«Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ը՝ Ալիեւի երազած… Աթլանթիսը

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Երազային կղզի մըն է Աթլանթիսը. անունն իսկ կը մատնէ, թէ անիկա կապ ունի Ատլանտեան ովկիանոսին հետ։
Երազային կղզի՝ ցամաքամաս մըն է Աթլանթիսը, որուն մասին գրած է յոյն փիլիսոփայ Պղատոնը, իր «Timaeus and Critias» (Թիմէաս եւ Քրիթաս) գործին մէջ։ Այս գծով, հակիրճ եւ մասնակի բացատրութիւն մը: Պղատոն կը բացատրէ թէ տիեզերքն ու կառոյցները ինչպէս գոյութիւն առած են, ապա կը պատմէ առասպելական Աթլանթիսին մասին, որ ի վերջոյ կործանած է Աթէնքի դէմ պատերազմի հետեւանքով, անկէ բարոյական որոշ դասեր թելադրելով: Թէեւ հպանցիկ եղած է այդ երազային ցամաքամասին մասին ակնարկութիւնը, սակայն յաջորդ դարերուն, եւ մինչեւ օրս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է գոյութիւն չունեցող՝ երազային ցամաքամասը, մասնաւորաբար անոր խորհրդանշական իմաստը:
Ֆրանսիս Պէյքըն եւ Թոմըս Մոր աւելի մանրամասն երազանքներով եւ բացատրութիւններով խորասուզուեցան եւ նկարագրեցին անգոյ Աթլանթիսը։
Գանք մեր ժամանակները: Պաքուի բռնատէր Իլհամ Ալիեւն ալ, հաւանաբար ներշնչուած այդ երազային Աթլանթիսէն, կը խօսի իր երազներուն մէջ ձեւաւորուած հողաշերտի մը կամ բնակչութեան մասին, Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ։
Ըստ անոր՝ պատմական Հայաստանի հողերուն (հիմա արդէն՝ մնացորդին) վրայ ազերի ժողովուրդը դարաւոր ներկայութիւն ունեցած է: Աւելի՛ ծիծաղելին՝ դարերու ընթացքին, ազերիներու պապենական հողերուն վրայ հայերը ոչնչացուցած են Արեւմտեան Ատրպէյճանի պատմական յուշարձանները, հնութիւնները, գերեզմանները, մզկիթներն ու բնակավայրերը: Եւ սա՝ երկրի մը մասին, որ աշխարհի քարտէսին վրայ առաջին անգամ իր անունը արձանագրեց 1918-ին, այն ալ կիսկատար ճանաչումով…
Այս գծով, ու յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Պաքուի մէջ, Դեկտեմբեր 5-6-ին կազմակերպուեցաւ այսպէս անուանուած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի Բ․ միջազգային խորհրդաժողովը», նիւթ ունենալով«Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներու համար»: Միաժամանակ, կազմուած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի համայնքի իրաւունքները պաշտպանող միաւորներ, որոնք գրասենեակ կը բանան… Թուրքիոյ մէջ:
Պաքուի խորհրդաժողովին ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակցողներ, որոնք կը ներկայացնէին յիսունէ աւելի երկիրներ. բոլորը հիւրն էին Պաքուի, որ անկասկած լաւապէս գոհացուցած էր զանոնք՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ «բարոյապէս»…։
Մասնակցողներու կարգին, յատկապէս յիշատակելի է «շրջանի աշխարհաքաղաքական վերլուծաբան»՝ փաքիստանցի Խալիտ Թայմուր Աքրամը, որ ամէնա՜յն հմտութեամբ եւ ճշգրտութեամբ կատարած է… Ալիեւի հրահանգները, պատրաստելով ստուար թղթածրար մը։
Ըստ համագումարէն բխած զեկուցումներուն, վերջին դարաշրջանին, հազարաւոր ազերիներ բռնի ուժով տեղահանուած են Հայաստանէն, յատկապէս 1918-21, 1948-53 եւ 1987-91 տարիներուն։
Ժողովը նաեւ կը հաստատէ, թէ Հայաստան միշտ ալ կրաւորական դիրք բռնած է եւ արտօնութիւն չի տար, որ «Եունեսքօ»-ի յատուկ յանձնախումբ մը փաստահաւաք կատարէ, աւելի՛ն՝ յատուկ առաքելութիւն մը ղրկէ եւ վերահսկէ «ազերի ժողովուրդին պատկանող պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման իրողութիւնը»։
Իբրեւ հայորդի, կամ մինչեւ իսկ պատմութեան եւ մշակոյթին մօտէն թէ հեռուէն ծանօթ բանական արարած՝ իրաւունք ունինք առնուազն ցասում ու ընդվզում արտայայտելու։
Արցախի մէջ մօտիկ անցեալին պատահածը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ։ Դեռ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ կատարուած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» Ե․ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛Պրայըն պաշտօնապէս շեշտած էր, թէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ, ցեղասպանութի՛ւն, որոնք բոլորն ալ տեղի ունեցած են տարբեր պարունակներու մէջ եւ երբեմն ալ՝ տարբեր ժամանակներու, եւ մա՛նաւանդ գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան դէմ։
Արցախահայութեան բռնի ուժով տեղահանման օրերուն, յիշատակելի էր «Եունեսքօ»-ի այցելուներու առաքելութիւնը, որոնցմէ մաս մը հաւանաբար 5-6 Դեկտեմբերին, Պաքուի միջազգային ժողովի մասնակիցներ էին եւ․․․ արտասաովոր բան չնկատեցին։ Անոնք մինչեւ օրս ալ չեն տեսներ, թէ Արցախի մէ՛ջ է, որ անվիճելիօրէն հայկական յուշարձաններ, կոթողներ եւ սրբատեղիներ կը քանդուին, կ’այլափոխուին։
Կը խօսուի հայ հասարակութեան մէջ «ազերի ժողովուրդին նկատմամբ արմատացած ատելութեան, առասպելական եւ երազային Մեծ Հայաստանի» մասին. կայ անշուշտ այլ հին յանկերգ մը, թէ՝ Հայաստանի սահմանադրութեամբ, տակաւին անփոփոխ կը մնան Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջները:
Իրենց լոյս ընծայած հաղորդագրութեան աւարտին, ուխտելով՝ թէ «արեւմտեան ատրպէյճանցիները» պիտի վերադառնան իրենց հողերը, նոր Աթլանթիս մը երազողները կը պնդեն, թէ Հայաստանի կողմէ շրջանի պատմութիւնն ու մշակութային տարածքը խեղաթիւրելուն եւ վերաշարադրելուն ուղղուած աւերիչ գործողութիւնները անհանդուրժողականութեան եւ ցեղապաշտութեան դրսեւորումներ են։
Արդեօք արդարարութիւն մնացա՞ծ է։
Իսկ եթէ մնացած է՝ թքե՛ր եմ ես քու կեղտոտ ճակատին, կը յուշէ մեծ բանաստեղծը՝ Սիամանթօ։
Հայուն իրաւունքն է խորտակել բոլոր նոր Աթլանթիսներու բոլոր երազները: Երբ իշխանաւորերը կը մնան լուռ, կրաւորական եւ թշնամիին աղաղակող մեղսակից, աշխարհասփիւռ հայութիւնը հոս ալ գործ ունի ընելիք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles