Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second
Առաջին շարք ձախէն աջ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Վեր. Դոկտ. Սամուէլ Ալպարեան: Երկրորդ շարք ձախէն աջ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Վեր. Յովել Միքայելեան, Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, Վեր. Ալպէրթ Փայտեան, Վեր. Կալվին Սաղըրեան:
Նկարէն կը բացակային՝ Տիկ. Ճօյս Փիլիպոսեան Սթայն, Դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան. Վեր. Աւետիք Խաչատրեան։

 

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր տարեկան ժողովը գումարեց Մոնրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 17-18-ին: Ժողովը նիստի կոչեց ՀԱՀԽ-ի Նախագահ՝ Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան կարճ պատգամով եւ աղօթքով: Խորհուրդը իր յարգանքի տուրքը ընծայեց նորոգ հանգուցեալ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանին:
  Դիւանի եւ Խորհուրդի անդամներու բերանացի եւ գրաւոր տեղեկագրութիւններէն ետք, քննարկուեցան օրակարգի վրայ գտնուող կէտերը, որոնց համապատասխան որոշումներ տրուեցան:
Մասնաւոր խորհրդածութեան առարկայ դարձան Արցախի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
ՀԱՀԽ-ը ցաւով նշեց, թէ Արցախի եւ Հայաստանի անկախութեանց հռչակումէն աստին, այս տարի, 2024 Սեպտեմբերին առաջին անգամն է, որ հայութիւնը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը տօնեց, որովհետեւ 2023-ի Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան զէնքի բիրտ ուժով գրաւեց Արցախը:
Սեպտեմբեր 2023 թուականին Արցախ հայաթափուեցաւ եւ անոր բնակչութիւնը ապաստան գտաւ Հայաստանի մէջ: Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ եւ եկեղեցապատկան կազմակերպութիւններ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միջոցաւ, օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախի հայ գաղթականներուն:
Աւելի քան տարի մը անցած է Արցախի արտագաղթէն եւ դեռ անորոշ է գաղթականներու ապագան: Մէկ բան որոշ է, որ շատ Արցախահայեր կը բաղձան վերադառնալ իրենց հայրենի տուները՝ միջազգային ապահովութեան երաշխիքի պայմաններով:
Խորհուրդը նաեւ խօսեցաւ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ գերի առնուած կալանաւորներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ ազերիներու կողմէ Արցախի հայկական մշակոյթին եւ կրօնական վայրերու կործանման մասին:
Խորհուրդը որոշեց կոչ ընել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային հասարակութեան, որպէս զի ազդեցիկ միջոցներ ձեռք առնեն ի գործ դնելու հետեւեալները.-
ա.- Երաշխաւորել ապահով վերադարձը Արցախահայութեան իրենց հազարամեայ  հայրենիք Արցախին.
բ.- Ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած պատերազմական եւ քաղաքական գերիները.
գ.- Արգիլել կործանումը հայկական մշակոյթի կեդրոններուն եւ սրբատեղիներուն.
դ.- Արգիլել ապագայ կարելիութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման:
Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմը, յատկապէս Լիբանանի տարաշրջանի վրայ կատարուած Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները, որուն հետեւանքով օրէ օր կ’աւելնան թիւերը մարդկային զոհերուն, ինչքերու կորուստին եւ անտուն գաղթականներուն: Խորհուրդը կը դատապարտէ այս ամէնը եւ կ’աղօթէ շուտափոյթ զինադադարի մը հռչակումին: Խորհուրդը նաեւ իր գնահատանքը կը յայտնէ տարաշրջանի Հայ Աւետարանական ղեկավարութեան ցուցաբերած քաղաքական իմաստութեան, շրջահայացութեան եւ կարեկցութեան ոգիին՝ տիրող տագնապալի կացութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներկայ կացութեան, գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ է եւ արտաքին ու ներքին ճնշումներու ենթակայ: Անտարակոյս, Հայաստանի ներկայ վարչակարգի նկատմամբ տեսակէտներու տարբերութիւններ կան: Խորհուդը կը հաւատայ թէ վարչակարգերը վաղանցուկ են, կուգան ու կերթան, բայց հայրենիքը մնայուն իրականութիւն է: Ամէն հայու սրբազան պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ հայրենիքին եւ պաշտպանել զայն սպառնացող վտանգներու դէմ:
ՀԱՀԽ-ի Ժողովը վերջ գտաւ Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի  փակման խօսքով եւ աղօթքով:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles