Կիրակի, 28 Յունուարին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով Սուրբ Սարգիսի վարքին, շեշտեց այն իրողութիւնը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, որպէս հաւատքի զինուոր, գիտակից եւ մշտարթուն պէտք է ըլլայ հոգեւոր կեանքի մնայուն պայքարին մէջ, որպէսզի սուրբերու նման ի՛նք եւս խարսխուած Քրիստոսով՝ յաղթահարէ Չարի ամէն տեսակի փորձութեանց։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ յընթացս ճաշկերոյթի «Յոյսեր» համոյթը գեղարուեստական որակաւոր յայտագիր մը ներկայացուց։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործակիցներուն եւ ծխականներուն իրենց անվերապահ աջակցութեան համար, մանաւանդ օրուան ճոխ ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին։ Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի գնահատագիր յանձնէ եկեղեցւոյ ընդհանուր խնամատար եւ Ս. Խորանի ծառայող՝ Բարշ. Զաւէն Սարկաւագ Վարժապետեանին։ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, դրուատեց սարկաւագին բարեմասնութիւնները, այնուետեւ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին նախանձախնդրութիւնը, որով նորարարութիւններով եկեղեցին միշտ աշխոյժ եւ յարատեւ զարգացման մէջ կը պահէ։ Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Տէր Հօր աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։