Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 3-րդ լիագումար նիստը գումարեց 9-13 Յունուար 2024-ին, իր գրասենեակէն ներս (Պոսթըն- Ա․Մ․Ն․), որու ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան միութեան՝ քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները:
Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:
Հիմնուելով նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած Արցախահայութեան առնչուող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը, Կեդրոնական Վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ Արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:
Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, Արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը լիագումարի ընթացքին առիթ ունեցաւ հանդիպելու Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ ընկեր Խաժակ Մկրտիչեանի հետ՝ ներկայութեամբ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Հ.Օ.Մ.-ի կապ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեանին:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով ու որոշումներով՝ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխուժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով, վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը։
Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ