Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛օգտագործէ  Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը. «Շատ Քիչ Է …Եւ Շատ Ուշացած»

0 0
Read Time:4 Minute, 2 Second

Յարութ Սասունեան

Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քաց, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշեցում կատարած է նախագահ Էրտողանի, այն բանէն ետք, երբ թուրք ղեկավարը աջակցած է Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան բողոքին՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան), նշելով, որ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է պաղեստինցիներու դէմ, Կազայի մէջ:

Յունուար 12-ին, արտաքին գործոց նախարար Քաց իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է. «Իր անցեալին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն ունեցող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ներկայիս կը պարծենայ՝ անհիմն պնդումներով թիրախաւորելով Իսրայէլը։ Մենք կը յիշենք հայերը եւ քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է: Մենք կը պաշտպանուինք ձեր բարբարոս դաշնակիցներէն, ոչ թէ կ՛ոչնչացնենք զանոնք»:

Իսրայէլ-Համաս պատերազմի աւելի լայն համաթեքսթի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը Իսրայէլի կողմէ՝ Թուրքիան քննադատելու համար, շարք մը կարեւոր հարցեր յառաջ կը բերէ: Տասնամեակներ շարունակ մերժերով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յանկարծ յիշած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, երբ այդ համապատասխանած է իր երկրի շահերուն: Ահա՛ իմ մեկնաբանութիւնները անոր  թուիթըրեան գրառման մասին.

 

1) Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը չի կրնար պաշտօնական ճանաչում նկատուիլ, որ կրնայ պատահիլ միայն այն պարագային, երբ Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

2) Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ իսրայէլցի նախարար մը կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Նախկին իսրայէլցի երեք այլ նախարարներ նման յայտարարութիւններ ըրած են ճանաչման մասին, երբ կը ծառայէին կառավարութեան մէջ։

– Կրթութեան նախարար Եոսի Սարիտ 24 Ապրիլ 2000ին յայտարարեց. «Ես կը միանամ ձեզի, հայ համայնքի անդամնե՛ր, ձեր Յիշատակի օրը, երբ կը նշէք ձեր Ցեղասպանութեան 85-րդ տարելիցը: Ես հոս եմ ձեզի հետ՝ որպէս մարդ, որպէս հրեայ, որպէս իսրայէլցի եւ որպէս Իսրայէլ պետութեան կրթութեան նախարար»։

– Արդարադատութեան նախարար Եոսի Պէյլին 24 Ապրիլ 2000-ին յայտարարեց. «Տեղի ունեցածը չի կրնար այլ կերպ որակուիլ, բացի ցեղասպանութենէն: Մէկուկէս միլիոն մարդ անհետացաւ։ Այդ անփութութիւն չէր, այդ կանխամտածուած էր»: Աւելի կանուխ՝ 1994ին, զբաղեցնելով արտաքին գործերու  փոխ նախարարի պաշտօնը, Պէյլին նման յայտարարութիւն ըրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

– Ներգաղթեալներու ներգրաւման հարցերով  նախարար Եայիր Ցապան, 1995ին մասնակցած է Իսրայէլի մէջ հայ համայնքի յիշատակի օրուան արարողութիւններուն եւ յորդորած՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

3) Այսուամենայնիւ, Իսրայէլի Քնեսեթը վերջին տասնամեակներու ընթացքին քանի մը անգամ փորձած է ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ։ Ամէն անգամ Իսրայէլի կառավարութիւնը արգելափակած է բանաձեւը՝ Թուրքիոյ հաճոյանալու համար։

4) Անընդունելի է, որ Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը օգտագործէ որպէս սակարկութեան առարկայ՝ Թուրքիոյ հետ իր խնդրայարոյց յարաբերութիւններուն մէջ։ Իսրայէլ պետութիւնը՝ որպէս Հոլոքոսթէ փրկուած ժողովուրդ, պէտք է ըլլար առաջին երկիրը, յուսանք՝ ոչ վերջինը, որ ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

5) Նոյնքան անընդունելի են Իսրայէլի կառավարութեան արդարացումները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար։ Երբ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են, իսրայէլցի պաշտօնեաները կ՛ըսեն. «Մենք չենք ուզեր փճացնել մեր լաւ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով»: Իսկ երբ յարաբերութիւնները վատ են, ինչպէս հիմա, Իսրայէլ կը յայտարարէ. «Մենք չենք ուզեր աւելի վատթարացնել մեր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Իսրայէլ այսպիսով արատաւորած է իր համբաւը միջազգային հանրութեան շրջանակի մէջ՝ որպէս Ցեղասպանութիւնը ժխտող:

6) Հակառակ Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրող յառաջատար ձայներէն են եղած անհատ հրեաներ. Հենրի Մորկընթաու, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան (1913-1916), Ֆրանց Վերֆել, աւստրիացի հրեայ արձակագիր, «Մուսա լեռան քառասուն օրը» գիրքի հեղինակ, Ռաֆայէլ Լեմքին, լեհ հրեայ իրաւաբան, որ յօրինած է «ցեղասպանութիւն» եզրը, Ռուվըն Ռիվլին, Իսրայէլի նախկին նախագահը, երբ ան Քնեսեթի նախագահն էր, փրոֆեսըրներ Իսրայէլ Չարնի, Եայիր Օրըն, Եհուտա Պաուըրը եւ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Ուիզըլ։

7) Տարիներ շարունակ եւ վերջերս Էրտողան շատ կոպիտ բառեր օգտագործած է Իսրայէլի կառավարութեան եւ վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուն վիրաւորելու համար՝ զայն  նմանցնելով Հիթլերին եւ մեղադրելով՝ որպէս «ռազմական յանցագործ եւ ահաբեկիչ», որ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ ընդդէմ պաղեստինցիներու։ Այսուամենայնիւ, ինչպէս անցեալ պատերազմներուն, երբ ներկայ ճգնաժամը աւարտի, Իսրայէլ եւ Թուրքիա կը վերադառնան իրենց սիրային նախկին յարաբերութիւններուն: Նոյնիսկ թշնամական ներկայ սուր իրավիճակի մէջ, երկու երկիրները կը շարունակեն իրենց միլիառաւոր տոլարներու առեւտուրը, հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը եւ զբօսաշրջութիւնը:

8) Արեւմտեան Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները, անտեսելով Թուրքիոյ ղեկավարին չարագործութիւնները ՆԱԹՕ-ի ներսը եւ անոր ռազմական վարքագիծը՝ տարածաշրջանային քանի մը պատերազմներու մէջ, այնքան շփացուցած են Էրտողանը, որ գիտէ, թէ կրնայ  անպատիժ դուրս գալ այդ բոլորէն, ինչ որ կ՛ուզէ կ՛ընէ՝ առանց որեւէ հետեւանքի: Տակաւին 2010ին, երբ թրքական մարդասիրական նաւատորմը կը մօտենար Կազային՝ ճեղքելու համար Իսրայէլի շրջափակումը, Իսրայէլի զինուորականները յարձակեցան թրքական նաւի վրայ՝ սպաննելով տասը թուրքեր։ Ատկէ ետք Նեթանեահու ներողութիւն խնդրեց Էրտողանէն եւ 20 միլիոն տոլար փոխ հատուցում վճարեց զոհերու ընտանիքներուն։

9) Եթէ նոյնիսկ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդը չի մոռնար միլիառաւոր տոլարներու մահաբեր զէնքը, որ Իսրայէլ ծախեց Ատրպէյճանի՝ արցախեան պատերազմի ժամանակ, հազարաւոր հայ զինուորներ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար: Ցնցիչ իրողութիւն է, որ նոյնիսկ Իսրայէլ-Կազա պատերազմի ընթացքին Իսրայէլ կը  շարունակէ արդիական յաւելեալ զինամթերք ծախել Ատրպէյճանի, որովհետեւ տեսնուած են ատրպէյճանական քանի մը բեռնատար ինքնաթիռներ, որոնք Իսրայէլէն դուրս եկած են զէնքերով բեռնաւորուած։

«Իսրայէլ Հայոմ» թերթը  Յունուար 14-ին հրապարակած է Նատաւ Շրակայի յօդուածը՝ «Հիմա՛ ճանչցէք Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերնագրով։ Հեղինակը համարձակօրէն գրած է. «Իսրայէլի կառավարութեան  կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումը բարոյական բացայայտ սնանկութեան ակնյայտ դէպք է»:

Տակաւին 1989-ին, երբ Նեթանեահու արտաքին գործերու փոխ նախարար էր եւ դեռ չէր կորսնցուցած իր բարոյական նկարագիրը, ըսած է. «Կան հարցեր, որոնք դուրս են քաղաքականութենէն եւ դիւանագիտութենէն։ Ցեղասպանութիւնները այս դասին պատկանող վառ օրինակ են»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles