ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏ․- «ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

 

Շաբաթ, Յունուար 6-ին, Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ(Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը նշեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօները։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, բարձր կարգի աշակերտները Սուրբ Խորանին առջեւ արտասանեցին «Հաւատամք»-ը։ Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, աշակերտներն ու աւելի քան 130 հիւրեր բարձրացան «Արամեան» սրահ, ուր ճաշկերոյթին յաջորդեց Կաղանդի հանդէսը։

Համատնօրէնուհի Ճուն Մանկասարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան բացման աղօթքը կատարեց։ Համատնօրէնուհի Լալա Աթթարեան ընդգծեց վարժարանիս 90-ամեայ գործունէութիւնն ու հայ կրթօճախի հիմնական դերակատարութիւնը մեր ներկայ գոյատեւման պայքարին մէջ։ Ան նաեւ նշեց, թէ աշակերտները իրենց անմիջական ներդրումը ունեցած են արցախահայութեան դրամահաւաքի ծրագիրներուն մէջ։ Այս վերամուտին սկիզբ առած է «Նոր Ուղի»  (Արարատի մարզ, Հայաստան) միջնակարգ վարժարանին եւ «Մուրատ» ազգային վարժարանի միջեւ «Քոյր դպրոց» ծրագիրը։

Ապա, խօսք առաւ վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Յակոբ Խաչատուրեան, որ շեշտեց գաղութիս ներդրումն ու գործունէութիւնը հայ կեանքէն ներս եւ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2024 տարուան «Մարդուժի պատրաստութեան տարի» հռչակագրին։ Ան ներկաները հրաւիրեց ներկայ գտնուելու վարժարանի 90-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլին։

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մաս կը կազմէին երգեր եւ դաշնակի կատարում, ղեկավարութեամբ Ռաֆֆի Ռշտունիի։ Աշակերտութիւնն ու ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան եւ ստացան իրենց նուէրները։ Ամանորեան խանդավառ մթնոլորտը վերջ գտաւ Տէր Հօր գնահատական խօսքերով եւ փակման աղօթքով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles