ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ՍՓԻՒՌՔԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 21 Second

Յ. Պալեան

Հայրենասիրութիւնը  ոչ ոքի յատուկ է:

Ան նոյնն է ինչ որ  է մարդկայնութիւնութիւնը:

Ես հայրենասէր եմ. քանի որ մարդ եմ եւ մարդկային:

Մահաթմա Կանտի

 

            Սովորութիւն է խօսիլ եւ գրել, թէ Սփիւռքը հայ պէտք է պահել, անառարկելի հրամայական, impératif catégorique, որուն «ինչպէս»-ները բազմաթիւ են: Նոյնքան էական է մտածել, թէ ինչո՞ւ Հայ պէտք է պահել:  Կարծէք մեղանչում է այդ հրամայականէն հեռանալ եւ մտածել, թէ անկէ  առաջ եւ վերջ  կա՞ն նաեւ նոյն ազգի գոյապահպանման առնչուող հիմնահարցեր, ի՞նչ  է ազգի ՍՓԻՒՌՔ հատուածի ապագան: Ան կրնա՞յ մնալ որպէս ազգի հատուած, թէ՞ դատապարտուած է իր հայկական արմատներէն հեռանալու, եւ հուսկ՝վերջնականապէս խզուելու: Իրականութիւնը մատներու արանքէն պէտք չէ դիտել, նոյնիսկ եթէ ցաւցնող է:

                         Կարեւոր է գիտնալ, թէ՝ ո՞ւր կ’երթանք եւ ինչո՞ւ:

            Ի հարկէ, ոչ ոք միամիտ է հաւատալու եւ խորհելու, որ ՍՓԻՒՌՔի մէջ հայապահպանումը մնայուն եւ զանգուածային կրնայ ըլլալ: Բնական է որ, ան հետզհետէ սեղմուի եւ ըլլայ մենաշնորհը զանգուածէն անջատուող փոքրամասնութեան, որ վաղ թէ ուշ ինք ալ պիտի կորսնցնէ այդ մենաշնորհը: Այսքանը եթէ չհասկնանք, կը նշանակէ որ մեր աղմկարարութիւններուն անգիտակից զոհերն ենք, եւ հետապնդուած կարծեցեալ նպատակը իր միջուկէն կը պարպենք:

            Սփիւռք(ներ)ի բնակած վայրերը հայու հայրենիք չեն, այդ վայրերը ուրիշի հայրենիք հայրենիք են: Պատմական արկածի հետեւանքով,- ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում,-  անհայրենիք դարձած հայերու համար սկզբունքով ժամանակաւոր ըլլալու կոչուած կեցավայր են, այդպէս պէտք է ըլլալին: Այդպէս կ’ըսե՞նք, կամ  ինչ-ինչ ճապկումներով կը մոռնանք կամ կ’ուզենք մոռցնել, եւ ժամանակաւորը կը դառնայ մնայուն, ո՞ւր եւ որպէս ի՞նչ կանգ առնելու համար: Այս տեսնելու եւ խոստովանելու իրատեսութիւն պէտք է ունենայինք, ունենանք, ազգային իրաւութեան ուղի ճշդելու եւ որդեգրելու համար:

            Սփիւռքը հայ կրնա՞նք պահել եւ մինչեւ ե՞րբ:

          Պատասխանը ծագումով հայ եւ մեծ հայրս ալ հայ էին ընթացիկ պարզութիւններուն մէջ պէտք է փնտռել:

          Ինչո՞ւ հայ պէտք է պահել Սփիւռքը: Ո՞ր նպատակին համար, ո՞ւր հասցնելու համար հայը եւ հայերը: Առանց այս նպատակի ճշդման եւ գիտակցութեան, Սփիւռքը օր մը կը դադրի ազգի հատուած ըլլալէ:

                        Կոշտ հարցումներ: Բայց՝ կարեւոր: Անոնց հայ ազգային ըմբռնումով ընկերաքաղաքական պատասխան պէտք է տալ, առանց ինքնագոհական-ինքնախաբէական շպարի:

            Ինչ ալ ըլլան  ճիգերը, պէտք է հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ բազմակտոր Սփիւռքը, որուն ՄԷԿՈՒԹԻՒՆը սոսկ տեսութիւն է, քանի ժամանակը անցնի, նուազ այդպէս պիտի ըլլայ, ամէն օր քիչ մը աւելի մերուելով, վաղ թէ ուշ յանգելու համար ձուլման, երեւոյթ՝ զոր պիտի ուսումնասիրեն պատմաբաններ եւ ընկերաբաններ, որպէս «ծագումով հայեր»՝ գիտական առարկայ: «Հայապահպանման» բոլոր աշխատանքները, որոնք կը ծառայեն արմատներու հաւատարմութեան եւ  ինքնութեան պահպանման, շրջապատի մշակութային, լեզուական, գաղափարական, բարքերու հարթող գլանին միայն ժամանակաւորապէս պիտի դիմանան, անցնելով յարաճուն պատշաճեցումներու բովէն, գումարուելով պիտի յանգին ծագումով հայու իրավիճակին, այսինքն՝ պիտի դադրին շարունակութիւն ըլլալէ:

          Սփիւռք(ներ)ի հայապահպանումը ինքնահաստատման թափահարում է, եթէ ազգային-քաղաքական տեսիլք չունի Սփիւռքեան կեցավայրերը այդքան են, հայու հայրենիք չեն եւ պիտի չըլլան: Հայապահպանումը շնչատ կ’ըլլայ, եթէ կորսնցնէ առանցքային հայրենատիրութիւնը, որ կը վերաբերի հայրենիքի, ան ըլլայ ներկայի անդամահատումներէ ետք մնացած Հողակտորը, թէ նախահայրերու ժառանգութիւնը, ուր կան սկիզբ եւ պատմութիւն, որոնցմով  կ’իմաստաւորուի Հայապահպանումը եւ կը յաջողի, եթէ մնայ այս գիտակցութեան ալիքին վրայ: Այդ կը նշանակէ, որ հայը, ուր ալ գտնուի, հայրենիք չեղող ոեւէ կեցավայրի մէջ, ինքզինք պիտի համարէ օտար, եթէ իրատես է, հասկնայ որ զինք կը համարեն եւ կը դիտեն որպէս օտար, ինչ ալ ըլլան իր ծոցի գրպանի անձնագրերը:

            Տարրական ողջմտութիւնը կ’ըսէ, եթէ լսենք, որ ոչ միայն կեցավայրը հայրենիք չէ, այլ նաեւ կեցավայրի մէջ հայու ինքնութեան պահպանումը երազ է, ինչ ալ ըլլան յաջողութիւն համարուած հոգեխռով մասնակի նուաճումները, անոնք վերջին հաշուող յարդի բոց են, դատապարտուած են ժամանակաւոր ըլլալու:  Կացութիւնը պէտք է դիտել Պատմութիւն-ժամանակի հորիզոնին վրայ, որ հինգ, տասը, կամ քսան տարի չէ: Պէտք է հասկնալ, որ Հայապահպանումը առանց հայրենադարձութեան սկզբունքի հետապնդման իմաստ չունի, թաղային իրարանցում է:

            Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, հեռու կամ մօտ կեցավայրեր, հայրենատիրութեան իմաստ եւ մարմին տուող հայրենադարձութեան  օրակարգ չկայ, հայրենադարձութիւնը ոչ մէկ տեղ օրակարգ է, անոր համար հանրահաւաքներ չկան, լրատուամիջոցներու աղմուկին մէջ անոր մասին չի խօսուիր: Զանազան նպատակներու համար դրամահաւաքներ կ’ըլլան, բայց ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ չունինք: Միթէ՞ բացատրութեան կարիք կայ հասկնալու, որ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ համար կենսական է ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԱՂԷՏ է ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ, որուն պարզ անունը ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄ է, որ կը գումարուի ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆԱԾՆԵՐՈՒ  ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՎՐԱՅ, եւ կը փտեցնէ անոր ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ:

            Հայապահպանումը լքուած ջրաղացի չախչախ է, եթէ ան որպէս բովանդակութիւն չունի հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը:

            Սփիւռքը հայ պէտք է պահել, որպէսզի ազգը ըլլայ մէկ, հայրենադարձութեամբ հայրենիքը բնակուի եւ տէր ունենայ: Անինքնութիւն դարձած ամբոխը, բախտաւոր պարագային կ’ըլլայ ՀԱՅԱՍԷՐ, ինչպէս մոլորակի այս կամ այն բնակիչը, որ բախտաւոր պարագային, երբ ջարդուինք, անտուն եւ անօթի մնանք, բարեսիրութեամբ իր խիղճը հանդարտեցնէ…

            Ազգային-քաղաքական իմաստութհամբ պէտք է գիտնալ, որ հայապահպանումը տիրացութիւն չէ, կիրակնօրեայ զբաղում եւ հանդէս չէ, այլ ազնիւ ազգային հայրենատիրական վերականգնումի քաղաքականութիւն:

            Իսկ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը ներսի եւ դուրսի հայ ժողովուրդին համար պէտք է ըլլայ իսկական հայրենասիրական նպատակ, օրակարգ: Հայկական կազմակերպութիւններ, միութիւններ, եկեղեցիներ, պետութիւններ, առանց ճապկումներու հաշուետու պէտք ըլլան ազգին առջեւ, եւ ըսեն թէ ի՞նչ ըրին եւ կ’ընեն հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի բնակեցման համար, քանի՞ հայու հայրենադարձութիւն ապահովեցին, ինչպէ՞ս նպաստեցին բնակչութեան աճին եւ հայրենի տարածքի բնակեցման: Այս ընել ո՛չ հայրենասիրական երգով յուզում է, ո՛չ ալ այս կամ այն թուականներու հպարտառիթ» առիթներով գեղեցիկ խօսքով գինովութիւն, որ կը յիշեցնէ Մեծն Շէքսփիրի ԵՍ հովահարող ԲԱԶՈՒՄ ԱՂՄՈՒԿ ՎԱՍՆ ՈՉԻՆՉԻն պաճուճող հանդէս կամ մրոտուող էջ: Ինքնապաշտպանութեան պատերազմ է հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը: Այդպէս ապրած, կանգուն մնացած եւ տեւած իրենց ուժը իրենց մէջ գտած ժողովուրդները:

            Սփիւռքը հայ պէտք է պահել որպէս ազգի եւ հայրենիքի ներկայի եւ վաղուան իրաւ յանձնառու տէր:

          Իսկ հայրենադարձութիւնը հեռանիստ սոսկ զգացումով տէրը կը դարձնէ իրաւ տէր:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles