ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՆԳՆԵՐԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second


Ա.Ա.

Ռուսիոյ հարաւային կովկասեան քաղաքականութիւնը բաւական լուրջ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։ Մոսկուայի իրերայաջորդ իշխանութիւնները, որոնք աւելի քան երեսուն տարի մեծ ճիգ թափած էին վարելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ հաւասակաշռուած քաղաքականութիւն մը՝ առանց մէկը միւսէն աւելի նախընտրելու, այսօր աւելի քան կը թեքին Ատրպէյճանի կողմը, որուն հետ կը թուի,թէ քուլիսային համաձայնութիւններու երկար շարք մը գոյութիւն ունի։ Ամենէն յատկանշականը այն է, թէ Արցախի հայաթափման վերաբերեալ Մոսկուայի վարած պիղատոսեան քաղաքականութեան դիմաց, Ատրպէյճան որոշած է պնդել, թէ համաձայն է, որ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող ցամաքային կապին հսկողութիւնը ստանձնեն ռուսական մաքսային ուժերը, բան մը, որ կտրականապէս կը մերժուի Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ռուսիա ամէն գնով կ՛աշխատի իրեն համար կեդրոնական ազդու դերակատարութիւն մը ապահովել Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր բաւական տկար դիրքեր ունեցող Հայաստան ամէնէն յարմար դաշտն է, ուր կարելի է ռուսական սահմանապահ ուժերուն եւ ռուսական ուժերու Գիւմրիի կեդրոնատեղիին կողքին ապահովել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կեդրոնական ուղիի մը վերահսկողութիւնը։
Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ ցամաքային կապին վերաբերեալ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա ունին զիրար հակասող կեցուածքներ եւ դիրքորոշումներ։ Ատրպէյճանցիները յամառօրէն կը պնդեն այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի մը վրայ՝ յղում կատարելով Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ գործածուած «անխոչընդոտ տեղաշարժ» եզրին վրայ, զայն թարգմանելով իբրեւ միջանցքի տրամաբանութեան ուժեղ դրսեւորում մը։
Հայկական կողմին կեցուածքը ամբողջութեամբ կը տարբերի ատրպէյճանական դիրքորոշումէն։ Պաշտօնական Երեւան կը շեշտէ, որ արտատարածքային ուղիի տրամաբանութեամբ կարելի չէ յառաջընթաց արձանագրել՝ պնդելով,որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու մէջ ստեղծուելիք բոլոր անցքերը պիտի ըլլան եւ գործեն հայկական վերահսկողութեան տակ։
Ռուսիոյ դիրքորոշումը բաւական հետաքրքրական է։Իր արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի բերնով Մոսկուա ի վերջոյ յստակացուց եւ հաստատեց, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ միջանցքի մը ստեղծման մասին խօսք չկայ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ պնդեց,որ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ շատ յստակ կերպով նշուած է, թէ ցամաքային կապը, որ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն պիտի միացնէ, պիտի ըլլայ ռուսական մաքսային ուժերու վերահսկողութեան տակ, բան մը, որ կտրականապէս կը մերժուի Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Ռուսիա, որ ներկայիս կը դիմակալէ միջազգային ճակատ մը՝ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով, ամէն գնով կը ջանայ հարաւային կովկասեան իր քաղաքականութիւնը յարմարեցնել այնպիսի կացութիւններու եւ իրավիճակներու, ուր շահողը պիտի ըլլայ ռուսական կողմը։ Ասիկա բացայայտ իրականութիւն է եւ երբ Մոսկուա իր դիրքը կը շարունակէ ամրապնդել հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական խճանկարին մէջ կարեւոր անկիւններ եւ հիմնաքարեր տեղաւորելու ճամբով, ամէն բանէ առաջ ի մտի ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սերտ կապերը առաւել ամրապնդելու ընտրանքը, որպէսզի դէմ դնէ միջազգային մեկուսացման մը՝ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններու սերտացմամբ։ Իսկ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն այսօրուան իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ ռուսերուն նախընտրութիւնը կ՛երթայ այն կողմին,որ համաձայն կը գտնուի Հայաստանէն անցնելիք փոխադրութեան ուղիին վրայ ռուսական վերահսկողութեան։Ասիկա առանձնապէս գործադրելի է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ կապուղիին համար, որուն նկատմամբ ռուսեւատրպէյճանական համաձայնութիւն մը կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ Հայաստանի համար։ Երեւանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան չափորոշիչներուն մէջ այս հանգամանքը լրջօրէն պէտք է նկատի առնուի, որպէսզի Մեղրին զոհ չերթայ պոլշեւիկեան – աթաթուրքեան ճակատին նմանողութեամբ ռուսեւթրքական նոր ճակատի մը ընտրանքին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles