոք: Վաքըֆ, Մուսալեռցիներ կան, որոնք պատշաճելով կը դիմադրեն, որքան որ կրնան կը պահեն իրենց բարբառը կառուցած են եկեղեցի: Բացառութիւն: Մուշի մէջ կայ սրահ մը՝Տարօն-Տուրուբերան կոչուած: Սիս-Քոզան (Կիլիկիա) հայեր կան:

            Հրաշքը երկինքէն պիտի չգայ: Ի՞նչ պէտք է ընել՝ որ ծնունդ տանք հրաշքին: Տեղ մը կը խօսուի՞ այս մասին: Այս ցուցադրական, (ՇԱՈՒ)ի, ծափի, խօսափողի հանդէս-իրարանցում չէ:      

            Լաւ է մեռածերու եւ զոհերու յիշատակը յարգել ու պահել:

            Բայց Միթէ՞ նախամեծար պէտք չէ ըլլայ զբաղիլ ողջերով եւ անոնց փրկութեամբ, եւ զօրանալ, փոխանակ ներազգային պայքարներ սնուցելու համար ուժ մսխլու:

            Ազգը եւ հայրենիքը կը վերականգնին, կը տոկան եւ կը տեւեն, արեւելահայերու որդեգրած եզրի՝ գենեֆոնտի աճով եւ հզօրացմամբ:

            Այսօր, եթէ արդէն ուշ չէ, վաղը անպայման վերջնական ուշ է՝ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑԻ ԴԷՊԻ ԱԶԳ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՀԱՄԱՐ:

            Քանի «սփիւռքացում«ը շարունակուի, դէպքերու ընթացքը այնպէս է, որ քիչ մը ամէն տեղ, պիտի յառաջանան նորատեսակ «Մնացորդացներ», «գենեֆոնտը պիտի նօսրանայ եւ այլասերի: Ողջախոհութիւն պիտի ըլլար այս խնդիրը դիտել արտագաղթի, հայրենադարձութեան եւ «համաշխահային ազգ»ի հարցերը լուսարձակի տակ բռնելով եւ ձեռնածալ չմնալով:

            Այս նուիրական գործին համար պէտք յիշել  եւ «լիցքաւորուիլ»ԺԹ դարու առաջին կէսի  հայ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի խօսքով. «Եղբայր ենք մեք»: Ընթերցել՝ «ՄԵՆՔ»: Նորերը չեն յիշեր զինք:

            Կը կցեմ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութիւնը* , այն յոյսով, որ, երբեմն, մոռնալով վէճ ու բանսարկութիւն, բանաստեղծը յիշող եւ ընթերցող կ’ըլլայ: Մտածել անոր հունով, արդէն այլ պերճանք է:

 

*

Եղբայր եմք մեք

 

Ի բիւր ձայնից բնութեան շըքեղ
Թէ երգք թռչին սիրողաբար,
Մատունք կուսին ամենագեղ
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար,
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք,
Որ մըրըրկավ էինք զատուած.
Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն.
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Երբ ալեւոր Մայրն Հայաստան
Տեսնէ զորդիս իւր քովէ քով,
Սըրտին խորունկ վէրքըն դաԺան
Քաղցր արտասուած բուժին ցողով.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Մեկտեղ լացինք մենք ի հընում․․․
Եկէ՛ք դարձեալ յար անբաԺան
Խառնենք զարտօսր եւ ըզխնդում,
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կա յ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

 

Մկրտիչ Պէշիկշաշլեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles