Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջեց

0 0
Read Time:36 Second

ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը, որ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանական զօրքերու եւ անոնց դաշնակիցներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ` ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին` ռազմական ճանապարհով: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Արցախի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները, կոչ կ՛ուղղէ հեռացնելու Ատրպէյճանը Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէէն, կարեւոր կը նկատէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծումը եւ գործուղումը Արցախ` մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկուցում պատրաստելու համար:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles