ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 25ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ուաթըրթաուն, Մաս. Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի 25ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Պոսթընի Ռընէսանս պանդոկին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Արքեպիսկոպոս Օշական Չօլոյեանի եւ ներկայութեամբ 350է աւելի բարեկամներու եւ զօրակիցներու: Ձեռնարկը գոյացուց շուրջ 150.000 տոլար: Օրուայ հանդիսավարն էր Տօքթ. Աւագ Գահվէճեան, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Ռուզան Աբրահամեանը:
Օրուայ բանախօս՝ Թաֆթց համալսարանի Խնամակալ Տօքթ. Ճոյս Պարսամ, յայտնեց թէ «Այն քաղաքակրթութիւնները եւ մշակոյթները որոնք յաջողած են իրենց ինքնութիւնը պահել, անոնք են որ կրցած են իրենց արժէքները, սովորութիւնները հաւատամքը եւ մանաւանդ իրենց լեզուն փոխանցել յաջորդ սերունդին: Մեր եկեղեցիները, մեր կազմակերպութիւնները պէտք ունին մեր լեզուն եւ պատմութիւնը ճանչցող անձերու: Միակ ձեւը այս նպատակին հասնելու համար մեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովելն է»:
Ան աւելցուց ըսելով «Անգին նուէր է, որ Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը կու տայ մեր զաւակներուն, սնուցիչ մթնոլորտ մը, ուր անոնք կը ստանան երկլեզուեան պատրաստութիւն, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց անհատապէս, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքին: Որքան բախտաւոր ենք, որ մեր շրջանին մէջ օրինակելի այս հաստատութիւնը: Մեր բոլորի պարտականութիւնն է օժանդակել այս դպրոցին, որը մեր համայնքի զաւակներուն համար հիանալի հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն մըն է»:
Անցնող 25 տարիներու վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով վարժարանի տնօրէնուհին, տիկին Հուրի Պոյամեան ըսաւ «Պոսթընի մէջ շատերուն երազը եղած է Ազգային Վարժարան մը ունենալը: Այս երազը իրականացաւ երբ Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, գլխաւորութեամբ Տէր Թորգոմ Աւագ քհնյ. Յակոբեանի եւ կարգ մը նուիրեալ ազգայիններու 1984ին, Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ բացաւ դռները Սբ. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանին: Բարձր կը գնահատեմ աշխատանքը հիմնադիր, առաջին խնամակալութեան, որուն մաս կը կազմէին Երուանդ Գրաֆեան, Ժիրայր Ղարիպեան, Միսաք Պարսումեան, Արփի Տէյվիս եւ Արաքսի Խանճեան: Բարձր կը գնահատեմ նաեւ զոհողութիւնը այն առաջին ծնողներուն, որոնք հաւատքով իրենց զաւակներու դաստիարակութիւնը յանձնեցին նորաստեղծ այս դպրոցին: Ութը աշակերտներով սկսած վարժարանը այսօր դարձած է փայլուն յաջողութիւններու արձանագրած, գնահատելի դիրք մը վայելող դաստիարակչական հաստատութիւն մը, ինչպէս նաեւ գաղութի հպարտանքը:
Քսանհինգամեակի առիթով մասնաւոր շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել բոլոր Խնամակալութիւններուն, Կրթական Մարմիններուն, Ծնողական Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին հաւատքով եւ յարաճուն կամքով օժանդակեցին դպրոցին անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին:
Գնահատանքի ջերմ խօսք ունիմ մեր ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին, որոնք կը կազմեն դպրոցի գլխաւոր հարստութիւնը: Շնորհիւ անոնց նուիրումին եւ հաւատքին է, որ Սբ. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը ծաղկած եւ բարգաւաճած է:
Այժմ այս վարժարանը ոչ միայն հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան տունն է, այլ նաեւ հայ ծնողները եւ համայնքի բոլոր հատուածները իրար միացնող կապը եւ գաղութին ազգային գոյատեւման սատարող գլխաւոր ազդակներէն մէկը:
Այսօր աւելի քան երբեք վարժարանը պէտք ունի գաղութիս օժանդակութեան, որ շարունակէ միշտ բարձր պահել իր ուսման մակարդակը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մատչելի դարձնէ աւելի մեծ թիւով հայ աշակերտներու:
Միացեալ ուժերով սկսուած աշխատանքը շարունակենք միասին, օժտելու համար մեր վարժարանը նոր յարմարութիւններով:
Ներկայէն անցնելով ապագային, աշխատինք նաեւ մեր նախակրթարանը դարձնել բարձրագոյն ուսման կեդրոն, ուր պատրաստուին վաղուան մեր ղեկավարները: Յուսանք, որ հաւաքական ուժերով եւ յարաճուն աշխատանքով կ’իրականացնենք նաեւ այդ երազը»:
Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Օշական Չօլոյեան պատուեց տիկին Անահիտ Ճուպանեանը Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց մետալով, իր ընդամէնը 45 տարիներու նուիրական ծառայութեան համար, որոցմէ 25ը Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանէն ներս: Ապա Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետուհին՝ Սիրան Գորմիր եւ տիկին Պոյամեանը յուշանուէրներ տուին ձեռնարկի գլխաւոր նուիրատուներու եւ յայտագրի վերջաւորութեան Շրջանաւարտից Միութենէն հինգ ներկայացուցիչներ կատարեցին 25ամեակի մոմավառութիւնը:
Յայտագրի պաշտօնական բաժնէն ետք, ներկաները խանդավառուելով ձեռնարկի յաջողութենէն պարեցին մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը, Գէորգ Արթինեան նուագախումբի ընկերակցութեամբ: