ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌՈՅՑԻՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

Յունուար 12-16-ին, Ռուսաստանի մայրաքաղաք Մոսկուա այցելեցին «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանն ու Արտաշէս Շահպազեանը: Այցի նպատակն էր անմիջականօրէն ծանօթանալը «Համազգային»-ի Ռուսաստանի կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ ռուսահայ համայնքներէն ներս «Համազգային»-ի կրթական եւ մշակութային ծրագրերու տարածման ու զարգացման հնարաւորութիւններուն։

Յունուար 13-ին «Համազգային»-ի Մոսկուայի գրասենեակին մէջ կայացաւ «Համազգային»-ի շրջանի հաշուետու-֊ընտրական ժողովը։

Քննարկուեցաւ ընթացաւարտ վարչութեան երկու տարուայ գործունէութիւնը, նախանշուեցան յառաջիկայ կատարուելիք աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները։ Ներկայացուած առաջարկները ձեւակերպուեցին որպէս ժողովի բանաձեւումներ, որոնք կը լրացնեն եւ կ’ամբողջացնեն առաջիկայ երկու տարուայ գործունէութիւնը։

Ժողովը ընտրեց կառոյցի վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝ Աշոտ Մկրտչեան, Բալիկ Գալէմքերեան, Արթուր Փայտեան, Ծաղիկ Մկրտչեան եւ Շուշանիկ Դաշեան։

Յունուար 14-ին՝ Կիրակի օրը, Զաքար Քէշիշեան եւ Արտաշէս Շահպազեան, «Համազգային»-ի Ռուսիոյ կառոյցի ատենապետ Արթուր Փայտեանի ուղեկցութեամբ, այցելեցին «Համազգային»-ի կիրակնօրեայ Համօ Օհանջանեանի, Սօս Սարգսեանի եւ Լեւոն Շանթի անուան երեք դպրոցները։

Կեդրոնական վարչութեան ընկերները ծանօթացան դպրոցներու ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ, մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան դասաւանդուող առարկաներու, դասագրքերու, ուսուցման մեթոտներու, տարիքային խումբերու, լսեցին երեխաներուն, հանդիպեցան ծնողներու հետ եւ իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն ուսուցչակազմի հետ։

Յատկանշական ու շատ յուզիչ էին թէ՛ Արտաշէս Շահպազեանի անմիջական ու ոգեւորող խօսքը, եւ թէ Զաքար Քէշիշեանի սրտառուչ ու զուլալ կատարումները՝ շուիով, որ երեխաներուն համար հաճելի անակնկալ էր։

Յունուար 15-ին, Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցուոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ուսանողներու, համայնքային եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

Քննարկուեցան զանազան նիւթեր, որոնց կարգին՝ հայապահպանութիւն, հայոց լեզուին եւ հայ մշակոյթին առնչուող տարաբնոյթ հարցեր։ Նաեւ, անդրադարձ եղաւ «Համազգային»-ի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան դերին եւ նշանակութեան՝ Սփիւռքի կրթութեան եւ մշակոյթի միջոցաւ հայի ինքնութիւնն ու ազգային հոգեկերտուածքը, մշակութային ժառանգութիւնն ու արժէքները պահպանելու 95-ամեայ փորձառութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles