Գլխաւոր

ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի սաները կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2010ին ելոյթ ունեցան յատուկ  յայտագրով:Ներկայ էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձուները, վարժարանի Խնամակալ Մարմինը, Հայ Օգնութեան »Մայր« Մասնաճիւղի Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամանդամուհիներ, հայրենակիցներ ծնողներ եւ բարեկամներ:

Տնօրէնուհի՝ Քրիստին Րիկըլհօֆ, բարի գալուստ մաղթեց եւ հրաւիրեց աշակերտները սրահ, որոնք, հայերէն եւ անգլերէն երգեցին, արտասանեցին եւ Ս. Ծննդեան առթիւ իրենց գրած արարէն տեսարաններ խաղացին:  Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան եւ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան շնորհաւորեցին մանուկները որոնք նաեւ գնահատուեցան ծնողներուն եւ ներկաներուն կողմէ իրենց բարձր կատարողութեան համար: Խանդավառ ու անհամբեր բոլորը կը սպասէին ձմեռ պապիին, ղօղանջներու հնչումներուն հետ համրաքայլ եկաւ Ան  եւ նուէրներով ուրախացուց  փոքրիկները£ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան »Մայր« Մասնաճիւղը եւս նուէրներով ուրախացուցին փոքրիկներուն:

Հիւրասիրութեամբ ներկաները բաժնուեցան վարժարանէն:

Ներկայ մը

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button