Այլազան

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ… ՀԱՄԱԴԱՄ ՃԱՇԵՐ

Խոհարար Գրիշա Անտինեանը, այս օրերուն բազմազբաղ է:

Ան պատասխանատուներէն մէկն է «Հայ Խոհարարական Աւանդոյթներու Պահմպանման եւ Զարգացման հիմնարկ»ին:

Տարիներ շարունակ գործած Մոսկուայի եւ Վիլնիուսի մէջ, ան մեծ նուիրումով եւ գուրգուրանքով կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Գրիշայի պատրաստած ճաշերը համեղ են…գաղտնի՞քը:

Պէտք է գիտնալ գործածել երեք համեմներ՝ հոգի, սէր եւ ժպիտ :

*

Ամանորի առթիւ, սեղանին վրայ անպակաս է այդ քաղցրահամ շարիկը «սուճուխ», որոնց մասնագէտները Աշտարակի բնակիչներն են:

Վարժապետեանները, կը պատկանին այդ փաղանգին:

Անոնք մեծ եռանդով, գործի լծուած կը պատրաստեն խաղողի օշատրակով, ընկոյզով եւ զանազան համեմներով պատրաստուած

անուշեղէնը, որ ոչ թէ միայն ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ, այլ ընդհանրապէս միշտ ալ տեղ կը գրաւէ սեղաններուն վրայ:

«Հայրենիք»

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button